Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Կեանքը Չի Սկսիր Խակ Մեսիաներով, Տիրապետել Հարազատ Լեզուին Եւ Յաճախել Մեծերու Դպրոցը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Կեանքը Չի Սկսիր Խակ Մեսիաներով, Տիրապետել Հարազատ Լեզուին Եւ Յաճախել Մեծերու Դպրոցը

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնից, անկախ այն բանից, թէ քանի տոկոս է նրա մէջ հայկական արիւնը: Սերունդներին պէտք է փոխանցել ոչ թէ արիւն, այլ` գաղափարներ, եւ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է:

«Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզու: Գիտցէ՛ք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է ու կը մնայ, քանի ապրում եմ, հայոց լեզուին տիրապետելը:

«Ցանկանում եմ երջանկութիւն բոլորիդ»:

ՎԻԿՏՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

Հայերէնի նահանջը եւ անոր դէմ կազմակերպուած հին եւ նոր, տգէտ, բացայայտ թէ ծածուկ ազգադաւ նախայարձակումները արդարացման պարարտ հող գտած են համաշխարհայնացման նորատեսակ կայսրութեան պատշաճելու նորարար մարգարէներու որդեգրած ընթացքով, անհատական, հաւաքական, պետական, թէ գիտական:

Իրապէս անգէտ եւ տխմար ըլլալու է չտեսնելու համար, որ համաշխարհայնացում եւ անգլերէնի անզսպելի դարձած համատարած տիրապետութիւն միասնաբար կ՛ընթանան, զիրար կը լրացնեն, իրարու նեցուկ են: Այս վտանգը դամոկլեան սուրի պէս կախուած է ոչ միայն փոքր ժողովուրդներու գլխուն վրայ, այլ նաեւ` երէկի եւ այսօրուան մեծերու մէկ մասին. մեծ` որպէս երկիր, մեծ` որպէս համրանք, մեծ` որպէս մշակոյթ:

Բայց որովհետեւ համաշխարհայնացումը տնտեսական է, այսինքն` դրամատիրական կայսրութիւն, արտադրանքի, սպառման եւ զբօսի, որոնք իրենց կարգին ենթակայ են թիւերու, հաշուեկշիռներու եւ շահերու, ազգային նկարագիր, ինքնուրոյնութիւն, անցեալ, պատմութիւն եւ բնազանցական առումով բարոյական` կը դառնան նախնականութիւն: Եւ մարդկութիւնը, աստ եւ անդ, Չինաստան եւ Հնդկաստան, Ֆրանսա թէ Գերմանիա, Հարաւային Ափրիկէ թէ Շուէտ, ինքզինք ամէն օր քիչ մը աւելի կը բանտարկէ նոյնացման կաղապարին մէջ, եւ այդ կը համարէ յաջողութիւն, յառաջդիմութիւն, բարօրութիւն:

Հայաստանի մէջ հայերէնի բարձրագոյն մակարդակով ուսուցման համար ծաւալած բանավէճերուն արձագանգեց նաեւ հայկական սփիւռքը: Իր ինքնութեան, շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութեան տէր իւրաքանչիւր հայ ինքզինք կը գտնէ (կը գտնէ՞) երկսայրաբանութեան (dilemma) մը առջեւ, եթէ թատերական ոճով կ՛ուզէք խօսիլ, կը կրկնէք Շէյքսփիրի հռչակաւոր ասութիւնը. լինե՞լ, թէ՞ չլինել: Ի հարկէ խօսքը չի վերաբերիր ֆիզիքական գոյութեան, այլ` որպէս դարերու խորքէն ստացուած տարբերութեան յատկանիշով գոյութեան: Մեր պարագային` հայկական, ինչ որ մեզ կ՛ընէ տարբեր դրացի եւ հեռու ազգերէն: Ապագային պիտի ըսե՞նք` կ՛ընէր տարբեր, եթէ այդ ըսողներ մնացած ըլլան:

Այս տարբերը հարիւր տարիէ ի վեր, երբ հայրենահանման պատճառով, ոչ հայրենալքման, արեւմտահայ ժողովուրդը սփիւռք դարձաւ, առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ, պահուեցաւ: Եւ էապէս պահուեցաւ հայերէնով եւ կը պահուի, երբ ան կը մնայ որպէս կեանքի լեզու, չըլլայ շաբաթավերջի կամ Շաւարշ Միսաքեանի այնքա՜ն դիպուկ բնորոշումով` հաց պանիրի հայերէն: Սփիւռքի մէջ, հոն անգամ, ուր հայկական դպրոցներ կան, հայերէնը կը նահանջէ, կը կորսնցնէ իր կեանքի լեզու ըլլալու բնոյթը, քանի որ կեանքի առնչուող դասանիւթերը դադրած են եւ կը դադրին հայերէն ըլլալէ. ուսողութիւն, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, մարզանք եւ խաղեր: Սփիւռքը չորոշեց իր նահանջը, ստիպուած ենթարկուեցաւ շրջապատի ուղղակի կամ անուղղակի ճնշման, տեղականացման կողքին զարգացող համաշխարհայնացման:

Վկայականներ չունեցող արմատախիլ զանգուածները, ընդոծին իմաստութեամբ, գործած են այնպէս, որ հայերէնը հայրենիք է: Այս ըրած են ֆրանսացի գրող Ալպեր Քամիւէն առաջ, որ ըսած է. «Այո՛, հայրենիք մը ունիմ, ֆրանսերէնը», Oui j՛ai une patrie, la langue française:

Հիմա սփիւռքը նահանջած է, կը նահանջէ: Զիջում կ՛ընէ, հայերէնը հայրենիք է` չի մտածեր: Արդէն շատ մը տեղեր այդ հայրենիք լեզուն հաց պանիրի հայերէն անգամ չէ, հակառակ անոր որ լատինատառ հայերէն բառեր կարդալով բեմ բարձրացողներ ալ ըլլան: Թէ այս կացութեան առաջքը կարելի՞ է առնել, թէ՞ ոչ, այլ խնդիր է, որուն մասին պէտք է խօսիլ` առանց մանրավաճառի անկարողութեան ճապկումներու:

Այսօր անմիջականօրէն մտահոգիչ է հայերէնի կացութիւնը որպէս կեանքի լեզու` նաեւ Հայաստանի մէջ:

Ոչ ոք միամտութիւն թող տեսնէ այս տողերուն մէջ: Գիտենք, կը տեսնենք, որ համաշխարհայնացումը անգլերէնի համաշխարհայնացումն է: Այս հաստատումէն ետք, ֆրանսացին, գերմանացին, արաբը, հնդիկը, բոլոր միւսները, հետեւաբար նաեւ հայը պիտի ընդունի՞ն, որ իրենց ինքնութեան պատուանդան լեզուները կուլ երթան անգլերէնի համաշխարհայնացման, որ կանգնած է բոլորի սահմաններուն վրայ` որպէս տնտեսութիւն, մշակոյթ, դրամատիրութիւն եւ զբօս: Մեր նպարավաճառային եսերը եւ բանգիտութիւնները յաղթահարելով` կը խօսի՞նք այս մասին, թաղի քահանայ եւ վարժապետ, քաղաքապետ, նախարար, վարչապետ, նախագահներ, ակադեմիկոսներ եւ պատմաբաններ: Պիտի բաւարարուի՞նք քաղաքակրթական եւ մշակութային փոփոխութիւններու թատրոնը դիտելով, թէ՞ գիտակից ինքնապաշտպանութեան ընթացք պիտի որդեգրենք:

Այսինքն պիտի ունենա՞նք իսկական, իրաւ ազգային ղեկավարութիւն, թէ՞ միայն` տնտեսավարողներ, հաշուապահներ եւ երեւելիներ, ի հարկէ միշտ` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Այս հարցման պատասխանելու համար վաղը միշտ ուշ է: Այս հարցման այսօր չպատասխանել` մտաւորական եւ ղեկավարական անբարոյութիւն է, ազգի անփառունակ անհետացման յանձանձում:

