Արեւմտահայերէնը եւ մանկավարժութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն

23 նոյեմբեր 2015

Ա-Բ-Գmesrob
Յարութիւն Պէրպէրեան կը գրէ.

Վերջին տարիներուն կը տեսնենք, որ գիտաժողովներու շարք մը ծայր առած է Լիբանանէն Ֆրանսա, Հայաստան եւ քիչ մը ամէնուր՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման վերաբերեալ: Մտահոգութիւնը արդար է եւ կը բխի մէկ կողմէ Սփիւռքի փոխուող պայմաններէն, միւս կողմէ մօտեցումներէ եւ ուսուցման եղանակներէ, որոնք քայլ չեն պահեր արդի մանկավարժութեան հետ:

Ճիշդ է որ հայերէնի գիտութեան մակարդակը կը տարբերի գաղութէ գաղութ, եւ ինչ որ կացութիւնն էր աւանդական արեւելեան Սփիւռքի գաղութներուն կամ ինչ որ մնացած է անոնցմէ կը տարբերի արեւմտեան գաղութներէն, սակայն հոս եւս տարբերութիւններ կան, այսինքն՝ կացութիւնը Մոնթրէալի եւ հինգ-վեց հարիւր քիլոմեթր անկէ հարաւ գտնուող Նիւ Եորքի միջեւ բոլորովին տարբեր է: Այնպէս որ եթէ տեղ մը գրական մակարդակի հայերէնի մը կը ձգտինք, այլուր աւելի հաղորդակցական մակարդակի (որոշ ընթերցման եւ գրելու մակարդակով) հայերէն մը թերեւս կը բաւարարէ:

Երբ չենք կրնար մեր անձնական ուսումնասիրութիւնները եւ հարցախոյզները կատարել՝ պէտք է օգտուինք օտար լեզուներով կատարուած աշխատանքներէն: Անձնապէս ծանօթ եմ անգլերէնի ուսուցման վերաբերեալ գրականութեան, որ Միացեալ Նահանգներէն կ’երկարի մինչեւ Անգլիա, Գանատա, Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա: Վստահ եմ որ նման հարուստ գրականութիւն կայ Ֆրանսերէնի կամ Գերմաներէնի ուսուցման վերաբերեալ: Ամէն պարագայի պայման է, որ իւրաքանչիւր նոր քայլ հիմնուի լուրջ եւ ամուր հիմքերով ուսումնասիրութիւններու եւ փորձարկումներու վրայ:

Ինչո՞ւ կը շեշտենք այս պարագան: Պարզ օրինակ մը տալու համար՝ ընդունուած է, որ արդի մանկավարժութիւնը կը ներառէ սորվելու դժուարութիւն ունեցող երեխաները՝ ծաղկոցէն մինչեւ երկրորդականի աւարտական կարգերը: Գանատական պետական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ երեխաներու 10%սորվելու դժուարութիւն ունին եւ 80% անոնցմէ ընթերցանութեան մէջ: Եթէ ծաղիկ դասարանին կէս ժամ յաւելեալ աշխատանքի կարիք կայ սրբագրելու այս դժուարութինը, օրական երկու ժամ յատուկ դասաւանդման կարիք կը զգացուի չորրորդ կարգին այս դժուարութիւնը հարթելու: Իսկ եթէ երրորդ դասարանին աշակերտ մը տուեալ կարգի մակարդակին չի կրնար կարդալ , աւելի ուշ 17-էն մէկը միայն այդ աշակերտներէն կրնայ իր դասարանի մակարդակով ընթերնուլ …: Անշուշտ պիտի հարցուի, թէ քանի՞ դպրոց այդ յաւելեալ ժամերուն համար միջոցներ կը տրամադրէ եւ մենք կը զարմանանք, որ երկրորդականի վերջին կարգերուն հասած աշակերտներու թիւ մը ընթերցանութեան դժուարութիւն ունի, իսկ ոմանք լրիւ յուսահատած են եւ ինքնավստահութիւննին կորսնցուցած այս առընչութեանբ:

Հետեւաբար չենք կրնար առաջին հերթին մասնագէտ ուսուցիչներ չունենալ տարրական կարգերէն սկսեալ, իսկ մասնագիտութիւնը միմիայն մանկավարժական պատրաստութեան կամ վկայականին չի վերաբերիր, այլեւ լեզուի ու համապատասխան գրականութեան խոր ծանօթութեան:

Այս գծով հետաքրքրական է նշել, որ շատ մը սփիւռքեան վարժարաններ կը շարունակեն սկսնական կարգերուն մէջ գործածել փոքրիկ անին ու պետիկն ու գայլը, դասագրքերը, որոնք կլոպալ մեթոտին վրայ հիմնուած են եւ նորութիւն էին շուրջ կէս դար առաջ: Այս մօտեցումը օգտակար էր բնական ընթացքով սորվող երեխաներուն համար, սակայն աղէտ մըն էր սորվելու դժուարութիւն ունեցող երեխաներուն համար, որոնք լեզուի տառերը ճանչնալու դժուարութիւն կ’ունենային: Ներկայ մանկավարժութիւնը չի կրնար նկատի չունենալ ուսանողութեան շուրջ 15% կազմող այս տոկոսը:

Նոյնիսկ մինչեւ 2014 թուականը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ երկու տարի կը սպասէին ձախողող աշակերտին համար միջամտելու եւ յատուկ դասաւանդման ծրագիր առաջադրելու (individual lesson plan), իսկ ատկէ ասդին անդրադարձած են, թէ երկու տարին շատ ուշ է նման միջամտութեան համար:

Երբեմն փոքր մանրամասնութիւններ կարեւոր նշանակութիւն կը ստանան: Վերջերս կ’իմանանք, որ Լիբանանի մէջ միացեալ վարժարան մը կը կառուցուի՝ տարբեր դպրոցները միացնող: Եթէ այդ դպրոցին մէջ նկատի առնուած է շարժումի դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու կացութիւնը, այսինքն՝ անուակառքով աշակերտներու պարագան, արդէն այս գծով մտայնութեան մը փոփոխութիւնը կը նշանակէ այսպիսի քայլ մը:

Հարց պիտի տրուի, թէ ինչո՞ւ այս ընդհանրական մօտեցումները եւ կրթական քաղաքականութեան ուղղութիւնները կը նշենք այստեղ: Պատասխամը պարզ է՝ մենք պարապութեան մը մէջ չենք գործեր, հայերէնի ծրագիրները համադրուած են պետական ծրագիրներուն մէջ, մեր շուրջը օտար լեզուները կը դասաւանդուին յատուկ քաղաքականութեամբ մը եւ արդիական մեթոտներով, եւ մենք չենք կրնար դուրս մնալ այդ շրջագիծէն:

Այստեղ հարցադրումներու շարք մը պիտի դնեմ՝ ապագային քննարկելու համար զանոնք: Օրինակ՝ պիտի շարունակե՞նք գրականութեամբ կամ գրական դեքսդերով լեզու սորվեցնելու միջոցը, կամ ինչպէ՞ս միջին ձեւ մը որդեգրել գրականութեամբ եւ այլ գրութեան եղանակներով լեզու սորվեցնելու ձեւը: Իսկ երբ ուսուցիչը երկրորդականի մէջ դժուարութիւն ունի պարզապէս հասկացողութեան մակարդակի հասցնելու աշակերտը, որ նուազագոյն մակարդակն է Պլումի բրգային դասաւորման մէջ(Bloom’s Taxonomy), ո՞ւր կը մնան վերլուծական, արժեւորումի, գործադրման կամ ստեղագործական մակարդակները:

Դեռ որքա՞նով հայերէնի դասաւանդման մէջ «տարբերում»(differentiation) կը գործածենք, մանաւանդ՝ նկատի ունենալով հայերէնի դասարաններուն մէջ առկայ տարբեր մակարդակները, կամ ամբողջութիւն մը կազմող դասաւանդման ծրագիրներ կը կազմե՞նք (lesson plans): Անշուշտ այս բոլորին համար միջոցներ պէտք է տրամադրուին ուսուցիչին՝ պատկերաւոր բառարաններէն մինչեւ աստիճանաւորուած ընթերցման գրքեր՝ հազար, երկու հազար, երեք հազար կամ աւելի բառապաշարով պայմանաւորուած: Եթէ գիտաժողովները կամ խորհրդաժողովները չեն անդրադառնար նման հարցերու կամ յստակ մեքանիզմեր չեն ստեղծեր հարցերը հետապնդելու եւ գործնական լուծումներ գտնելու անոնց համար՝ կը մնան թուղթէ դղեակներու մակարդակին վրայ:

http://www.horizonweekly.ca/

ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail