Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կողմ Քուէարկած Է Թուրքիոյ Նկատմամբ Պատժամիջոցներու Նախագիծին
12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 18 կողմ եւ 4 դէմ ձայներով ընդունած է Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու նախագիծը: Ծերակուտական Ռենտ Փոլ հանած է իր վեթոն:
Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Երկկուսակցական բանաձեւը ուղարկուած է Ծերակոյտի լիագումար նիստի օրակարգ:
aztagdaily.com/archives/457147