Խմբագրական. Ժողովրդագրական Պատկերի Ճգնաժամի Յաղթահարման Համար (Երկրաշարժի 31-րդ Տարելից)

Խմբագրական. Ժողովրդագրական Պատկերի Ճգնաժամի Յաղթահարման Համար (Երկրաշարժի 31-րդ Տարելից)

07 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

31 տարի առաջ գրանցուած երկրաշարժը քաղաքական առումով ցնցեց ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը: Հայաստանին օժանդակութեան փութաց ամբողջ աշխարհը: Ըստ էութեան, քանդուեցաւ երկաթէ վայրագոյրը, երբ տարբեր երկիրներէ Խորհրդային Միութիւն մուտք գործած փրկարար ջոկատները կամ բարեսիրական կազմակերպութիւնները ականատես եղան քաղաքաշինութեան եւ ընդհանրապէս շինարարական համակարգի որակի, մակարդակի, դիւրաբեկութեան: Փլուզումը քաղաքներուն կը նախանշէր փլուզումը ամբողջ համապետական համակարգի մը, որ Խորհրդային Միութիւն կը կոչուէր:

Ցնցում մը իր ունենալիք հետեւանքներէն անհամաչափ ծանր իրավիճակ ստեղծած էր: Նոյնը նաեւ հասարակական-քաղաքական առումով, երբ յատկապէս ազգային հիմունքով ծայր պիտի առնէին ժողովրդային շարժումներ` աւելի ազատ կարգերով ապրելու մղումի դրսեւորումներ, անկախացման քայլեր:

Եթէ Հայաստանը ցնցած երկրաշարժը համաշխարհային համոզում կը փոխանցէր Խորհրդային Միութեան քաղաքաշինութեան դիւրաբեկութեան մասին, դարձեալ նոյն երկրին մէջ արձանագրուած կենսոլորտային խնդիրներով ծայր առած եւ շուտով ազգային էութիւն ստացած ցոյցերը պիտի նախանշէին ամբողջ կայսրութեան փլուզումը:

Այս տեսութեան վաւերականութեան մասին դեռ պիտի խօսի քաղաքագիտական կամ հասարակագիտական գրականութիւնը` պեղելով իւրաքանչիւր փլած շէնքի կամ կայսրութիւն կազմած աղիւսի փուլ գալու մանրամասնութիւնները: Հայաստանը` շրջադարձային կէտ է թէ՛ համաշխարհային եւ թէ՛ ազգային առումներով:

Նման ճակատագրորոշ հունաւորում ապահոված երկրին մէջ սակայն երկրաշարժէն 31 տարի ետք տակաւին կարելի չէ եղած վերացնել երկրաշարժի հետեւանքները` ամբողջութեամբ: Վերջին անտուն բնակիչի բնակարանամուտով միայն կարելի է հաստատել, որ Աղէտի գօտի հասկացողութիւնը ընդհանրապէս ջնջուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն:

Աւելի՛ն. Աղէտի գօտիի վերացման առաջադրանքը աւելի ընդհանուր տեսք պիտի առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքներու համաչափ զարգացման հրամայականի առարկայացումով: Զարգացող Գիւմրին է, որ երկրաշարժի արհաւիրքն ու հետեւանքային իրավիճակները պիտի ցրուէ ընդմիշտ` իրողապէս դառնալով հանրապետութեան երկրորդ մեծ քաղաքը:

Երեւանակեդրոնութենէն բազմակեդրոն քաղաքներով յատկանշուող հանրապետութեան վերածումն է միայն, որ կրնայ խօսիլ տնտեսական յեղափոխութեան մասին: Իսկ այդ ճանապարհին` Գիւմրին կարեւորագոյն մեկնարկային կէտ կը նկատուի: Պատահական չէր անշուշտ Անկախութեան տօնին համապետական տարողութեամբ նշումը Գիւմրիի մէջ, իբրեւ կեդրոնական հանդիսաքաղաք այս պարագային: Մինչ համակողմանի քաղաքականութիւն կը կիրարկուի երկրորդ միջազգային օդակայանը բանալու տարբեր ուղղութիւններով թռիչքներու իրականացումը ապահովելու համար: Յատուկ մրցունակ սակագիներով տոմսերու տրամադրումով կը թուի, որ յատկապէս եւրոպական քաղաքներ-Գիւմրի օդային կամուրջը աշխուժացնելու ծրագիր մշակուած է:

Երկրորդ միջազգային օդակայանը գործարկելու ծրագիրը ռազմավարական նշանակութիւն ունի շրջափակուած երկրին համար: Երբ ցամաքային փակուած ուղիներ կան, օդային տարածքները խճողելու մօտեցումը պէտք է բանի արդիւնաւէտ: Իսկ յատկապէս եւրոպական երկիրներու ուղղութեամբ օդային երթեւեկը ժողովրդականացնելու կոչուած նուազագոյն սակագիներու ապահովման փորձերը կ՛առնչուին անպայման արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկուն հետ: Խօսքը Եւրոպական Միութիւն – Երեւան տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու միտումներուն կը վերաբերի:

Գիւմրիի քաղաքամէջի շինարարական աշխատանքները այնպէս կ՛ընթանան, որ քաղաքը պահպանէ իր ուրոյն պատմական դիմագիծը: Քաղաքաշինութեան կանոնները պահպանելու ձգտումները կ՛երեւին յատկապէս շէնքերու ճակատներու պատմական ոճը չխաթարելու առումով:

Գիւմրիի զարգացումը ուրեմն ո՛չ միայն Աղէտի գօտիի վերջնական արձակում, այլ նաեւ հանրապետութեան համաչափ զարգացման քաղաքականութեան առաջին մեկնարկային փուլը պիտի ըլլայ: Արտագաղթի հոսքի նուազեցման միտումներու վիճակագրական տուեալները կը սկսին համոզիչ հնչել, երբ Երեւանէն բացի Գիւմրին եւ այլ քաղաքներ, մարզեր ու սահմանամերձ շրջաններ խճողուին մարդոցմով: Իսկ այս մէկը, ներկայացուող թիւերէն աւելի ժողովրդագրական պատկերի ճգնաժամի յաղթահարումը արձանագրող ամէնէն համոզիչ փաստը կրնայ ըլլալ` տնտեսական յեղափոխութեան արդիւնաւորումը հաստատող:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/456511

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail