Հայաստանը Ձեռք Բերած է Աննախադէպ Քանակի Սպառազինութիւն. Փաշինեան
06 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական ամավարկը 2018-էն ի վեր աւելած է 66 միլիառ դրամով:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Դեկտեմբեր 6-ին ՀՀ Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` անդրադառնալով «ՀՀ 2020-ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման ընթացքին:
«Սա այն թեման է, որուն մասին հասկնալիօրէն չենք կրնար շատ բան խօսիլ, բայց կ՛ուզեմ ըսել, որ 2018-էն ի վեր` ներառեալ 2020-ի ամավարկը, մենք 66 միլիառ դրամով աւելցուց ենք պաշտպանական ամավարկը, որ մօտաւորապէս 28% կը կազմէ: Բայց կ՛ուզեմ մէկ նախադասութիւն ըսել դժուարութեամբ` կրնաք հաւաստիանալ, որ 2018-ի Մայիսէն ի վեր Հայաստանը ձեռք բերած է տեսանելի ժամանակահատուածի համեմատ աննախադէպ քանակի զէնք, զինամթերք, սպառազինութիւն, եւ ՀՀ կառավարութիւնը յստակ պիտի շարունակէ այդ քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ այդ առումով արդէն իսկ լրջագոյն քայլեր ձեռնարկուած են»,- ըսած է Փաշինեան:
yerakouyn.com/2019/12/06/հայաստանը-ձեռք-բերած-է-աննախադէպ-քանա/