Թաներ Աքչամը Լիթվիայի Մէջ Խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Թուրքիոյ Վարած Ժխտողական Քաղաքականութեան Մասին

Թաներ Աքչամը Լիթվիայի Մէջ Խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Թուրքիոյ Վարած Ժխտողական Քաղաքականութեան Մասին

Թաներ Աքչամը Լիթվիայի Մէջ Խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Թուրքիոյ Վարած Ժխտողական Քաղաքականութեան Մասին

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան ծիրէն ներս՝ Լիթվիայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կազմակերպած էր դասախօսութիւն թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի մասնակցութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Դասախօսութեան ներկայ էին հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Դասախօսութիւններու ընթացքին Աքչամ ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով թրքական ժխտողականութեան դրսեւորումները, հիմնական թեզերը` խօսած իր «Սպանութեան հրամաններ» գիրքին մէջ ցեղասպանութիւնը իրագործած պարագլուխներու եւ անոնց կողմէ ուղարկուած գաղտնի հեռագրերու վերծանման մասին։

Թուրք պատմաբան, ԱՄՆ Մասաչուսէթսի Քլարքի համալսարանի պատմութեան դասախօս Աքչամը նշած է, որ թրքական ժխտողականութեան զինանոցին մէջ գտնուող այն պնդումները, թէ կեղծիք են Թալէաթ փաշայի հեռագրերը, որոնք հրապարակուած են Արամ Անտոնեանի միջոցով, այլեւս չեն դիմանար քննադատութիւններուն, քանի որ անհերքելի ապացոյցներ ներկայացուած են անոնց փաստացիութեան վերաբերեալ։

Շուոն Նաշ-Մարշալ իր հերթին նշեց, որ ժխտողականութիւնը Թուրքիոյ մէջ դրուած է օրէնդրական հիմքի վրայ, ինչը անհնար կը դարձնէ հաշտեցման եւ սեփական պատմութեան հետ առերեսման ցանկացած փորձ։

yerakouyn.com/2019/12/11/թաներ-աքչամը-լիթվիայի-մէջ-խօսած-է-հայո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail