Ի՞նչ Կը Կատարուի Այնտեղ` Մութին … ( Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

Ի՞նչ Կը Կատարուի Այնտեղ` Մութին … ( Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

07 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Այն պահուն, երբ Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովի ամպիոնէն կը զուարճացնէր դիմացի նստարաններուն վրայ «խայտացող» ու իրմով հմայուած իր հանդիսատեսները` «չուք-չաք-չարաք-չաք» գնացքի կշռութաւոր կատարումով, անդին` Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ պաշտօնական Պաքուն երգեց ի՛ր երգը, բայց`ո՛չ նոյն ոճով եւ նոյն ուղղութեամբ, այլ` բոլորովին հակառակ թիրախաւորումով, խիստ, ապիկար, սպառնական: Հայաստանի վարչապետը իր իսկ ժողովուրդին հարազատ ծոցէն ծնած ազգային կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի յուղարկաւորութիւնը կը նախատեսէր դէմը նստած իրեն հպատակ պատգամաւորներով, անդին` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Մամետեարով արցախեան տագնապի գծով իր պայմանները կը թելադրէր Հայաստանի իր պաշտօնակիցին` Մնացականեանին, այսպէս կոչուած` «բանակցութեան» սեղանին վրայ:

Անձամբ չեմ ուզեր, իրապէս, անդրադառնալ վարչապետին ելոյթին ո՛չ ռամիկ մակարդակին, ո՛չ ալ անհեթեթ ու անլուրջ բովանդակութեան, որ այլապէս նաեւ անյարիր է իր պաշտօնին: Ան յայտնապէս չէ կրցած ըմբռնել տակաւին, թէ ի՛նչ կառոյցի ու ինչպիսի` կուսակցութեան հետ գործ ունի: Ոչինչ, ինչպէս իր բազմաթիւ նախորդները, ինք եւս կը հասկնայ վերջապէս, իսկ ապագան կ‘ապացուցէ հարկաւ, թէ ո՛վ կը մնայ ու կը շարունակէ գործել հայրենի ազգային-քաղաքական բեմահարթակին վրայ, եւ ո՛վ կը մղուի դէպի լուսանցք ու կը հեռանայ իր նշած գնացքին հետ, կշռութաւոր թէ առանց կշռոյթի …

Տխուր է, սակայն, վարչապետին պահուածքը: Փոխանակ բոլո՛ր ուժերը համախմբելու եւ արժանի հակահարուած հասցնելու սպառնացող ու յարձակողականի դիմած լկտի, լիրբ ու պոռոտախօս թշնամիին, վարչապետ Փաշինեան կը շարունակէ հարուածել նե՛րսը` առաւել եւս խորանալով սեւի ու ճերմակի իր որդեգրած անընդունելի ու ըստ ամենայնի դատապարտելի ուղեգիծին մէջ, ներազգային միասնականութիւն քանդող իր բաժանարար վարքագիծով:

Արդ, Պաքուի թելադրած նախապայմանները, որոնք տարածուած են անգլերէն փաստաթուղթով մը, ցարդ չարժանացան պաշտօնական Երեւանի յստակ եւ կարծր պատասխանին: Մնացականեանին ելոյթը դարձդարձիկ էր, թոյլ, տկար, անհամեմատ` հնչած սպառնալիքին:

Ահաւասիկ Պաքուի պայմանները, աւելի ճիշդ` այն փաստաթուղթի կէտերը, որոնց շուրջ տեղի ունեցած են բանակցութիւնները.

1. Առաջին քայլով պետք է հայկական զինուած ուժերը դուրս բերուին Արցախի Հանրապետութեան եւ այլ «գրաւուած» տարածքներէն:
2. Պետք է վերադառնան «բռնի ուժով տեղահանուած ազրպէյճանցիները»:

2. Արցախը կը ստանայ կարգավիճակ` Ազրպէյճանի կազմին մէջ, համաձայն` այդ երկրի սահմանադրութեան:

Ահա թէ ինչու՛ կ‘ակնկալենք խիստ, կարծր, յստակ ու մեկին հակազդեցութիւն, թշնամիին դրած կէտերուն համապատասխան մօտեցում: Եթէ սխալ, կեղծ փաստաթուղթ է տարածուածը, ապա անմիջապէս պէտք էր հերքուէր հայկական կողմէն, այլապէս անխնայ հակազդեցութեան մեր ակնկալութիւնը, մեր պահանջը արդար է, մտահոգութիւնը` տեղին: Բնական է նաեւ ստեղծուած ու առկայ կասկածը եւ անոր իբրեւ հետեւանք` անխուսափելիօրէն յառաջացող անվստահութիւնն ու իրաւացիօրէն միտք չարչրկող հարցադրումը. ի՞նչ տեղի կ‘ունենայ արդեօք այնտեղ, մութին մէջ, սեղանին տակ, թէ վարագոյրին ետին:

Ա՛յս հարցերուն անհրաժեշտ ու ճիշդ լուսաբանութեան կարիքն ու միաժամանակ իրաւունքը՛ ունի ժողովուրդը, իսկ պարտաւորութիւնը` վարչապետը: Եւ այս ընթացակարգին տե՛ղն է ահաւասիկ Ազգային ժողովի ամպիոնը, եւ ոչ թէ` գնացքի երգով անհեթեթ ամբոխավարութեան:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/456299

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail