Ընտրուած Անձը Իմ Պատրիարքը Պիտի Չհամարեմ. Կարօ Փայլան
09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Պոլսոյ մէջ ընթացող պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ ըրած է ուշագրաւ յայտարարութիւն։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Twitter-ի իր էջին վրայ Փայլան գրած է, որ պիտի չմասնակցի ընտրութեան եւ պիտի չքուրէարկէ ոեւէ մէկուն։ Փայլան նշած է.
«Ընտրուած անձը իմ պատրիարքը պիտի չհամարեմ։ Պատմութեան սեւ էջերուն մէջ պիտի գրուին մեր պատուին հետ խաղացող պետական ծառայողներու եւ անոնց հետ համագործակցող հոգեւորականներու անունները»։
Նշենք, որ համայնքին մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է այն փաստը, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած Պատրիարքի կանոնադրութեան մէջ սահմանուած էր, որ պատրիարքի թեկնածու կրնան ըլլալ միայն Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին ենթակայ եպիսկոպոսները։ Այս սահմանափակման իբրեւ արդիւնք՝ ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող թեկնածուներուն քանակը խիստ սահմանափակուեցաւ։
yerakouyn.com/2019/12/09/ընտրուած-անձը-իմ-պատրիարքը-պիտի-չհամ/