
Մամետեարով Յայտարարած Է Ռուսիոյ Հետ Շուտով Կնքուելիք Նոր Զինուորական Համաձայնագիրին Մասին
05 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»
Ազրպէյճանն ու Ռուսիան կը պատրաստուին սպառազինութեան գնման վերաբերեալ նոր համաձայնագիր կնքելու: Այս մասին «Քոմերսանթ» օրաթերթի լրագրողի հարցումին ի պատասխան ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
«Կան որոշակի հետաքրքրական գաղափարներ: Գործարքը հազիւ աւարտի, լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւններ պիտի հաղորդենք», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկ օր առաջ Պաքուի մէջ անդրադարձած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` ՀԱՊԿ երկիրներուն ուղղած խօսքին, որուն մէջ կոչ ուղղած էր Ազրպէյճանին զէնք չծախելու:
«Ես միայն կրնամ ընդգծել, որ ռազմաթեքնիքական համագործակցութիւնը մեր եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան կարեւորագոյն ոլորտներէն մէկն է», ըսած էր Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, Ռուսիան ու Ազրպէյճանը «իրենց համագործակցութիւնը կը զարգացնեն միջազգային արժեչափերուն համապատասխան, համաձայն Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ օրէնսդրութեան եւ ամբողջովին հաշուի առնելով այն հաւասարակշռութիւնը, որ կարեւոր է պահպանելու շրջանին մէջ կայունութիւնը»:
aztagdaily.com/archives/456073





