Վարչապետին Որոշումով՝ Հայկական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Գործուղուի Ատրպէյճան

Վարչապետին Որոշումով՝ Հայկական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Գործուղուի Ատրպէյճան

04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 3 Դեկտեմբերին ստորագրեց որոշում մը, որուն համաձայն, 4-7 Դեկտեմբերին հայկական պատուիրակութիւն մը պիտի գործուղուի Ատրպէյճան՝ Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա միջազգային երթեւեկի միջանցքի (ՏՐԱՍԵԿԱ) Միջկառավարական յանձնաժողովի 14րդ նստաշրջանին եւ կառոյցի 20ամեակին նուիրուած ժողովին մասնակցելու նպատակով:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Արմէն Սիմոնեան, նոյն նախարարութեան ինքնաշարժներու երթեւեկի քաղաքականութեան վարչութեան թեքնիք քաղաքականութեան բաժինի պետ Արման Կարապետեանն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի քաղաքականութեան ու զարգացման համագործակցութեան վարչութեան խորհրդական Արտեմ Ազնաւուրեան:

Նշուած է, որ գործուղման ճանապարհածախսը պիտի հոգայ ՏՐԱՍԵԿԱի քարտուղարութիւնը, իսկ կեցութեան եւ օրապահիկին ծախսերը՝ Հայաստանը։

Յիշեցնենք, որ 17-21 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու խումբերու փոխադարձ այցելութիւն։ Աւելի վաղ՝ 22 Սեպտեմբեր 2017ին Ատրպէյճան այցելեցին Ազգային ժողովի այն ժամանակ դեռ պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանն ու գործող պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանը: Պաքուի մէջ անոնք մասնակցեցան «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին։

asbarez.com/arm/358869/Վարչապետին-Որոշումով՝-Հայկական-Պատո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail