Ուաշինկթընի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոմփէօ-Լաւրով Հանդիպումը
11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի միջեւ հանդիպում մը, որ 2017-էն ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինն էր:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փոմփէօ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ «աւելի լաւ յարաբերութեան» կը ձգտին եւ երկու երկիրները մայիսին իր Սոչի այցելութենէն ի վեր կ՛աշխատին յարաբերութիւններու բարելաւման վրայ: Ան ըսաւ, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ հաղորդակցութեան կապը բաց է, իսկ յարաբերութիւնները անկեղծ են:
Լաւրով արձագանգեց նշելով, որ իրենք կանոնաւոր կերպով հանդիպում կ՛ունենան եւ յաճախ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կ՛ունենան: «Օգտակար է իրարու հետ խօսիլ: Միշտ ալ աւելի լաւ է իրարու հետ չխօսելէն», ըսաւ ան:
Փոմփէօ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութիւնը յարաբերութեան հիմնական առանցքներէն մէկն է, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ: «Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ Սուրիան երբեք դարձեալ ՏԱՀԵՇ-ի կամ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու ապահով վայրի չվերածուի»:
Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ, Փոմփէօ ըսաւ, որ այդ երկրին արեւելեան շրջանին մէջ տագնապի լուծումը կը սկսի «Մինսքի համաձայնութեան բացարձակ կառչածութեամբ»:
Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը նաեւ քննարկեցին Վենեզուելայի մէջ քաղաքական կացութիւնը: Փոմփէօ Լաւրովէն խնդրեց աջակցիլ «փոխանցման նախագահ» Խուան Կուայտոյին, սակայն Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուան կը ջատագովէ այն գաղափարը, թէ միայն վենեզուելացիները պէտք է ճշդեն իրենց ապագան:
Լաւրով նաեւ նշեց, որ Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներուն օգնելու Հիւսիսային Քորէայի հետ խնդիրներու լուծման:
Լաւրով աւելցուց. «Կ՛ուզենք Ծոցի մէջ նաւարկումի անվտանգութիւնը պահպանել»:
aztagdaily.com/archives/457064