ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Յարաբերութիւնները Խաթարող Հարցը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Յարաբերութիւնները Խաթարող Հարցը

12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երեք ծերակուտականներ արգելակեցին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւին որդեգրումը` նշելով, որ այդ ճանաչումը պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այն հարցը չէ, որ կրնայ վնասել Միացեալ Նահանգներու կամ որեւէ այլ երկրի` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Իրողութիւն մը, որուն անդրադառնալու համար ծերակուտական Կրահամ, Փըրտիու, Քրէյմըր կամ ուրիշներ պէտք է վերյիշեն 1975-ին եւ 1984-ին Ներկայացուցիչներու տան, 1981-ին նախագահ Ռոնըլտ Ռիկընի, աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներու, որոնց շարքին ՕԹԱՆ-ի 11 անդամներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նախադէպերը կամ առնուազն այդ իրողութիւնը վերահաստատող վերջին պարագան` ծերակուտական Կրահամի կողմէ վեթոյի կիրարկումէն հազիւ քանի մը օր առաջ 435 անդամներ հաշուող Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 405 թեր քուէներով ցեղասպանութեան շռնթալից ճանաչման օրինակը:

Վերոնշեալ բազմաթիւ օրինակներուն հիմամբ կարելի է վստահ ըլլալ, թէ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը ինչպէ՛ս միշտ պիտի ըլլայ կանխատեսելի, ձեւական ու ժամանակաւոր: Թուրքիան այսօր բնականոն կերպով կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած բոլոր երկիրներուն հետ զարգացնել իր յարաբերութիւնները:

Այն ինչ որ կրնայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վնասել ամերիկեան կողմի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլը չէ, այլ ամերիկեան «Փաթրիոթ»-ին փոխարէն ռուսական «Էս-400», ամերիկեան «Էֆ-35»-ին փոխարէն ռուսական «Սու-35» եւ «Սու-57» գնելու, «Ինճիրլիք»-ի ռազմակայանը փակելու, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ սիրախաղերն ու Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ թրքական կողմի քայլերը: Նոյնքան կարեւոր է այդ քայլերուն Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան ոչ համահունչ ըլլալու իրողութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 3 դեկտեմբերին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար Լոնտոն մեկնելէ առաջ յայտարարեց. «Ռուսիան Թուրքիոյ գլխաւոր գործընկերներէն մէկն է: Սակայն Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները այլընտրանք չեն միւս դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններուն, այլ հակառակը, անոնք փոխլրացնող յարաբերութիւններ են»: Այդ յայտարարութիւնը շատ բնական, տրամաբանական եւ հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ զայն հնչեցնողը ՕԹԱՆ-ի ոչ անդամ պետութեան մը ղեկավարը ըլլար: Այդ յայտարարութեան թայմինկը եկաւ առաւել եւս շեշտելու անոր գայթակղալից ու խնդրայարոյց բնոյթը:

Ճիշդ է, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ դաշինքը Ռուսիան թշնամի չի նկատեր, որովհետեւ «անիկա Խորհրդային Միութեան պէս չէ», սակայն գործնական գետնի վրայ դաշինքին կատարած քայլերը` անդադար դէպի արեւելք ընդարձակուիլը, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ նման յետխորհրդային երկիրներու հետ ներկայ յարաբերութիւններն ու անոնց հեռանկարներուն մասին ռուսական արջին անվտանգութեան վերաբերեալ ամէնէն խոր մտավախութիւնները հրահրող յայտարարութիւնները այլ բան կը յուշեն:

ՕԹԱՆ-ի անդամները անտարբեր չեն կրնար մնալ ռուս-թրքական մերձեցման նկատմամբ, որուն վկայութիւնն է «Էս-400»-ներու գնման երեւոյթը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին իրաւացիօրէն զարմանք յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ մը կը գնէ ռուսական զէնք: Թուրքիոյ նախագահը հպարտութեամբ յայտարարեց, որ անոր տուած է «ես քեզի՞ պիտի հարցնեմ, թէ որմէ ի՛նչ պիտի գնեմ» պատասխանը, որ ո՛չ միայն անկիրթ է, այլ նաեւ անհեթեթ:

Եթէ Թուրքիոյ `ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը անկեղծ է, ապա դաշինքին ու Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւները չի կրնար նկատել փոխլրացնող: Այն իրողութիւնը, որ այդ երկուքը կը նկատէ փոխլրացուցիչ եւ այդ հիմամբ ալ կը գնէ ու կը մտածէ գնել ՕԹԱՆ-ի սպառազինութեան հետ անհամատեղելի ռուսական արդիական սպառազինութիւն, կու գայ վկայելու դաշինքին նկատմամբ յանձնառութեան թուլացման մասին, ինչ որ դաշինքին մէջ բնականաբար կը ստեղծէ հարցականներ եւ Թուրքիոյ նկատմամբ ոչ անտեղի կասկածներ, որոնք հետզհետէ կ՛ամրապնդուին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու իրերայաջորդ ու կրկնուող մեծամիտ ու ամբարտաւան յայտարարութիւններուն պատճառով:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/457146

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail