Փութինի Բուռն Հակազդեցութիւնը «ահաբեկիչներուն հետ գործակցողներուն կողմէ թիկունքէն դաշոյնի հարուած մը»

25 նոյեմբեր 2015

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին այս միջադէպին անդրադառնալով յայտնեց, որ ռուսական պատերազմական օդանաւը վար առնուած է թրքական «Էֆ-16»-ի մը կողմէ արձակուած հրթիռով մը, մինչ 6000 մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կը կատարէր Թուրքիոյ սահմանէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` աւելցնելով, որ Մոսկուա պիտի վերլուծէ այս արարքը:

Ան ըսաւ, որ օդանաւին վար առնուիլը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն դուրս է, եւ դէպքը նկատեց «ահաբեկիչներուն հետ գործակցողներուն կողմէ թիկունքէն դաշոյնի հարուած մը»:

Փութին ըսաւ, որ ռուսական օդանաւը որեւէ ձեւով սպառնալիք չէր Թուրքիոյ` աւելցնելով, որ Ռուսիան շատոնց արձանագրած է Սուրիոյ ահաբեկիչներուն կողմէ գրաւուած շրջաններէն քարիւղի մատակարարումները Թուրքիոյ:

«Ռուսիան պիտի չհանդուրժէ այս յանցագործութիւնը` ռուսական «Սու-24»-ի դէմ յարձակումը», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` ընդգծելով. «Այսօրուան ողբերգական իրադարձութիւնը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ»:

«Մենք Թուրքիան միշտ նկատած ենք ոչ միայն իբրեւ մօտիկ դրացի մը, այլ` բարեկամ պետութիւն մը: Չեմ գիտեր, թէ այսօր տեղի ունեցածը որո՛ւն շահերէն կը բխէր: Հաստատ, որ ո՛չ մեր: Եւ փոխանակ անմիջապէս մեզի կապուելու, մեր տեղեկութեանց համաձայն թրքական կողմը նախ եւ առաջ դիմած է ՕԹԱՆ-ի մէջ իր գործընկերներուն` քննարկելու համար այս միջադէպը: Կարծէք վար առնուած օդանաւը թրքական էր, երբ իրենք էին, որ մեր օդանաւերէն մէկը վար առին», ըսաւ ան:

Փութին նշեց, որ ռուսական օդանաւին ջախջախման հարցով ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն դիմելու Թուրքիոյ քայլը դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ին ծառայեցնելու փորձ կը յիշեցնէ: «Կը հասկնամ, որ իւրաքանչիւր պետութիւն իր շրջանային շահերը ունի, եւ մենք անոնց նկատմամբ յարգանքով պիտի վարուինք: Սակայն երբեք պիտի չհանդուրժենք այսօր գործուածին նման ոճիրները», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ջնջեց իր Թուրքիա այցելութիւնը, որ նախատեսուած էր այսօր: Ան ռուսերուն թելադրեց Թուրքիա չայցելել` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական սպառնալիքները Եգիպտոսի մէջ եղածներէն նուազ չեն:

Ռուսական զբօսաշրջական մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկը ժամանակաւորապէս չեղեալ նկատեց դէպի Թուրքիա կատարուելիք շրջապտոյտները:

Ռուսիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Յստակ է, որ Անգարա իր թշնամական արարքին Թուրքիոյ շահերուն ու տնտեսութեան վրայ ունենալիք հետեւանքները նկատի չունեցաւ: Հետեւանքները պիտի ըլլան շատ լուրջ»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` հակադարձելով Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելու քայլին, իր մօտ կանչեց Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ իր երկրին իշխանութիւնները պաշտօնական բողոք մը յղած են Անգարայի` նշելով. «Մենք կ՛աշխատինք որդեգրել շարք մը միջոցառումներ` իբրեւ հակադարձութիւն ռուսական օդանաւի ջախջախման»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը խզէ Թուրքիոյ հետ զինուորական մարզի բոլոր յարաբերութիւնները: Նախարարութիւնը նշեց, որ «Մոսքվա» մարտանաւին պարտականութիւն տրուած է «Էս-300» հակաօդային համակարգերով պաշտպանելու Լաթաքիոյ նահանգին օդային տարածքը` աւելցնելով. «Վար պիտի առնենք որեւէ օդանաւ, որուն թռիչքը մեզի սպառնալիք կը նկատենք»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Թուրքիոյ վարմունքը «զայրացուցիչ եւ յուսախաբիչ» է` աւելցնելով, որ Փութին Թուրքիոյ դէմ զինուորական հետեւանքներու մասին չխօսեցաւ, այլ` հետեւանքներու անխուսափելիութեան մասին:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի ղեկավար Քոնսթանթին Քոսաչեւ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ «մէկ ակնթարթի մէջ քանդուեցաւ այն ամէնը, ինչ որ տարիներով մշակուած էր ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ. վստահութիւն եւ գործընկերութիւն: Վերադարձաւ անվստահութիւնը եւ թշնամութիւնը»` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կողմէ ներում հայցելու յոյսեր չկան, եւ այժմ Մոսկուա կը սպասէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի գործընկերներու արձագանգին: «Իսկ Թուրքիոյ հետ բոլոր միջպետական կապերը, կը կարծեմ, պէտք է չեղեալ յայտարարել, մինչեւ լաւագոյն ժամանակները», նշեց Քոսաչեւ:

Տումայի փոխնախագահ Նիքոլայ Լեւիչեւ յայտարարեց, որ ռուսական օդանաւը վար առնուած է ամերիկեան իշխանութիւններուն զինուորական գործակցութեամբ:

Տումայի անդամներ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուխով (երկուքն ալ` Համայնավար կուսակցութեան խմբակցութենէն) Փութինին կոչ ուղղած են խզելու Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Անոնք համոզուած են, որ Թուրքիոյ քայլը արագ պատասխան-միջոցառումներ կը պահանջէ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց իրարու հետ ուղղակի կապի մէջ մտնելու:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ ունեցած իր հանիպումէն ետք յայտարարեց, որ Թուրքիա իրաւունք ունի իր հողային ու օդային տարածքը պաշտպանելու` աւելցնելով, որ Թուրքիան ու Ռուսիան պէտք է ուղղակի կերպով իրարու հետ խօսին գոյացած լարուածութիւնը վնասազերծելու համար:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Տաւութօղլուի եւ պաշտպանութեան նախարարին մասնակցութեամբ գումարեց ապահովական արտակարգ ժողով մը` քննարկելու համար միջադէպը: Տաւութօղլու յայտարարեց. «Թուրքիա իրաւունք ունի իր օդային տարածքի բռնաբարման հակադարձելու եւ բռնաբարումները արգիլելու համար որեւէ միջոցառում որդեգրելու»:

Էրտողան յայտարարեց, որ մօտ օրէն Սուրիոյ մէջ պիտի ստեղծէ «մարդկային ապահով շրջան», որ կ՛երկարի Ժարապլուսէն Միջերկրական:

ՕԹԱՆ միջադէպէն անմիջապէս ետք պահանջեց ՕԹԱՆ-ի արտակարգ ժողով մը, որ գումարուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail