Անին, Հակառակ Բոլոր Ջանքերուն, Տխուր Է. Փայլան՝ Անիէն

Անին, Հակառակ Բոլոր Ջանքերուն, Տխուր Է. Փայլան՝ Անիէն

07 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան մասնակցեցաւ Կարսի քաղաքապետական խորհուրդին եւ «Անատոլուի Մշակոյթ» հիմնարկին կազմակերպած «Քարի ձօն՝ Անի» խորագիրով ցուցահանդէսին, եւ այդ առիթով ան նաեւ այցելեց Անիի աւերակները:

Անի կատարած այցելութեան վերաբերեալ Փայլան գրառում մը կատարեց «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ, որուն կից տեղադրած է նաեւ քանի մը լուսանկարներ:

Փայլան կը գրէ հետեւեալը. «Այցելեցինք Կարս, Անի քաղաքը: Անին, հակառակ բոլոր ջանքերուն, տխուր է… Գետը, որ կը հոսի քաղաքին մօտէն, վերածեր են Թուրքիա-Հայաստան սահմանի:

Սահմանը 26 տարի է ի վեր փակ է… Այն օրը, երբ վերակառուցենք այդ քանդուած կամուրջը տօն պիտի ըլլայ Անի քաղաքին համար»:

Փայլան նաեւ այցելեց Կարսի քաղապետարանը եւ հանդիպում ունեցաւ կուսակից համայնքապետներուն հետ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

asbarez.com/arm/359088/Անին-Հակառակ-Բոլոր-Ջանքերուն-Տխուր-Է/

 

Աղբյուր`    Ermenihaber.am
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail