ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Ակնարկ. Հայաստանի Մասին Արդարացի Մտահոգութիւն Մը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Ակնարկ. Հայաստանի Մասին Արդարացի Մտահոգութիւն Մը

09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Արեւմտահայերէնի վերածեց
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

27 Նոյեմբեր, 2019-ին Արտակ Յակոբեան է «Ժամ.ամ»-ի կայքէջին մէջ. «Այս խունվեյբինների ակտիւացումը պայմանաւորուած է Վանեցեանի՝ «Սորոս»-ի հասցէին, վերջին արձագանքով» խորագիրով յօդուածը գրած (1): Ստորեւ՝ առանց մեկնաբանութեան, կը ներկայացնեմ յօդուածին «թարգմանութիւնը» արեւմտահայերէնի, որուն խորագիրը կ՛ըլլայ. «Այս քաղաքական խմբակին աշխուժացումը պայմանաւորուած է Վանեցեանի՝ «Սորոս» -ի հասցէին, վերջին արձագանքով»: (խունվեյբին՝ Хунвейбин քաղաքական խմբակ, հարաւ ամերիկեան յեղափոխութիւններու խունթա իմաստով):

«Այսօր պետութիւնը, իբրեւ հաստատութիւն, հանրութեան մէջ ցաւօք մեծ վստահութիւն չի վայելեր: Պատճառը միայն այս իշխանութիւններուն գործելաոճը չէ: Դեռ աւելին, պատճառը նոյնիսկ վերջին 30 տարուայ հոլովոյթները չեն: Հայերը սեփական պետութեան չեն վստահիր, ո՛չ միայն իշխանութեան հանդէպ վստահութեան պակասի պատճառով: Մենք աւելի քան 600 տարի պետականութիւն չենք ունեցած եւ այդ իսկ պատճառով վաւերական պետական հաստատութիւն ճանչցած ենք առաւելապէս մեր երկրէն դուրս: ԽՍՀՄ-ի ժամանակ այդ Ռուսաստանն էր, այսօր ատոր աւելցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան: Այդ իսկ պատճառով, երբ այս կամ այն գործիչը Հայաստանի մէջ գրեթէ բացայայտ կերպով կը ներկայացնէ օտար պետութեան շահը, մենք ատիկա բնական կ՛ընկալենք: Դեռ աւելի՛ն, նոյնիսկ ակնածանք կը յառաջանայ այդ մարդոց հանդէպ, թեթեւ խանդ, որ անոնք կրցած են «կոնվերտացվել» (դարձի գալ, կրօնափոխ դառնալ) դուրսը:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

«Սա ոչ միայն մարդկային թերագնահատումի հետեւանք է, այլեւ ազգային թերագնահատումի հետեւանք, որուն պատճառով Հայաստանի մէջ ստեղծուած է իրավիճակ մը, երբ մարդիկ իրենց գովազդին մէջ ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ իրական «յենարան» ունին դուրսը:

«Օրինակ՝ տարիներ առաջ գործիչ մը կար, որ հրապարակաւ կը յայտարարէր, թէ ան «Փութինի ընկերն է», որպէսզի այսպիսով, իր կարծիքով, «աւելի ամուր կերպար ստանայ» հայ հանրութեան քով, եւ նոյնիսկ 2003-ի նախագահական ընտրութիւններուն, ատոր շնորհիւ, ստացաւ քուէներուն աւելի քան 5 տոկոսը:

Հետագային շատ կուսակցութիւններ եւ գործիչներ իրենց առօրեայ գործունէութեան ընթացքին առանցքային կը համարէին Միացեալ Նահանգներու, կամ Ռուսաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը:

Ոմանց գործունէութեան հիմնական առանցքը դարձած էր այս գործելաոճը, քանի որ անոնք այլ առանցք չունէին:

Յեղափոխութենէն ետք, այս ամէնը աւելի ցայտուն կերպով կ՛երեւի: Օրինակ՝ դուրսէն բացայայտ կերպով տնտեսուող հիմնադրամներէն, այսօր իշխող ուժի կազմին մէջ կան շատ մը Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, նախարարներ, փոխնախարարներ եւ այլն: Աւելին՝ այդ կը համարուի «յառաջադիմութեան» գլխաւոր ցուցանիշներէն մէկը այս կամ այն գործիչին համար:

«Ակնյայտ է, որ այդ հիմնադրամները Հայաստանի մէջ «բարեգործութեամբ» չեն զբաղիր: Զանոնք անոր մէջ կարելի չէ մեղադրել: Քանի որ այսօրուան աշխարհը հիմնուած է շահերու վրայ: Սակայն եկուր տես, որ այսօր այդ շրջանակները իրենք զիրենք մեր երկրին մէջ իբրեւ տէրն ու տիրականը սկսած են զգալ:

«Ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ ի՛նչ երկիւղած կերպով Վանեցեանը խոստովանեցաւ, որ «Սորոսը երկրի համար վտանգ կը ներկայացնէ»: Այսինքն՝ նախկին ԱԱԾ պետը, որ հսկայական տեղեկութեան կը տիրապետէ՝ երկիւղած կերպով կը խոստովանի բան մը, իսկ յաջորդ օրը այդ հիմնադրամի ներկայացուցիչները կը սկսին համարձակօրէն ցոյցեր կատարել ԱԱԾ-ի ու Ոստիկանութեան շէնքերուն առջեւ:

«Պահ մը փորձենք կողմնակի կերպով քննել այս ամէնը եւ հասկնալ, թէ ինչ կը կատարուի մեր երկրին մէջ: Մէկ բառով, այս ամէնը կարելի է բնութագրել իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ:

«Եւ այդ, երկրի մը մասին է, որ կը գտնուի լրջագոյն աշխարհաքաղաքական քառուղիի մէջ: Որ չունի ելք դէպի ծով, իսկ չորս հարեւաններէն երկուքը իրեն դէմ թշնամաբար տրամադրուած են:

Այս ամէնը ցցուն կերպով ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ մթնոլորտ հաստատուած է երկրին մէջ, եւ ի՛նչ աստիճանի վտանգուած է մեր ազգային անվտանգութիւնը:

Սա է իրականութիւնը»:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/456599

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail