«Սուրիոյ Հիւսիսը Գործողութիւնները Պիտի Շարունակուին, Մինչեւ Որ Տարածքը Մաքրուի Ահաբեկիչներէն» Կ՛ըսէ Էրտողան
06 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած է Բրիտանիա ապրող թուրք հայրենակիցներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:
Հանդիպումին ժամանակ Էրտողան ըսած է. «Անոնք, որոնք կը կարծէին, թէ կրնան ահաբեկչութեան եւ շանթաժի միջոցով դաստիարակել Թուրքիան, իրենց նպատակին չեն հասած»:
«Այսօր Թուրքիան երկիր մըն է, որ առանց որեւէ մէկուն ուղղութեամբ նայելու կ՛իրականացնէ գործողութիւններ` իր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով, եւ կը վարէ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն: Մենք յաւակնութիւններ չունինք Սուրիոյ հողերուն նկատմամբ, սակայն անոնք, որոնք այդպիսի յաւակնութիւններ ունին, թող լքեն այդ երկիրը», նշած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահին համաձայն, «Սուրիոյ հիւսիսը գործողութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ այդ շրջանը մաքրուի ահաբեկիչներէն»:
aztagdaily.com/archives/456289