Ամերիկեան Ծերակոյտը Անպայման Պիտի Ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը․ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան

Ամերիկեան Ծերակոյտը Անպայման Պիտի Ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը․ Կիրօ Մանոյեան

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը «Ա1+»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Պրաթիսլաւայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներու տարածած յայտարարութեան տակ երկու նախարարները չէին ստորագրած այն պատճառով, որ այդ փաստաթուղթը մերժած էր Էլմար Մամետեարովը: «Կը կարծեմ, մերժումը աւելի Ատրպէյճանէն էր, բայց Հայաստանն ալ դժգոհ չէր անկէ, քանի որ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ վարչապետ դարձաւ, յայտարարեց, որ Մատրիտեան սկզբունքները ընդունելի չեն: Եւ չի բացառուիր, որ հայկական կողմը դժգոհ չէր, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն յղում կատարող փաստաթուղթին տակ իր անունը չըլլայ»,- ըսաւ Կ. Մանոյեան:

Անդրադառնալով 2020-ին Արցախի մէջ նախագահական եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն` ան ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ն տակաւին չէ որոշած, թէ նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ՞, թէ՞ պիտի պաշտպանէ որեւէ այլ թեկնածու: Մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը պիտի որոշուի 15 Դեկտեմբերին, արցախեան կառոյցի ժողովին:

Կ. Մանոյեան խօսեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ընդունող բանաձեւի մասին, որուն վրայ երրորդ անգամ վեթօ դրուեցաւ: «Սպիտակ տունը կրնայ մարտավարական քայլերով ձգձգել, բայց Ծերակոյտը անպայման պիտի ընդունի ատիկա: Ասիկա օրինագիծ չէ, բանաձեւ է եւ ընդամէնը քաղաքական արժէք ունի: Կրնայ նախագահը իր ուղերձին մէջ ալ չօգտագործել Ցեղասպանութիւն բառը, բայց Սպիտակ տան վրայ ճնշումը աւելի պիտի մեծնայ», ընդգծեց Մանոյեան:

Խօսելով գործող իշխանութիւններու եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին` Կ. Մանոյեան հարց տուաւ, թէ, եթէ անոնց վարկանիշը նոյնքան բարձր է, ինչո՞ւ ձերբակալութիւններ կը կատարեն: «Անոր համա՞ր է վարչապետը խուճապի մէջ, եւ ամէն օր պէտք է ձերբակալութիւններ ըլլան: Թող ձերբակալութիւններ ընեն, բայց ոչ թէ վարկանիշը բարձրացնել-իջեցնելու հաշւոյն»,- ըսաւ ան:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/12/10/ամերիկեան-ծերակոյտը-անպայման-պիտի-ըն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail