ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – «Յեղափոխական»ները, «Հակայեղափոխական»ները Եւ… Յեղափոխութիւնը Որձատելու Որոգայթները
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յեղափոխութիւնը այսօր դարձած է հայ քաղաքական միտքի ամէնէն աւելի չարչրկուած, շուկայական ապրանքի պէս աճուրդի հանուած ու քաշքշուքի ենթարկուած նիւթը:
Հասնողը բերնի ծամոնի վերածած է յեղափոխութիւնը՝ փորձելով ոչ միայն իմաստազրկել ու վարկաբեկել մարդկային ազատութեան անփոխարինելի երաշխիքը հանդիսացած յեղափոխութեան գաղափարը, այլեւ՝ նպատակադրելով որձատել մարդկային քաղաքակրթութեան շարժիչ ուժին առնականութիւնը:
Անշուշտ առարկայական հիմնաւոր պատճառներ կան յեղափոխութեան շուրջ ծաւալած գաղափարախօսական եւ քաղաքական այս իրարանցումին համար:
2018ի թաւշեայ յեղափոխութեամբ մեր ժողովուրդը շրջեց հայոց ժամանակակից պատմութեան թաւալգլոր անկումի ընթացքը՝ ազգային ու բարոյական իր արժէքները վերականգնելու եւ մակաբոյծ իշխանութեանց ցեցերէն վերանկախացեալ Հայաստանը մաքրագործելու անդառնալի յանձնառութեամբ եւ վճռականութեամբ:
Նոր Հայաստանի շղթայազերծումը բնականաբար ծանր հարուած հասցուց կառավարման նախկին համակարգի թէ՛ այսպէս կոչուած «գողապետական» հիմերուն, թէ՛ փճացած նման համակարգը ամենայն բրտութեամբ պարտադրած ու պահպանել փորձող նախկին իշխանաւորներու եւ անոնց մեղսակիցներու շահատակութիւններուն:
Այդպէ՛ս, վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին, ոչ միայն հայրենի ոստաններուն մէջ, այլեւ հայաշխարհի ողջ տարածքին մեզ բոլորս բաժնեցին «յեղափոխական»ներու եւ «հակայեղափոխական»ներու:
Չխնայեցին նոյնիսկ, այլեւ՝ որոշապէ՛ս դաշնակցականներուս, մեզ եւս իրարմէ բաժնող ու իրարու դէմ հանող գաղափար հռչակելով… յեղափոխութիւնը:
Յամենայնդէպս՝ թաւշեայ յեղափոխութիւնը չկրցաւ զերծ մնալ կամ առաջքը առնել նախկինէն եկող ու յանկարծ ճամբար փոխող, այլեւ նոյնինքն յեղափոխականներէն աւելի «յեղափոխական» երեւացող պատեհապաշտներու գրոհին՝ Նոր Հայաստանի ղեկավարման տիրանալու մրցապայքարին մէջ:
Ինչպէս որ, պատմական օրինաչափութեամբ, յեղափոխութիւններու յաղթանակին ընդհանրապէս հետեւած են, յետ-յեղափոխական փուլին վնասակար ցեցերու «վերապրում»ը եւ հետագային մերկացումը, այդպէս ալ թաւշեայ յեղափոխութեամբ իշխանութեան ղեկին հասած նորահաստատ ղեկավարութեան մէջ սողոսկած պատեհապաշտները ահա պարբերաբար կը քողազերծուին, դուրս կը քշուին եւ ի հարկին կը կալանաւորուին կամ կը դատուին:
Կասկածէ վեր է, որ «Մերժիր Սերժին» բնաբանով հունաւորուած մերօրեայ հայութեան թաւշեայ յեղափոխութիւնը ի վիճակի է խարազանելով մաքրագործելու եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարի հոյակերտ գաղափարական տաճարէն դուրս շպրտելու մեր փրկութեան միակ լաստին՝ յեղափոխութեան կռուանը որձատելու անարգ ծառայութեան լծուածները:
Հայ քաղաքական միտքին սպառնացող օրհասական վտանգը ա՛յդ չէ սակայն՝ թաւշեայ յեղափոխութեան ընկրկումը չէ՛, ոչ ալ «Փաշինեանը տուն ճամբելու» երեխայամիտ յոխորտանքն է, որուն քարոզչութեան բեմահարթակ կը տրամադրէ սփիւռքահայ աւանդական մամուլին կարեւոր մասը:
Վտանգը «աղաւաղում»ն է «քաղաքական կռուի գաղափարի, կռուի շիտակութեան սկզբունք»ին՝ ինչպէս որ Սիմոն Զաւարեան կ՛ահազանգէր 106 տարի առաջ:
Այո՛, աղաւաղուած է յեղափոխութեան գաղափարը՝ յեղափոխական կռուի ուղղամտութեան սկզբունքը:
Աւելի ահաւո՜րը՝ աղաւաղուած է ե՛ւ «յեղափոխական»ներու, ե՛ւ «հակայեղափոխական»ներու նենգափոխութիւններով:
Իսկ ծանրագոյն ողբերգութիւնը այն է, որ ամբողջ կեանք մը Դաշնակցութեան գաղափարներով սնանած մեր ժողովուրդին զաւակները այսօր կրկնակի խաչելութեան դատապարտուած են՝ յանուն… «յեղափոխութեան»:
Կը խաչուինք՝ երբ նաեւ դաշնակցականներ համազարկ կը բանան թաւշեայ յեղափոխութիւն իրականացուցած հայ ժողովուրդին դէմ, անոր մէջ ամբոխավարութեան զոհ գացած ոչխարներու հօտ տեսնելով միայն:
Կը խաչուինք նաեւ՝ երբ թաւշեայ յեղափոխութիւնը իբր թէ «դաշնակ հակայեղափոխականներ»ու գրոհներուն դէմ պաշտպանելու պատրուակով՝ ինքնակոչ «յեղափոխականներ» համացանցը կը թունաւորեն «դաշնակ խմբապետներու մաուզերիզմ»ը եւ «պանք-օթոմանական աւանտուրիզմ»ը խծբծող գարշահոտ նախատինքներով:
Ո՛չ մէկուն հոգը չէ, որ թաւշեայ յեղափոխութեան նոյնինքն առաջնորդը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մէկուկէս տարիէ ի վեր կը կրկնէ, թէ «Դաշնակցութիւնը ազգային արժէք է»:
Այսօրուան թէ՛ «յեղափոխական»ը եւ թէ «հակայեղափոխական»ը խորքին մէջ մէկ ու միակ օրակարգ ունին, որ իշխանութեան ղեկին կանգնիլն է, որուն համար երկու բեւեռներն ալ անհրաժեշտ նախապայման կը նկատեն յեղափոխութեան որձատումը՝ կրտո՜ւմը:
Չէ՞ որ իշխանութեան աթոռակռիւը սկսելու համար երկու բեւեռներն ալ պէտք ունին Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական հմայքին փետրաթափումին, որպէսզի կարենան թաւշեայ յեղափոխութիւնը ձախողած յայտարարել եւ իշխանութեան կարկանդակին բաժնեկցելու նոր «խաղականոններ» մշակել:
Նոյնիսկ յեղափոխութենէ ընդհանրապէս խրտչող եւ երկու բեւեռներէն հաւասարակշռուած հեռաւորութիւն պահող «Առաւօտ»ի գլխաւոր խմբագիրը՝ Արամ Աբրահամեան, քանի մը օր առաջ անդրադառնալով Փաշինեանի հաւանական վարկազրկումին պատճառ հանդիսացող վրէպներուն, օրինակ՝ կրթական նախարարին դէմ ՀՅԴ-ՀԵՄի ձեռնարկած հրաժարեցման արշաւին, կը շեշտէր հետեւեալ եզրայանգումը.
«Բայց եթէ անգամ այս բոլոր խնդիրները լուծուեն ոչ ժողովրդահաճոյ ճանապարհով, դա կարող է միայն սասանել, բայց ո՛չ «վերացնել» իշխանութեան հանդէպ սէրը: Ժողովրդի համար, մեծ հաշուով, գոյութիւն ունի մէկ չափանիշ՝ «թալանչի է – թալանչի չէ»: Այդ բաժանումը, իհարկէ, առանձնապէս կապ չունի զուտ իրաւական բնորոշումների հետ, աւելի շուտ՝ բնազդային, զգացմունքային ոլորտից է: Սակայն նման բնազդները ժողովրդի (ցանկացա՛ծ ժողովրդի) համար աւելի կարեւոր են, քան բոլոր տեսակի բանական փաստարկներն ու հակափաստարկները: Ահա այդ տեսանկիւնից նախորդ իշխանութիւնները ժողովրդի կողմից ընկալւում են որպէս «թալանչի», իսկ ներկաները՝ որպես «ոչ թալանչի»:
Այդպէ՛ս ալ է:
Յեղափոխութիւն մը, յատկապէս՝ թաւշեայ բնոյթի յեղափոխութիւնը, պայմանաւորուած է ժողովուրդին մէջ իր նուաճած ու սանձազերծած գաղափարական եւ բարոյական վստահութեան ու հեղինակութեան պաշարով:
Այնքան ատեն, որ վարչապետ Փաշինեան եւ շրջապատը գործքով հաւատարիմ կը մնան սեփական ժողովուրդին վստահութիւնը արդարացնելու իրենց վարքագիծին, յեղափոխութեան դէմ սաստկացող «յեղափոխական»ներու թէ «հակայեղափոխական»ներու գրոհները պարզապէս աւելիով պիտի խորացնեն ժողովուրդին հիասթափութիւնը երկուքին ալ նկատմամբ:
Իսկ նման՝ քաղաքական ուժերու նկատմամբ հիասթափութեան մատնուած ժողովուրդի առկայութեան պայմաններուն մէջ, որեւէ յեղափոխութիւն ուշ կամ կանուխ կը մատնուի որձատման վտանգի:
Կը դատապարտուի կարճաշունչ ըմբոստացումներու անելին:
Մտահան ընելու չէ՛, որ յեղափոխութիւնները երեխաներու ձեռքին դրուած խաղալիք չե՛ն, այլ՝ սեփական ժողովուրդին նկատմամբ առաւելագոյն զգօնութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով գործելու ծանրախոհութիւն կը պահանջեն:
Իրաւունք չունինք մտահան ընելու, յատկապէս, որ յեղափոխութիւնը շուկայի մէջ շրջանառութեան դրուած՝ «գործածութեան ժամկէտ» ունեցող ապրանք չէ, այլ ժողովուրդի մը ազատագրութեան եւ ինքնահաստատման անփոխարինելի զէնքն է: Յեղափոխութիւնը ո՛չ արուեստականօրէն կրնայ շարժման մէջ դրուիլ, ոչ ալ կրնայ սադրանքով շրջանցուիլ կամ բրտութեամբ ճնշուիլ, եթէ պայքարի դաշտ նետուած ժողովուրդը ունի իր իրաւունքներուն լրիւ գիտացումը եւ զինուած է մինչեւ վերջնական յաղթանակը կռուելու վճռականութեամբ:
Ի վերջոյ գոնէ մենք՝ դաշնակցականներս անզուգական Ռոստոմէն սորված ենք, թէ ինչո՛ւ «պարզ էր, որ յեղափոխութեան յենարանը պէտք էր փնտռել ո՛չ Կովկասում եւ ոչ էլ արտասահմանում, ուր կարող են շատ շուտով ոգեւորուել եւ նոյն արագութեամբ էլ սառչել եւ անտարբերութեան մէջ ընկղմուել, այլ այնտեղ, հեռո՛ւ, հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ, եւ որ յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մի խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները,- նա միայն կը փոխի իր ձեւը, յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք իր էութիւնը»:
Այնպէս չէ, որ մէկուկէս տարի առաջ առաւօտ մը մեր ժողովուրդը արթնցաւ, երեսը լուաց եւ խաչակնքելու տեղ աչքերը յառեց Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր ետեւէն քալելով որոշեց մերժել Սերժին՝ անոր անձով մարմնաւորուած իր ազատութիւնը կրծող եւ արդար վաստակն ու իրաւունքը յափշտակող քաղաքական կառավարման համակարգին:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հո՛ն՝ հայ ժողովուրդի տանջուող սիրտին մէջ խմորուած էր, հոն կուտակուած ցաւի ու զրկանքի, ընդվզումի եւ ցասումի պոռթկումն էր:
Ճամբան երկար է ու քարքարոտ:
Տոկալու եւ յաղթելու համար յեղափոխական կամք ու յանդգնութիւն են հարկաւոր:
Ամէն բանէ վեր՝ մեր տանջուած ժողովուրդի սիրտին մէջ:
asbarez.com/arm/359246/Յեղափոխականները-Հակայեղափոխական/