Ինչու՞ համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համակիրները աւել են քան կուսակցականները, երեւոյթ մը որ քիչ կը հանդիպինք ընդհանրապէս կուսակցութիւններու մէջ․․․
Կոչ, Խնդրանք, Առաջարկ, Պահանջ կրտսերներէն, պատանիներէն, երիտասարդ երիտասարդուհիներէն, եւ ինչու ոչ նաեւ մեծահասակներէն․
Խօսքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամագրուելու կապակցութեամբ է․
Գաղտնիք բացայայտած չեմ ըլլար բայց շատերը պիտի զարմանան եթէ յայտնեմ թէ ես Երդուեալ Դաշնակցական չեմ , երբեք չեմ եղած այլ պարզապէս Համակիր եմ, դիմատետրի իմ գրութիւններուն որոշ հետեւողներ պիտի զարմանան թէ ինչպէս՞ կարելի է մէկը ըլլայ համակիր եւ այսքան ծանօթ այդ կուսակցութեան պատմութեան, այսքան կառչած մնայ այդ գաղափարին եւ այսքան անփոփոխ մնայ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան․
Պիտի ըսեմ ամենայն ազնւութեամբ թէ ինչու չեմ մտած Դաշնակցութեան շարքերը եւ մնացած եմ համակիր առանց արժանի ըլլալու «ԸՆԿԵՐ» կոչման երբ իմ գերդաստանի 90 տոկոսէն աւելին եղած են երդուեալ Դաշնակցականներ․
Չափահաս տարիքիս Կարդացած եմ Դաշնակցութեան Ծրագիր կանոնագիրը եւ ուսումնասիրած նաեւ ըրած բաղդատութիւններ այնտեղի պահանջի եւ իմ բնազդի, իմ բնաւորութեան հետ նաեւ իմ այն ժամանակուայ աշխատանքիս հետ, եւ եկած եմ այն համոզման թէ եթէ ես ընդունուիմ շարքերը եւ երդում տամ ապա ամենէ ուշը մինչեւ մէկ տարի ինձ կամ կը պատժէն կամ կը հեռացնեն եւ կամ կարտաքսեն եւ որպէսզի այդ պատիժները ես չկրեմ նախընտրած եմ մնալ Համակիր իմ պաշտած գաղափարիս եւ կուսակցութեանս որը անքակտելի է մինչեւ Մահ․․․
Յարգելի վերոնշեալ բոլոր անհատներ ովքեր կը մտածէն մտնել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, եթէ ձեր բնաւորութեամբ ըմբոստ էք չնայած ըմբոստութիւնը ունի տարբեր բացատրութիւններ սակայն այստեղ ընդհանուր մէկ վերնագրի տակ դնեմ, եթէ պիտի չկարողանաք պահել ձեր տուած երդումը, եթէ պիտի չկարողանաք ժամանակ գտնել եւ մասնակցիլ ժողովներուն, եթէ ձեզ տրուած հրամանները պիտի չկարողանաք կատարել ապա մի անդամագրուէք այդ Կուսակցութեան որովհետեւ այդտեղ յստակ ամրագրուած օրէնքներ կան անկախ այն բանէն որ արդար է այդ կամ ոչ պիտի ենթարկուիս, եթէ դժգոհ ես այդ երեւոյթէն կը վերադառնաս ծրագիր կանոնագրին եւ Քրիստափորի նշած օղակներով քու կարծիքը քու վրդովմունքը եւ քու առաջարկութիւնը տեղ կը հասցնես , չմոռանաս որ քեզ հրամաններ տուողին դուն ես ընտրել հետեւաբար պիտի բարձրանաս եւ իջնես այդ Ծրագիր կանոնագրի աստիճաններով, եթէ ոչ ապա ուրեմն դուն պիտի պատժուիս կամ հեռացուիս ու արտաքսուիս նայած քո կատարած յանցանքի չափով․․․
129 տարի է եւ այսպէս է, ապագան ինչ՞ կըլլայ չեմ գիտեր ծրագիր կանոնագիրը կը փոխուի թէ կը մնայ ,ով՞ իմանայ․
Ամէն մարդ որոշ չափով գիտէ իր նկարագիրը գիտէ իր ճշդապահութիւնը եւ այդ բոլորը պիտի ծանր ու թեթեւ ընել եւ միայն ետքը որոշում կայացնել անդամագրուիլ կամ ոչ այս Մեծագոյն Կուսակցութեան ով այսօր կարիքը ունի թարմանալու որպէսզի կրկին անգամ ՀԱՅՈՒ նաւը ղեկավարէ կայտառ եւ առողջ․․․
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նորելուկ 100 եւ աւելի կուսակցութիւններու նման փորձադաշտ չէ մտնես փորձես եթէ գոհ չմնաս ելլես․․․
Եթէ վրիպումներ արձանագրած եմ բովանդակութեան մէջ ներող եղէք
Համակիր վիճակով, ներքին խոհանոցին անծանօթ ըլլալով
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