Նշելով, Թէ Էրտողան Սատտամէն Աւելի Վտանգաւոր Է. «Բռնատէր Էրտողան Կ՛ուզէ Վերականգնել Օսմանեան Կայսրութեան Փառքը» Կ՛ըսէ Իտալացի Ծերակուտական Մը
12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իտալիոյ Ծերակոյտի անդամ եւ ընդդիմադիր «Լա Լիկա» կուսակցութեան անդամ Ռոպերթօ Քալտերոլի զգուշացուց «Լիպիոյ մէջ թուրքերուն կողմէ հաւանական զինեալ միջամտութենէն»:
«Տագնապին զինեալ միջամտութիւնը աղէտ եւ անկանխատեսելի հետեւանքներ պիտի յառաջացնէ», նշեց իտալացի ծերակուտականը:
«Գոյութիւն ունին անձեր, որոնք պէտք է սթափին եւ գիտակցին, թէ Էրտողան դարձած է այլ Սատտամ Հուսէյն մը, եւ աւելի վտանգաւոր, քան Սատտամը», յայտարարեց Քալտերոլի:
«Բռնատէր Էրտողան կ՛ուզէ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութեան փառքը եւ Միջերկրականը վերածել թրքական ծովու: Պէտք է զգուշանանք, այլապէս մօտ օրէն պիտի լսենք բացագանչող մը, թէ թուրքերը մեր ծովեզերքը հասան, ինչպէս պատահեցաւ 1571 թուականին եւրոպական դաշինքին ու Օսմանեան կայսրութեան միջեւ Լեփանթօ ճակատամարտէն առաջ, որ աւարտեցաւ վերջինիս պարտութեամբ», նշեց իտալացի ծերակուտականը:
aztagdaily.com/archives/457202