Ակնարկ. Բանակցային Սկզբունքներու Վերաբանաձեւում
11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:
Արցախի հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորագիրի բովանդակութիւնը ուշագրաւ է:
«Շնորհաւորում եմ Արցախի Հանրապետութիւնում նշուող եռատօնի` Արցախի անկախութեան հանրաքուէի, Սահմանադրութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան միջազգային օրուայ առթիւ»:
Եռատօն շրջագծելով հանրապետութեան նախագահը ընդհանուր յայտարարները ընդգծեց երեք կարեւորագոյն ամրագրումներու մէջ` արցախեանը համատեղելով միջազգայինին հետ: Հանրաքուէն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման առարկայացումն է: Սահմանադրութիւնը` անոր իրաւականացումը: Մինչ մարդու իրաւունքները անվտանգ ապրելու ու ազատ արարելու եւ ազգային պատկանելիութիւնը պահպանելու սկզբունք:
Պատահական չէ, որ վերջին շրջանին պաշտօնական Ստեփանակերտի տարբեր պատուիրակութիւնները, յատկապէս համաեւրոպական ատեաններու մէջ, մարդու իրաւունքներու սկզբունքէն մեկնած կ՛առաջադրէին արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման հրամայականները` Արցախը եւրոպական մարդկային իրաւանց տարբեր ձեւաչափերու կառոյցներուն մէջ ընդգրկելու առումով:
Դիւանագիտական մարտավարութեան որոշակի զուգահեռ կայ մօտեցումներու առումով` 9 դեկտեմբերին հետ: Հայոց ցեղասպանութիւնը ներառել բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման եւ կանխարգիլման միջազգային հռչակագիրին իսկ արցախահայութեան իրաւունքներուն միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխատանքները` մարդու իրաւունքներու համաշխարհային եւ այս պարագային համաեւրոպական կառոյցներուն յարաբերակցաբար:
Եռատօնի այս բանաձեւը ըստ էութեան Արցախի միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն ուղի ցոյց տուող բաժին ունի: Համատեղելով ազգի եւ մարդու իրաւունքները արցախահայութիւնը պիտի շարունակէ յենիլ ազգերու ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրինաչափութիւններուն վրայ` հանրաքուէով իրագործուած եւ սահմանադրութեամբ իրաւականացուած կամարտայայտութիւնը միջազգայնացնելու:
Եռատօնի այս խորհուրդի ընդգծումներէն օրեր առաջ, 6 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը Պրաթիսլաւայի մէջ կայացող ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական համաժողովին կը վերաբանաձեւէր հայկական կողմի հայեցակարգը արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման առումով:
Եօթը հիմնադրոյթները կը վերաբերէին հակամարտութեան միջնորդական ձեւաչափի անխախտելիութեան, հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման, առանց ազրպէյճանական որեւէ սահմանափակման արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին, անոր անվտանգութեան երաշխաւորման, հակամարտութեան լուծումներու ներառականութեան (եռակողմ. Ստեփանակերտի մասնակցութեամբ), ուժի կիրարկման բացառման, փոխզիջումնային լուծումի ապահովման առջեւ ազրպէյճանական խոչընդոտներու վերացման:
Եօթը կէտեր հիմնականին մէջ վերաբանաձեւումն են հայկական կողմի ցարդ որդեգրած բանակցային սկզբունքներուն կամ ընդհանուր հայեցակարգին: Յստակ են ինքնորոշման իրաւունքը, կարգավիճակի անդառնալիութիւնը, խաղաղ կարգաւորման գերակայութիւնը, ուժային միջոցները բացառելու հրամայականի շեշտումը, արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը:
Եօթը կէտերուն հիմնաւորումներուն մէջ բանաձեւուած են 94-95 թուականներու հրադադարը եւ ըստ էութեան ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի մէջ կայացած պայմանաւորուածութիւնը: Բառացիօրէն, երբ կ՛ըսուի, որ վտանգի նուազեցման մեքանիզմները պէտք է ներդրուին, այդ կարգին զինադադարի խախտումները հետաքննող եւ զինադադարի դրութեան դիտարկումի ԵԱՀԿ-ի մեքանիզմները, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման միջոցով, պարզ կը դառնայ, որ խօսքը ուղղակի կը վերաբերի Վիեննային:
Այստեղ մարդու իրաւունքի անուղղակի առնչութիւն կայ առաւելաբար Արցախի հայուն անվտանգութեան հրամայականին շեշտումով, յիշելով նախապէս Պաքուի կիրարկած ցեղային զտումներով յատկանշուող քաղաքականութիւնը: Բնականաբար մարդու կամքի արտայայտութիւնը կը ներառուի ազգային ինքնորոշման, հանրաքուէին եւ Ազրպէյճանէն անկախանալու անհատի որոշումին մէջ: Մարդու իրաւունքի առումով կայ նաեւ ազատ տեղաշարժի իրաւունքը, որ այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ տրուած անցագիրով լուծուած է, անվտանգութեան երաշխաւորման ստանձնման ընդհանուր հիմնադրոյթին ներքեւ:
Թէ՛ ազատ տեղաշարժի, թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ կրթութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան եւ տարբեր ուղղութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր երաշխաւորութիւնը իրաւականացնելու օրակարգը ինքզինք զգալի կը դարձնէ ամէն առիթի: Խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի Երեւան-Ստեփանակերտ ռազմաքաղաքական դաշինքին:
Ռազմաքաղաքական դաշինքը ո՛չ միայն շահաւէտ է իրողական համագործակցութիւնը իրաւականացնելու առումով, այլ նաեւ կը նպաստէ հայկական կողմին որդեգրած բանակցային ձեւաչափը ներառական դարձնելու եռակողմ ընկալումով:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/457032