Յունաստան ՄԱԿ-Էն Կը Պահանջէ Դատապարտել Թուրք-Լիպիական Համաձայնութիւնը
11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փեթսաս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Յունաստան ՄԱԿ-էն կը պահանջէ դատապարտել Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ միջեւ կնքուած ծովային գօտիներու սահմանազատման յուշագիրը, որ կը քայքայէ շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը»:
«Աթէնք կ՛ուզէ համաձայնութիւնը դատապարտելու համար ներկայացնել Ապահովութեան խորհուրդին», նշեց ան:
aztagdaily.com/archives/457067