
Մեղադրանք Նախկին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին
05 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնած են, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 38-179-րդ յօդուածով` առանձնապէս մեծ քանակութեամբ գումար իւրացնելու կամ վատնելու:
Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ Սերժ Սարգսեան կը մեղադրուի հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքի կատարման համար, որ ան, 9 ապրիլ 2008-էն մինչեւ 9 ապրիլ 2018, վարելով նախագահի պաշտօնը, իր պաշտօնական դիրքը օգտագործելով, 25 յունուար 2013-էն մինչեւ նոյն թուականի 7 փետրուար կազմակերպած է պաշտօնատար խումբ մը անձերու կողմէ պետութենէն 489.160.310 դրամի վատնում եւ յափշտակութիւն:
Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն չհեռանալը: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային ժողովի նիստին անդրադարձաւ այս մեղադրանքին եւ ըսաւ. «Ատեն մը Հայաստանի մէջ կար գիւղատնտեսութեան վառելիքի պետական աջակցութեան ծրագիր: Քիչ առաջ այս լուրը կարդալով` պարոն Աւինեանի հետ յիշեցինք, որ մեր կառավարութիւնը եղած է այդ ծրագիրը փակողը` համարելով, որ ատիկա փտածութեան ծրագիր է, իրականութեան մէջ գիւղացիներուն ոչինչ չի տրուիր: Հիմա Յատուկ քննչական ծառայութեան հաղորդագրութենէն կը պարզուի, որ, ըստ մեղադրանքի նիւթերու, Սերժ Սարգսեանը պետական մարմինին յանձնարարած է, որ վառելիքը գնեն ոչ թէ այն ընկերութենէն, որ ցած գին կ՛առաջարկէ, այլ «Ֆլեշ» ընկերութենէն: Ասիկա է պատմութիւնը: Կը կարծեմ, որ քննութիւնը պիտի պարզէ, թէ ի՛նչ է, եւ որեւէ աւելի բան, քան հրապարակուածը, չեմ կրնար ըսել», նշեց վարչապետը:

aztagdaily.com/archives/456053





