Կիպրոս Թուրքիոյ Կողմէ Կազի Հանքավայրերու Ապօրինի Պեղումներուն Համար Կը Դիմէ Միջազգային Ատեան

Կիպրոս Թուրքիոյ Կողմէ Կազի Հանքավայրերու Ապօրինի Պեղումներուն Համար Կը Դիմէ Միջազգային Ատեան

07 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»http://lousavor-avedis.org/?p=18144

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Կիպրոսի իշխանութիւնները 5 Դեկտեմբերին յայտարարեցին, թէ Լա Հէյի Միջազգային Արդարադատութեան ատեանին դիմած են՝ երկրին ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող բնական կազի հանքավայրերու ապօրինի պեղումներուն գծով։ Նիկոսիա կը շեշտէ, թէ կղզիին բնական հարստութիւնը պաշտպանելու համար, ատեանը պէտք է միջամտէ, անյապաղ կասեցնելու համար Անգարայի անօրինական քայլերը։

Մինչ այդ, բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսէն սփռուող «Պայրաք» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութենէն՝ հաղորդեց, որ Թուրքիա կը պատրաստուի 2020ին զգալիօրէն ընդարձակելու Կիպրոսի ջուրերուն մէջ, արեւելեան Միջերկրականի հանքավայրերուն մէջ իր գործողութիւնները: Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա յառաջիկայ տարի պիտի շարունակէ այս շրջանին մէջ ապօրինի աշխատանքները՝ հիմնուելով արտօնագիրներու վրայ, որոնք տրուած են այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան կողմէ, որ ճանչցուած է միայն Թուրքիոյ կողմէ:

Ըստ նախարարութեան տուեալներուն՝ թրքական «Ֆաթիհ» եւ «Եաւուզ» նաւերը կը շարունակեն արեւելեան Միջերկրականին մէջ իրենց հետազօտական աշխատանքները՝ կազի, ինչպէս նաեւ քարիւղի որոնման նպատակով:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ միջեւ Միջերկրական ծովու սահմաններուն եւ տարածքին մէջ կազի որոնման աշխատանքներուն վերաբերեալ կնքուած համաձայնութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Յունաստան Աթէնքէն արտաքսէ Լիպիոյ համախոհական կառավարութեան դեսպանը։

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

asbarez.com/arm/359145/Կիպրոս-Թուրքիոյ-Կողմէ-Կազի-Հանքավայր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail