Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Իշխանութիւնը Երկրորդ Մակարդակ Կը Մղէ Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Պայմանագիրի Կնքումը»
12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները` առնուազն Արցախի հարցին առնչուող, անհետեւողական են եւ հակասական: Ան յիշեցուց, որ վարչապետը անգամ մը կ՛ըսէ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», իսկ այլ առիթով կը պնդէ Արցախը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին:
«Հարց կը ծագի. եթէ Արցախը Հայաստանի մաս է, ապա բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի ի՞նչ մասնակցութեան մասին է խօսքը: Այդ շարքէն են վարչապետի յայտարարութիւնները այն մասին, որ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի դիրքորոշումները տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ նոյնն են: Ասիկա նոյնպէս կը վերացնէ բանակցութիւններուն մէջ Արցախի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը», յայտնեց ան:
Մանոյեան հաստատեց, որ Հայաստան միանգամընդմիշտ պէտք է փաստաթուղթերով ամրագրէ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի կարգավիճակը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ Հայաստանին` աւելի հետեւողական ըլլալու բանակցութիւններուն մէջ, դադրեցնելու ազրպէյճանական մեղադրանքները:
Ան նկատել տուաւ, որ գործող իշխանութիւնը կը կրկնէ նախորդ ղեկավարութեան սխալը` երկրորդ մակարդակ մղելով Երեւանի` Արցախի անկախութեան պաշտօնապէս ճանաչումն ու Ստեփանակերտի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի պայմանագիրի կնքումը: Մանոյեան կ՛ենթադրէ, որ հայկական դիւանագիտութիւնը կը վախնայ արտաքին ճնշումէն, բայց ասիկա արդարացուած չէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն նշեց, որ բանակցութիւններուն գծով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են յաջորդ տարուան սկիզբը հանդիպիլ, ինչ որ դրական է, բայց պարզ չէ, թէ ինչի՛ մասին խօսած են: «Այն փաստը, որ այդ եռակողմ հաղորդակցութիւնը հնգակողմ չէ եղած, կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը համաձայն չեն եղած անոր բովանդակութեան», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով շրջան ընող այն լուրերուն, որ Ազրպէյճան կը փափաքի, որ բանակցութիւններուն մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքը` Կ. Մանոյեան նկատել տուաւ, որ եթէ մեծ ձեւաչափով հանդիպում պիտի կայանայ, ապա չի կարծեր, որ դիմացի կողմը պէտք է առարկէ, թէ ո՛վ մաս կը կազմէ Ալիեւի պատուիրակութեան:
Ներքաղաքական զարգացումներուն անդրադառնալով` Մանոյեան նկատել տուաւ, որ առնուազն Դաշնակցութեան մասին Փաշինեանի ըսածները հետզհետէ համահունչ կը դառնան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ըսածներուն: «Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ալ 1992-1994-ին, երբ մեր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը արտաքսեց երկրէն, 1994-ին քայլեր ձեռնարկեց, որպէսզի կուսակցութիւնը փակուի Հայաստանի մէջ: Մէկ կողմէ ալ կ՛ըսէր, որ Դաշնակցութիւնը ազգային արժէք է: Հիմա ճիշդ նոյն մօտեցումով Փաշինեանը կը խօսի, որ, ցաւօք սրտի, այդպէս պիտի ըլլայ, հակառակ որ ազգային արժէք է Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան` շեշտելով, որ այդպէս կարելի չէ գործել, եւ բոլորը պէտք է գիտակցին, թէ փափաքներով կարելի չէ շարժիլ, պէտք է ընդունիլ իրականութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը մէկ կազմակերպութիւն է` «դուրսի-ներսի, հին-նոր ըսելը ոչ ոքի օգուտ պիտի բերէ»:
aztagdaily.com/archives/457157