Հայաստանի Բնակիչները Գոհ Են Փտածութեան Դէմ Կառավարութեան Մղած Պայքարէն եւ Լաւատես՝ Երկրին Ապագային Նկատմամբ
12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (ՄՀՀ) Հասարակական հարցումներու կեդրոնին կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ կառավարութեան կողմէ ի գործ դրուած փտածութեան դէմ ջանքերը կը վայելեն մեծ աջակցութիւն, եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը լաւատես է երկրին ապագային նկատմամբ: Սակայն քաղաքացիները կը փափաքին տեսնել յաւելեալ քայլեր՝ ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ անցումային արդարադատութեան ոլորտին վերաբերող: Աւելի՛ն, 66 տոկոսը այն կարծիքին է, որ կառավարութիւնը բաւարար քայլերու կը դիմէ՝ պայքարելու փտածութեան դէմ (արձանագրուած է աճ նախորդ հարցման 59 տոկոսէն), իսկ 70 տոկոսը այն կարծիքին է, որ այդ պայքարը արդիւնաւէտ եղած է: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմէնփրես»՛-ը։
«Հայաստանի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն դէմ վերջերս ներկայացուած պաշտօնական մեղադրանքները ցոյց կու տան, թէ որքա՛ն լուրջ եղած է փտածութեան հարցը նախկին վարչակարգին ժամանակաշրջանին», ըսաւ Սթիվըն Նիքս՝ ՄՀՀ-ի Եւրասիոյ տարածաշրջանի տնօրէնը՝ աւելցնելով. «Ոգեւորիչ է տեսնել, որ հարցախոյզին արդիւնքները կ՛արտացոլեն նոր կառավարութեան փտածութեան դէմ պայքարի ջանքերուն դրական ընկալումը»։
Ըստ հարցախոյզին՝ Հայաստանի բնակիչներուն 70 տոկոսը լաւատես է երկրին ապագային նկատմամբ, իսկ 62 տոկոսը կը կարծէ, թէ երկրին զարգացումը կ՛ընթանայ ճիշդ ուղիով: Երկրին իշխանութիւններուն աշխատանքով բաւարարուած ըլլալու հանգամանքը կը շարունակէ պահել իր բարձր ցուցանիշը՝ մասնակցողներուն 76 տոկոսը դրական կը գնահատէ վարչապետին գրասենեակին աշխատանքը, իսկ 63 տոկոսը գոհ է Ազգային ժողովին աշխատանքէն:
Հակառակ լաւատեսութեան այս դրսեւորումներուն՝ կան նաեւ շարք մը հանրային մտահոգութիւններ: Կը շարունակէ աւելնալ թիւը այն քաղաքացիներուն, որոնք մատնանշած են աշխատատեղերու ստեղծման (38 տոկոս՝ նախորդ հարցման 30 տոկոսին հետ համեմատած) եւ ընկերային-տնտեսական հարցերը (29 տոկոս՝ նախորդ հարցման 18 տոկոսին համեմատ)՝ իբրեւ կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններ, ինչպէս նաեւ աւելցած է տոկոսը այն մարդոց, որոնք կառավարութեան մեծագոյն ձախողութիւնը կը նկատեն վատ կառավարումը՝ 27 տոկոս (աճ 5 տոկոսով):
Սթիվըն Նիքս ըսաւ, որ, թէեւ կառավարութիւնը լաւ ցուցանիշներու հասած է փտածութեան դէմ պայքարի բարեփոխումներուն առումով, «սակայն մենք կը նկատենք նշաններ, որ բնակչութիւնը մտահոգ է ընկերային-տնտեսական բնագաւառին մէջ յառաջընթացի կշռոյթով»:
Հայաստանի բնակչութիւնը նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ դատական բարեփոխումներուն եւ անցումային արդարադատութեան իրականացման հանդէպ: Հարցախոյզին մասնակցողներուն 82 տոկոսը կը կարծէ, թէ դատական բարեփոխումը պէտք է ըլլայ կարեւոր առաջնահերթութիւն, իսկ 60 տոկոսը կը փափաքի տեսնել այնպիսի անցումային արդարադատութեան համակարգ, որ կը քննէ նախորդ վարչակարգի օրերուն տեղի ունեցած իւրաքանչիւր հարց՝ փտածութենէն եւ ապօրինի հարստացումէն մինչեւ մարդու իրաւունքներու խախտումներ եւ ընտրակեղծիք:
Արժանի է յիշատակել, որ պատմականօրէն հայրիշխանական հասարակութիւն հանդիսացող Հայաստանի մէջ, բնակիչներուն 96 տոկոսը այն կարծիքին է, որ կանանց հանդէպ բռնութեան բոլոր տեսակները պէտք է օրէնքով պատժելի ըլլան, իսկ 90 տոկոսը կը հաւատայ, որ պետութիւնը պէտք է վերացնէ կանանց նկատմամբ խտրական օրէնքները եւ գործելակերպը:
Հարցախոյզը նաեւ ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի հասարակութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը դրական վերաբերում ունի բանակին նկատմամբ։ Մասնակցողներուն 91 տոկոսը դրական արտայայտուեցաւ բանակին նկատմամբ, 8 տոկոսը՝ բացասական, 1 տոկոսը նշեց, որ պատասխան չունի:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին աշխատանքը դրական կը գնահատէ մասնակցողներուն 82 տոկոսը, 15 տոկոսը՝ բացասական, 3 տոկոսը պատասխան չունի:
Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմին աշխատանքը դրական կը նկատէ մասնակցողներուն 76 տոկոսը, 22 տոկոսը՝ բացասական է, 1 տոկոսը պատասխան չունի:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ դրական վերաբերում կը ցուցաբերէ հարցախոյզին մասնակցողներուն 74 տոկոսը, 21 տոկոսը բացասական մօտեցում ունի, 5 տոկոսը պատասխան չունի:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին աշխատանքը դրական կը նկատէ 63 տոկոսը, 24 տոկոսը՝ բացասական, 13 տոկոսը պատասխան չունի:
Հարցախոյզին մասնակցողներուն մեծ մասը ժխտական կը նկատէ դատախազութեան եւ դատարաններուն աշխատանքը: Դատախազութեան աշխատանքը դրական կը նկատէ անոնց 38 տոկոսը, բացասական՝ 55 տոկոսը: Դատարաններուն աշխատանքը դրական կը նկատէ 36 տոկոսը՝ բացասական‘ 57 տոկոսը:
Մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը բացասական վերաբերում ունի նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններուն նկատմամբ. 42 տոկոսը քաղաքական կուսակցութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերում ունի, 52 տոկոսը՝ բացասական:
yerakouyn.com/2019/12/12/հայաստանի-բնակիչները-գոհ-են-փտածութե/