Ռիատի Մէջ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի 40-րդ Վեհաժողով. Սալման Թագաւորը Կոչ Կ՛ուղղէ «Դիմակայելու Իրանի Յարձակողականութիւնը»

Ռիատի Մէջ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի 40-րդ Վեհաժողով. Սալման Թագաւորը Կոչ Կ՛ուղղէ «Դիմակայելու Իրանի Յարձակողականութիւնը»

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ գումարուեցաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի 40-րդ վեհաժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ Ծոցի երկիրներէն որեւէ մէկուն դէմ յարձակումը բոլորին դէմ յարձակում է, ինչպէս նաեւ նշեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մեքանիզմը կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորը նշեց, որ Ծոցի շրջանի երկիրները պէտք է միանան` դիմակայելու համար «Իրանի յարձակողականութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ պէտք է լրջօրէն վերաբերիլ Իրանի հիւլէական ծրագիրին ու թեւաւոր հրթիռները զարգացնելու ծրագիրին հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ ապահովելու ուժանիւթի աղբիւրներն ու ծովային անցքերու եւ նաւարկումի ազատութիւնը:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

aztagdaily.com/archives/457049

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail