Քրիստինէ Վարդանեան Նախարար Յարութիւնեանին Յանձնեց 3 Դեկտեմբերին Ցուցարարներուն Հրապարակած Հրաժարականի Պահանջը

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան

Քրիստինէ Վարդանեան Նախարար Յարութիւնեանին Յանձնեց 3 Դեկտեմբերին Ցուցարարներուն Հրապարակած Հրաժարականի Պահանջը

05 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան երէկ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրինագիծի քննարկման ընթացքին` խօսքը նախարարին ուղղելով, ըսաւ. «Յոյս ունիմ` երէկ հանգիստ քնացաք, որովհետեւ հարցեր քննարկելու պահանջով այստեղ եկած ուսանողներէն 24-ը յայտնուեցան բանտը»:

Քրիստինէ Վարդանեան նախարարին յանձնեց 3 դեկտեմբերի ցոյցին ընթացքին ցուցարարներուն հրապարակած հրաժարականի պահանջը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ չ՛ուզեր քաղաքական շահարկումներ ըլլան` նկատի առնելով, որ ինք կուսակցական է` աւելցնելով, որ վերջին շրջանին նման վատ գործելաոճ որդեգրուած է. «Եթէ կան հարցեր, ապա դուք գիտէք հասցէատէրերը»: Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու անկախութեան մասին խօսելով` Վարդանեան ըսաւ, որ եթէ նախարարութիւնը ատիկա կը փափաքի կատարել, ապա ինչո՛ւ այդ հաստատութիւններու կառավարման խորհուրդներուն մէջ նախարարութեան կողմէ նշանակուող մարդոց թիւը կ՛աւելնայ:

Զօրակցութիւններ` ՀՅԴ ՀԵՄ-ին

3 դեկտեմբերին ոստիկանական ուժերուն կողմէ խաղաղ ցոյց կատարող ՀԵՄ-ականներուն նկատմամբ բանեցուած բռնութիւնը, բիրտ վերաբերումը, ինչպէս նաեւ յանուն ազգային կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման պայքարի ելած երիտասարդներուն արդար բողոքի ձայնը բռնութեամբ լռեցնելու փորձը դատապարտեցին եւ անոնց արդար պայքարին զօրակցելու յայտարարութիւններ հրապարակեցին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնն ու ՀՅԴ Ռուսիոյ կազմակերպութեան պատասխանատու մարմինը: Վերջինը Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջեց զերծ մնալ բռնութենէն, ականջալուր ըլլալ հանրութեան արդար պահանջին եւ հրաժարիլ այն քայլերէն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հարուած կը հասցնեն ազգային արժեհամակարգին ու ինքնութեան:

Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութիւնը եւս երիտասարդներուն դէմ կիրարկուած բռնութիւնը մերժող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/456055

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail