25 նոյեմբեր 2015
Ռուսական «Սու-24» տիպի պատերազմական օդանաւ մը երէկ 6 հազար մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած ատեն ցամաքէն կրակոցի ենթարկուելուն պատճառով ջախջախուած է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաւաստեց, որ նշեալ օդանաւը չէ հատած Թուրքիոյ օդային սահմանը, փաստ մը, որ ամրագրուած է թռիչքի հսկողութեան մեքանիզմներով: Սակայն Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «24 նոյեմբեր 2015-ի ժամը շուրջ 9:20-ին անյայտ պատկանելիութեան օդանաւը Հաթայի (Ալեքսանտրէթ, «Ա.») Եայլատաղ շրջանին մէջ խախտած է Թուրքիոյ օդային սահմանը` հակառակ քանի մը անգամ (5 վայրկեանի ընթացքին 10 անգամ) կատարուած նախազգուշացումներուն: Միջազգային համաձայնագիրները ծիրին մէջ վերոնշեալ օդանաւը ժամը 9:24-ին այդ տարածքին մէջ թռիչքներ կատարող մեր երկու «Էֆ-16» օդանաւերուն կողմէ ջախջախուած է»:
Քրեմլին հակադարձեց յայտարարելով, որ ունի յստակ տեղեկութիւններ, թէ օդանաւը վար առնուած է սուրիական հողերուն վերեւ թռիչք կատարելու ընթացքին:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը ռուսական օդանաւի վար առնուելու դէպքին չեն միջամտած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաղորդեց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «Անքակտելի վճռականութիւն» գործողութեան հրամանատարութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Սթիւ Ուորըն յայտարարած է, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպը կապ չունի ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին հետ, ատիկա «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործն է»:
Փենթակոնի բանբեր Միշել Փալտենսա յայտարարեց, որ Թուրքիա ռուսական օդանաւը իր օդային տարածքին մէջ վար առաւ, սակայն ոչ իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու գործընկեր: Ան վստահեցուց, որ ամերիկեան ուժերը այդ միջադէպին մասնակից չեղան` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ արկածներէ խուսափելու համաձայնութիւնը այս միջադէպին հետ «որեւէ կապ չունի»:
Սուրիոյ թուրքմէններու փոխհրամանատար Ալփասլան Չելիք թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Սու-24»-ին երկու ռուս օդաչուները սպաննուած են: «Մենք սպաննեցինք երկու օդաչուները` անկարգելով էջք կատարելու ընթացքին: Անոնց դիակները հոս են», յայտարարեց Չելիք:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/