Ճիշդ է, որ անգլերէնը այսօր միջազգային յարաբերութիւններու լեզուն է: Երկու դար առաջ դիւանագիտական միջազգային լեզուն ֆրանսերէնն էր: Կեանքի մէջ ամէն բան կը փոխուի: Օր մը կրնայ անգլերէնն ալ փոխարինուիլ այսօր չնախատեսուող ազդակներու բերումով: Հեռու եւ մօտ դպրոցներու մէջ անգլերէն կ՛ուսուցուի` տեղական լեզուի կողքին: Խորհրդային օրերուն հանրապետութիւններու դպրոցներուն մէջ ռուսերէն կ՛ուսուցուէր: Հետեւելով Ալպեր Քամիւի տրամաբանութեան` լեզուն դարձնելու համար հայրենիքի պատուանդան:

Կը խօսուի անհետացման վտանգի ենթակայ լեզուներու մասին: Արդեօ՞ք պէտք չէ խօսիլ ընդհանրապէս բոլոր լեզուներու անհետացման մասին, անգլերէնի ճնշման ներքեւ: Սկսած ենք` անգլերէն ճաշել, անգլերէնով մարզանք ընել, անգլերէնով գիտութիւն ամբարել, անգլերէնով ճամբորդել:

Այս հարցերը կան, եւ այդ ընթացքին հետեւիլ` գործնապաշտութիւն կը համարուի ամբոխային տրամաբանութեան կողմէ: Այդպէս կը մտածեն բազմաթիւ ղեկավարներ` տուրք տալով ամբոխահաճութեան (populisme): Հայաստանի մէջ այս ընթացքը, ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, խուլ թաղի աննշան կրպակէն, որ դրան վրայ կը գրէ open close, մինչեւ գիտնականներ, մշակութային եւ քաղաքական ղեկավարներ կը գտնուին նոյն հոսանքին մէջ: Հայաստանի համալսարաններուն մէջ հայերէնի անհետացման ուղղութեամբ տրուած որոշումները նոյն քաղաքակրթական միտքի արտայայտութիւն են: Այսինքն` պատրաստուիլ նիւթական եւ տնտեսական հրամայականներուն ընդառաջ երթալու:

Եւ դիտեցէ՛ք, ականջ տուէ՛ք, հեռու մօտ, մեծ բեմերէն մինչեւ փողոց, այս անձնատուական աղմկալի ընթացքին:

Թէ` զանգուածները կը հետեւին համատարած մտայնութեան, լաւ չէ, բայց բնական է: Խնդիրը մտաւորականութիւնն է եւ` ղեկավարութիւնը, որոնք պէտք է նախատեսեն ապագան, կազմակերպեն ընկերամշակութային կեանքը տնտեսականին զուգահեռ եւ առաջնորդեն, իրենք չհետեւին ամբոխին:

Երբ վտանգուած է ժողովուրդի մը ինքնութիւնը, զանգուածի պատասխանատուութեան մասին կարելի չէ խօսիլ, այլ` մտաւորականութեան եւ ղեկավարութեան, բոլոր տեսակի այլասերումները կանխելու համար: Իսկ յոռեգոյնը այն է, երբ կարծեցեալ յառաջդիմութեան անձնատուր մտաւորականութիւնը եւ ղեկավարութիւնը իրենք արդէն նահանջած կ՛ըլլան եւ կ՛ուզեն իրենց կացութիւնը ընդհանրացնել եւ որպէս շապիկ հագցնել լաւ ապրելու երազ ունեցող զանգուածին. այլասերման շապիկ:

Հարցը արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ այլազան բարբառները չէ, այլ ցարդ նոյն արմատներուն շուրջ հիւսուած ինքնութիւն-միութիւնը, որ Հայաստանով եւ հայութեամբ կը բնորոշուի: Փոխանակ անձնատուր ըլլալու, որպէս խլեակ ձգուելու հոսող ջուրին վրայ, մնալու համար որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ պատմութեան մէջ եւ անկախ պետութիւն` քաղաքական բեմի վրայ, հայերէնը հիմնական օրակարգ պէտք է ըլլայ, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Անհետացած եւ ծագումով հայեր միշտ պիտի ապրին մոլորակին վրայ, օր մը թերեւս ալ պիտի երթան աստղեր, բայց ոչ մէկ բանի շարունակութիւն պիտի ըլլան, նոր նախնիներ գտած պիտի ըլլան, Չինաստանէն մինչեւ Հրոյ Երկիր, Միջագետքէն մինչեւ սկանտինաւեան ֆիյորտները:

Ժողովուրդ մը ինքնութիւն է: Առանց ցեղապաշտ ըլլալու` պէտք է տեսնել, որ ան ունի ոչ միայն ծինային-մորթային յատկանիշներ, այլ մանաւանդ` պատմամշակութային, որ կու գայ հողէն, ժամանակէն, ապրուած հասարակաց կեանքերու ժառանգութենէն: Ազգային լեզուն ժողովուրդի մը համար տան կահոյք չէ, ոչ ալ` նորաձեւութիւն հագուստ-կապուստ: Ան նշանակութիւն է, աշխարհ տեսնելու եղանակ, բնութեան եւ իրարու հետ յարաբերելու ինքնատիպ միջոց, որ անհատական հնարանք չէ: Լեզուն իր մէջ կը կրէ զայն խօսող ընկերութեան դարերու խորքէն եկող հոլովոյթի պատկերը, զոր պատշաճեցման վերաբերող միջամտութեամբ կը կոչեն բարեփոխում, մինչդեռ այդ ընթացքը տուեալ ընկերութեան հոգեբարոյական տեսանկիւնէն չարափոխում է: Լեզուն, իր իւրայատուկ այբուբենով, իւրայատուկ հնչիւնական համակարգով, իւրայատուկ ուղղագրութեամբ, ինքնութիւն կերտող հիմնական եւ հիմնարար ազդակ է:

Մտաւորականութիւն եւ ղեկավարութիւն այս ըմբռնումներով պէտք է որ առաջնորդուին, առաջնորդուէին, նոյնիսկ եթէ պիտի մեղադրուին նախնականութեամբ, յետադիմութեամբ, ազգայնամոլութեամբ: Ինքնութեան այս պաշտպանութիւնը միւսին եւ տարբերին մերժումը չէ, այլ ընդհակառակն, նաեւ միւսին ինքնութեան վերականգնումը:

Ամբոխի նպարավաճառային վերաբերումը եւ թեթեւսոլիկութիւնը պէտք չէ առաջնորդէին եւ պէտք չէ առաջնորդեն հայերէնի զարգացման եւ պաշտպանութեան քաղաքականութիւնը: Հայ մարդը կրնայ գետնաքարշ կերպով մտածել, որ հայերէնը երկրորդական է, հայերէնը փոր չի կշտացներ, բայց այդ վերաբերումը ո՛չ մանկավարժութիւն է, ո՛չ ազգապահպանում, ո՛չ իսկ անմիջական նպարավաճառութեան օգնող պատեհապաշտութիւն: Ազգային լեզուին տիրապետողը հեշտութեամբ կրնայ տիրապետել նաեւ այլ լեզուներու: Իսկ պարզապէս շփացած լըվանթենի թեթեւսոլիկութիւն է, տգիտութիւն ծածկելու համար մարդոց խօսակցական լեզուին մէջ մուտք գործած օտար բառերու աղմուկը, որ կարծես դասակարգ փոխած ըլլալու չափանիշ է, ինչպէս` արեւելահայերէնի մէջ խուժած ռուսերէն եւ անգլերէն բառերը, սփիւռք(ներ)ի պարագային` ֆրանսերէն, անգլերէն, յաճախ նաեւ` արաբերէն ու թրքերէն բառերը:

Փակագիծ մը. այսօր, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ, կանգնած ենք տեսակաւոր բարբառայնացման առջեւ: Դպրոցին մէջ ուսուցուած հայերէնը կարծէք այլեւս տարբեր է դուրսը խօսուած հայերէնէն: Պատճառներէն մէկն ալ այս նահանջին այն է, որ երկրին մէջ գրական հայերէնի ընթերցումը նուազած է, եւ զանգուածային լրատուամիջոցները իրենք ալ հեռացած են գրական հայերէնէն, հասկնալի ըլլալու, լսելի ըլլալու, ունկնդիրներու համրանք աւելցնելու համար կը հետեւին լեզուի բարբառայնացման եւ գտած են կարծեցեալ գիտական բացատրութիւն մը, ըստ որուն, լեզուն կը յառաջդիմէ: Գրականութիւնն ալ քայլ կը պահէ լեզուի աղքատացման եւ ձեւազեղծման այս ընթացքին հետ:

Այս աղքատացման մասին մտածելով` Վոլթեր իմաստուն խօսք ըսած է. «Եթէ ժողովուրդը ստեղծած է լեզուները, մեծ մարդիկ զայն կը կատարելագործեն լաւ գիրքերով, եւ լեզուներու մէջ առաջինը այն է, որ ունի ամէնէն աւելի սքանչելի երկերը»*:

Ֆրանսական յեղափոխութիւնը այս հարցի մասին յայտարարած էր, որ ազգային միութեան նախապայմանը հասարակաց լեզուն էր, զոր պէտք էր խօսիլ, կարդալ եւ գրել: Այսինքն լեզուի եւ ազգային ինքնութեան հարցը հասկցուած էր, հետեւաբար լեզուի ուսուցումը, այսինքն որակը, հասարակ յայտարարը, եւ բոլորին համար դպրոցը, անհրաժեշտ էին մէկութիւն յառաջացնելու համար: Պետութիւնը պէտք է ստեղծէ պայմանները, որպէսզի ուսուցուած լեզուն այս կամ այն գաւառի, այս կամ այն շրջանի հայերէնը չըլլայ, այլ` գրաւոր լեզուն, գրական լեզուն: Պարզ. ուսուցման եւ գրական լեզուի որակը ամբոխը պէտք չէ ճշդէ, այլ` իսկական գրական լեզուն ինք, քերականական եւ շարահիւսական ճշգրտութեամբ: Այս պետական քաղաքականութիւն եւ պարտականութիւն է: Ապագայակերտ այս յանձնառութիւնը այսօ՛ր պէտք է ընդունիլ` վերականգնելով արմատները եւ հաստատելով ճշգրտութիւնները, որպէսզի մեզ միացնող լեզուն չթափառի այսպէս ալ կ՛ըլլայ այնպէս ալ կ՛ըլլայի կամ լեզուն կը յառաջդիմէի զարտուղութիւններու ցեխոտ ճամբաներուն վրայ: Այս ըմբռնումով ալ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել այն, ինչ որ կը կոչենք արդի ուղղագրութիւն:

Այս դերը պէտք է ստանձնէ, ստանձնէր, ակադեմիան` հսկելով բառապաշարի արդիականացման եւ հայացման հիմնահարցին, ինչ որ չէ եղած, եւ հայերէնը դարձած է ներխուժած եւ ներխուժող օտար բառերու եւ ասութիւններու անտէր դաշտ: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ փողոցը խօսուած, օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով ողողուած նորահայերէնը հայերէն չէ, այլասերման մայրուղիի է: Տէրեանի, Թումանեանի, Վարուժանի կամ Մեծարենցի գործածած հարուստ եւ երգեցիկ լեզուն է մեզի պատկանող հարազատը, այսօրուան եւ վաղուան այլասերման դէմ պատուանդանը: Եւ ամէն կարգի բարեկարգիչներ, տեսաբաններ եւ տգէտ տեսաբաններ պէտք է ըմբռնեն, որ մեր միութեան եւ միացման, տոկալու եւ տեւելու շաղախը անխաթար պահուող մեր լեզուն պիտի ըլլայ, կամ մենք պիտի չըլլանք:

Ինչո՞ւ չենք ուզեր ըմբռնել, ղեկավարութիւնները` առաջին հերթին, որ ազգային ինքնութիւնը կ՛առնչուի լեզուին, որ պահած է ազգի պատմութիւնը, ազգի երազը եւ եղած է քուրան անոր ժամանակները գերանցող ստեղծագործական նկրտումներուն, առանց որոնց` այսօր մենք չէինք ըլլար. Խորենացի եւ Նարեկացի, Անանիա եւ Հերացի, Վարուժան եւ Չարենց եւ բոլոր միւսները, որոնք գլխագրուած ՄԵՆՔ-ին մէջ մնացած են, քանի որ իրենց մէջ կենդանի պահած են Մեսրոպը:

Հայերէնի հանդէպ չարագործութիւն ընելէ առաջ եւ համեստանալու համար կրկին եւ կրկին կարդալ Վիկտոր Համբարձումեանի կտակը եւ սրբել այլասերումներու մուրը:

Եւ կրկնել ամէն օր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), Վիկտոր Համբարձումեանի պատգամը … գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է:

14 նոյեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են
Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/456806

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail