Թուրքիա Ընդունած Է Լեհաստանի Եւ Պալթեան Երկիրներու Պաշտպանութեան ՕԹԱՆ-ի Ծրագիրը

Թուրքիա Ընդունած Է Լեհաստանի Եւ Պալթեան Երկիրներու Պաշտպանութեան ՕԹԱՆ-ի Ծրագիրը

06 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի հանդիպումէն ետք, Անգարա որոշած է ընդունիլ Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներու պաշտպանութեան ուղղուած ՕԹԱՆ-ի ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:

«Երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, համաձայն որուն, Թուրքիան պիտի աջակցի Պալթեան երկիրներու եւ Լեհաստանի պաշտպանութեան համար ՕԹԱՆ-ի ծրագիրին», նշուած է Լիթուանիոյ նախագահի աշխատակազմին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Էրտողանի հետ հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Լաթվիոյ եւ Էսթոնիոյ նախագահներ Էկիլս Լեւիթս եւ Քերսթի Քալիուլայտը, ինչպէս նաեւ Էսթոնիոյ վարչապետ Եուրի Ռաթաս:

Թուրքիոյ նախագահը մերժած էր աջակցիլ Ռուսիոյ կողմէ «յարձակումի» պարագային Պալթեան երկիրներու եւ Լեհաստանի պաշտպանութեան ուղղուած ՕԹԱՆ-ի ծրագիրին, ՕԹԱՆ-ի մէջ իր պատուիրակին թելադրած էր չստորագրել ծրագիրը եւ հանդիպումներու եւ զրոյցներու ընթացքին կարծր դիրքորոշում ցոյց տալ` պահանջելով, որ դաշինքը քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ճանչնայ իբրեւ ահաբեկչական:

Էրտողան յայտնեց. «Ընդառաջեցինք Պալթեան շրջանին վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի ծրագիրին եւ անկէ կը սպասենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին աջակցութիւն»:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/456279

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail