Ն. Պ. – Արցախի Անկախութեան Հանրաքուէին Ռազմավարական Նշանակութիւնը

Արցախի Անկախութեան Հանրաքուէին Ռազմավարական Նշանակութիւնը

Ն. Պ. – Արցախի Անկախութեան Հանրաքուէին Ռազմավարական Նշանակութիւնը

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐՈՒԱՅ ՍԼԱՔ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Դեկտեմբեր 10ին հայ ժողովուրդը կը նշէ տարեդարձը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէին։

Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ Դեկտեմբեր 1991ի տասներորդ օրը, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին։

Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը պաշտօնապէս դեռ չէր լուծարուած։ Իսկ խորհրդային վերջին՝ այդ ատեն գործող սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով, համաժողովրդական քուէարկութեամբ կատարուած հանրաքուէն իրաւական միակ երաշխիքն էր հաւաքական կամքի ազատ արտայայտութեան։ Եւ Արցախի հայութիւնը, ընտրելով ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքը նուաճելու իրաւական ուղին, օտարերկրեայ դիտորդներու ներկայութեան իրագործեց աննախընթաց հանրաքուէ մը։ Քուէարկութեան մասնակցեցաւ բնակչութեան 82.2 տոկոսը, որուն 99.9 տոկոսը կողմ քուէարկեց Անկախութեան՝ վճռելով Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալ, համաձայն 1990 04 03 թուակիր խորհրդային օրէնքին, որ այդ ժամանակ ուժի մէջ էր եւ միջազգային ճանաչում ունէր:

Անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքով՝ Արցախը 6 Յունուար 1992ին, ԼՂ Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն:

Գերագոյն զոհաբերութեան գնով Արցախն ու ողջ հայութիւնը նուաճեցին Անկախութեան հանրաքուէով ընտրուած անկախութիւնը։

1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան պահանջատիրութիւնը, հակառակ առաջին իսկ քայլերէն իրաւական ուղիով յառաջանալու իր նախանձախնդրութեան եւ հաստատակամութեան, շարունակ հարուածի եւ ծանրագոյն բռնաճնշումի տակ առնուեցաւ ատրպէյճանական իշխանութեանց կողմէ։ Արցախի հայութեան խաղաղ բողոքի հաւաքներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց անօրինակ վայրագութիւններով։ Մայր Հայաստանին վերամիանալու Արցախի քաղաքական պահանջներուն՝ Ատրպէյճան պատասխանեց Արդարութեան եւ Իրաւունքի շարժումը արեան մէջ խեղդելու բարբարոսութեամբ։

Բայց որքան խոր վէրքեր բացաւ թշնամիին հարուածը, այնքան համատարած բնոյթ ստացան մեր ժողովուրդին ընդվզումն ու ցասումը: Արցախը անվեհեր հաստատակամութեամբ շարունակեց իր պահանջատիրութիւնը եւ կառչած մնաց իրաւատիրական իր պայքարը խորհրդային գործող օրէնքներուն եւ միջազգային իրաւունքին սահմանած շրջագիծին մէջ պահելու ռազմավարութեան։

Արցախը բնականաբար նաեւ զէնք բարձրացուց իր պահանջատիրական ձայնը արեան մէջ խեղդելու ատրպէյճանական կամակորութեան եւ ցեղասպանական բռնութեանց դէմ։ Բայց Արցախի հայութեան բարձրացուցած զէնքը ոչ մէկ պարագայի անդին անցաւ ինքնապաշտպանութեան օրինական եւ իրաւական սահմանէն։

Արցախեան պահանջատիրութիւնը այդպէ՛ս, հետեւողականօրէ՛ն, պահպանեց օրէնքի եւ իրաւունքի հունով յառաջանալու իր ողջմտութիւնը։ Ծանրագոյն կորուստներու ճնշման տակ՝ արցախահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամրապնդող ազգային¬ազատագրական պայքարը պարզապէս աւելիո՛վ թափ առաւ եւ ներքնապէս ու կազմակերպականօրէն ամրապնդուեցաւ։

Ատրպէյճանի գործադրած հակահայ կոտորածները ոչ միայն կռանեցին արցախահայութեան պայքարունակութիւնը, այլեւ ընդհանուր դատապարտանքի ալիք բարձրացուցին աշխարհով մէկ՝ ի նպաստ Արցախի հայութեան արդարագոյն դատին։

Փետրուար 1988ի իր շղթայազերծումին հետեւած աւելի քան երկու տարուան ատրպէյճանական եւ խորհրդային ճնշումներէ ու հալածանքնրէ ետք, Արցախեան պահանջատիրութիւնը իր առաջին յաջողութիւնը ձեռք բերաւ 3 Ապրիլ 1990ին, երբ ընդունուեցաւ ԽՍՀՄ այն օրէնքը, որուն համաձայն՝ այսպէս կոչուած «ինքնավար միաւորներ» ունեցող «միութենական հանրապետութիւն» մը, Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու իրաւունք ունենալու համար, պարտաւոր էր հանրաքուէ կազմակերպել իր կազմին մէջ գտնուող միաւորներէն իւրաքանչիւրին մէջ՝ առանձին¬առանձին:

Այդ օրէնքին վրայ հիմնուելով եւ տեսնելով, որ առանց ԼՂԻՄի հայութեան կամքն ու ձայնը նկատի ունենալու՝ Ատրպէյճան մտադիր էր դուրս գալու Խորհրդային Միութեան կազմէն, Արցախը որոշեց քաղաքական պահը ճիշդ օգտագործել եւ տէր կանգնիլ օրէնքով ճշդուած իր իրաւունքին. 2 Սեպտեմբեր 1991ին արցախահայութիւնը հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Իսկ Ատրպէյճան Հոկտեմբեր 1991ին դուրս եկաւ ԽՍՀՄ կազմէն:

Ատրպէյճանի այդ քայլին պատասխանելով էր, ահա, որ 10 Դեկտեմբեր 1991ին՝ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան Միջազգային օրը, Արցախի մէջ կայացաւ Անկախութեան հանրաքուէն։

Եւ այդպէ՛ս, Արցախի հայութիւնը միաձայնութեամբ վճռեց իր վրայէն մէկանգամընդմիշտ թօթափել ատրպէյճանական լուծը։

Անկախութեան հանրաքուէի գործնական ընթացքին հետեւեցաւ շուրջ 40 հոգինոց օտարերկրեայ պատգամաւորական եւ դիտորդական խումբ մը, որուն մաս կը կազմէին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչներ, միութենական հանրապետութիւններու լիազօր ներկայացուցիչներ, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Հանրաքուէին արձանագրած ժողովրդական մասնակցութեան աշխուժութիւնը խորապէս տպաւորեց դիտորդները: Հանրաքուէին օրը ԼՂՀ ողջ տարածքը, յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուեցաւ հրթիռա-հրետակոծութեան՝ խլելով 10 զոհեր: Սակայն այդ բոլորը չկրցան խոչընդոտել Արցախի հայութեան ազատ կամքին միասնական արտայայտութիւնը։

Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունէին 132.328 ընտրողներ, որոնց 108.736ը մասնակցեցան (այսինքն՝ ընտրական իրաւունք ունեցողներուն 82.2 տոկոսը): Հանրաքուէին չմասնակցեցան ԼՂՀ տարածքին վրայ բնակող ու ընտրական իրաւունք ունեցող ատրպէյճանցիները՝ 22.747 անձեր։

Հանրաքուէի դրուած հարցը մէկն էր. «Համաձա՞յն էք արդեօք, որ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լինի այլ պետութիւնների եւ հանրութիւնների հետ իր յարաբերութիւնները ինքնուրոյն որոշող անկախ պետութիւն»: Հանրաքուէին մասնակցողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը, շուրջ 99.9 տոկոսը (108.615 մասնակցող) հարցադրումին յստակ ու կտրուկ «Այո՛» պատասխանեց. 24 մասնակից պատասխանեց՝ «Ո՛չ», իսկ 95 քուէաթերթիկներ անվաւեր ճանչցուեցան։

10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրաքուէով նուիրագործուած միահամուռ այդ «Այո՛»ն հանդիսացաւ օրինական եւ իրաւական գերագոյն արտայայտութիւնը Արցախի հայութեան ինքնավստահութեան եւ վճռականութեան, որոնք մինչեւ մեր օրերը թափ կու տան Արցախի իրողական ազատագրումը միջազգային իրաւական ճանաչումով պսակելու համազգային մեր պայքարին։

Ոգեկոչելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի 28րդ տարեդարձը՝ կ՛արժէ արժեւորման լուսարձակի տակ բերել Արցախի երիտասարդ գիտաշխատող Աւետիք Յարութիւնեանի հետագայ գնահատականը, որ լոյս տեսած է «Առաւօտ»ի այս տարուան 10 Փետրուարի թիւով, «Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Հանրաքուէին Դերը Նորօրեայ Պետականութեան Կառուցման Գործում» խորագրեալ յօդուածի եզրակացութեան մէջ.

«– Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի իրաւական արժէքը, նախ եւ առաջ, այն է, որ դրա արդիւնքում ժողովրդի միաձայն քուէի միջոցով իրաւաբանօրէն հաստատուել է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան՝ որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութեան կառուցման հայեցակարգը, այսինքն՝ այդ պետաիրաւական ակտը բաւարար հիմք է հանդիսացել անկախ պետականութիւն հիմնադրելու համար,

«– Անկախութեան հանրաքուէի իրաւական արժէքը նաեւ այն է, որ, չնայած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հանրաքուէի եւ ընտրութիւնների հետ կապուած որեւէ միջազգային պարտաւորութիւն չունէր եւ հիմա էլ չունի, այնուհանդերձ՝ դրա անցկացման ժամանակ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու հրաւէրներ է ուղարկել միջազգային կառավարական և ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններին, իսկ վերջիններս իրենց կազմած «ԼՂՀ անկախութեան մասին հանրաքուէի արդիւնքների մասին» ակտում փաստել են, որ քուէարկութեան արարողակարգի, քուէաթերթիկների տրման, դրանց ձեւակերպման, ձայների հաշուըման ընթացակարգում դիտորդների կողմից խախտումներ չեն յայտնաբերուել, ինչը ենթադրում է, որ ամբողջ գործընթացը տեղի է ունեցել ԽՍՀՄ սահմանադրութեանը, օրէնսդրութեանը, տեղական իրաւական ակտերին, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի տառին ու ոգուն խիստ համապատասխան,

«– Հանրաքուէի իրաւական արժէքը նաեւ այն է, թէ որքանով է իրագործւում դրա միջոցով ընդունուած որոշումը, քանի որ պատմութեանը յայտնի են դէպքեր, երբ քաղաքացիները վստահութիւնը կորցնում են այդ ինստիտուտի (հիմնարկի-Խմբ.) նկատմամբ՝ ընդունուած որոշումը չիրացուելու պատճառով,

«– Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէն նոր իրողութիւն ու մշակոյթ դարձաւ արցախահայութեան իրաւական կենցաղում եւ նպաստաւոր հիմք հանդիսացաւ ԼՂՀում անմիջական ժողովրդավարութեան ձեւաւորման ու արմատաւորման, ինչպէս նաեւ նոր ինստիտուտի՝ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի ստեղծման համար, որը պէտք է համակարգէր այդ բոլոր գործընթացները: Տարիներ անց վստահաբար կարելի է ասել, որ ԼՂՀ իրաւաքաղաքական պատմութեան մէջ խոշորագոյն միջոցառում համարուող Անկախութեան հանրաքուէի եւ ԼՂՀ առաջին գումարման Գերագոյն խորհրդի ընտրութիւնների անցկացման նպատակով ստեղծուած Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովն իր առաքելութիւնը կատարել է անբասիր ձեւով»:

Այս տարողութեամբ պատմակերտ նշանակութիւն եւ արժէք ունի Արցախի Հանրապետութեան իրաւական վէմը հանդիսացող 10 Դեկտեմբեր 1991ի Անկախութեան հանրաքուէն:

Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի մերօրեայ նուիրագործումն ու միաժամանակ յաղթանակը խորհրդանշող աւանդ է Արցախի Անկախութեան հանրաքուէն, որուն հունաւորած ռազմավարական ուղին այսօր եւս կը պահէ իր այժմէականութիւնը՝ իբրեւ քաղաքական աշխարհի այսօրուան քարտէսին վրայ Հայ Դատի պահանջատիրութեան յառաջապահ ճակատը:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»
ararad-The Holy Mount of Ararat!

asbarez.com/arm/359304/Արցախի-Անկախութեան-Հանրաքուէին-Ռազմ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail