ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Կոլանի Բարձունքներու Բռնագրաւումը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Կոլանի Բարձունքներու Բռնագրաւումը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Կոլանի Բարձունքներու Բռնագրաւումը

05 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ Իսրայէլէն կը պահանջէ լքել Կոլանի բարձունքները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Փաստաթուղթին թեր քուէարկած են 91 պետութիւններ, դէմ` 9, ձեռնպահ` 65:

Բանաձեւը Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու Կոլանի սուրիական հատուածի բռնագրաւումը մինչեւ 4 յունիս 1967-ի դրութեամբ գոյութիւն ունեցող սահման:

Ընդհանուր ժողովը կը յայտնէ, որ Կոլանի սուրիական հատուածը բռնագրաւելու, սեփական օրէնքներն ու գերիշխանութիւնը հաստատելու Իսրայէլի` 14 դեկտեմբեր 1981-ի որոշումը չի գործեր եւ իրաւական որեւէ ուժ չունի:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ վերջերս Կոլանի բարձունքները ճանչցան Իսրայէլի մաս:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Կոլանի Բարձունքներու Բռնագրաւումը

aztagdaily.com/archives/456075

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail