Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն անցած է 31 տարի – Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն անցած է 31 տարի

Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն անցած է 31 տարի

09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ:

31 տարի առաջ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը։ 1988-ի դեկտեմբերի 7-ին, տեղական ժամանակով ժամը 11:41-ին, Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած 10 բալ ուժգնութեամբ հզօր ցնցումը աւելի քան 25 հազար մարդու կեանք խլեց, 19 հազար մարդ հաշմանդամ դարձաւ, եւ անօթեւան մնաց 530.000 քաղաքացի։ Հիմնովին կամ մասնակի աւերուեցան բազմաթիւ քաղաքներ ու գիւղեր: Փլան բազմաթիւ գործարաններ եւ արդիւնաբերական կառոյցներ: Հայաստանի տնտեսութեան կրած վնասը կազմեց աւելի քան 13 միլիառ ռուբլի։

Դժուարին այս օրերուն մեր երկրին ձեռք մեկնեց աշխարհի աւելի քան 113 երկիր եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւն։ Հայաստան ժամանեցին հարիւրաւոր փրկարարներ եւ բժիշկներ։ ԽՍՀՄ բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել դեղորայք, բժշկական սարքաւորումներ, շինարարական մեքենաներ, վրաններ ու սննդամթերք: Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնել Հայաստանին նաեւ յետագայ տարիներուն։

Իտալացիները ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվէկիացիները՝ ժամանակակից հիւանդանոց։ Թաղամաս մը կառուցեցին նաեւ աւստրիացիները։ Կիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը, որուն բացման մասնակցեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Մարկրէթ Թաչըրը:

Աղիտալի երկրաշարժի 31-ամեայ տարելիցին առթիւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կ“այցելէ Սպիտակ եւ Կիւմրի՝ յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին:

դեկտեմբերի 7-ի երկրաշարժի 31-րդ տարելիցին է. ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Լոռիի մարզի Շիրակամուտ համայնք՝ արգանքի տուրք մատուցելու երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։

horizonweekly.ca/en/սպիտակի-աւերիչ-երկրաշարժէն-անցած-է-31-տա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail