«Ղարաբաղի Ատրպէյճանական Համայնք» Հասկացութիւնը Սկսած է Իր Գլուխը Ցցել
13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
«Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք» կոչուած խմբաւորման նախագահ Թուրալ Կեանճաեւ
Ա.Ա.
Երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, որ կարեւոր է Ղարաբաղի հայերուն եւ Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքին անդամներուն միջեւ շփումները, որովհետեւ Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնն է, որ պիտի որոշէ, թէ այսուհետեւ ինչպէս կ՛ուզէ ապրիլ միասնաբար, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթին կողմերու մասնակցութեան փոփոխութեան ակնարկութիւնը առաւել յստակացաւ։
«Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք» կոչուած խմբաւորման մը մասին խօսակցութիւնները եւ ակնարկութիւնները առաւել շեշտուեցան վերջին ամիսներուն, երբ համայնքի ղեկավար Թուրալ Կեանճաեւ յանկարծ սկսաւ աշխուժ գործունէութեան մը։Ան նախ շրջապտոյտ մը կատարեց Պաքուի հայոց եկեղեցւոյ մէջ եւ զայն ներկայացուց իբրեւ հայկական լաւապէս պահպանուած կառոյց մը, որ «կը վայելէ Պաքուի իշխանութիւններուն ամբողջական հոգատարութիւնը»։Եկեղեցւոյ միայն արտաքին շինութիւնը ցոյց տալով՝ ատրպէյճանցիք կը խորհէին, որ կրնան խաբել միջազգային ընտանիքը եւ ներկայանալ իբրեւ հայկական կառոյցներու նկատմամբ հոգածու վերաբերում ունեցող կողմը։
Կեանճաեւ ապա պատրաստեց երկրորդ տեսանիւթ մը, այս անգամ ներկայացնելով ղարաբաղեան ձիերը՝ իբրեւ ատրպէյճանական ձիեր, մինչդեռ Ատրպէյճան անունով երկրի մը գոյութենէն դարեր առաջ իսկ Արցախեան ձիերը մեծ հռչակ ունէին եւ կը գործածուէին նոյնքան հռչակաւոր եւ բարձրագոյն աստիճանի մարտունակ հայկական նշանաւոր Այրուձիին կողմէ։ Այս պարագային ալ կար պատմական իրողութիւնները նենգափոխելու նպատակ, ինչպէս էր օրինակի համար արցախեան գորգերուն, փայտագործութեան եւ արուեստի միւս բոլոր բնագաւառներուն պարագային։ Նպատակը յստակ էր։ Այն ամէն ինչը, որ արցախեան է, ներկայացնել իբրեւ ատրպէյճանական ժառանգութիւն։
Այս գործունէութեան զուգահեռ՝ Կեանճաեւ սկսաւ նաեւ քաղաքական տեսակցութիւններու եւ հանդիպումներու։Նախ Ուաշինկթըն, ապա Մոսկուա, ապա այլ մայրաքաղաքներու մէջ, ան դասախօսութիւններու, տեսակցութիւններու եւ հանդիպումներու միջոցով սկսաւ խօսիլ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք»-ին մասին, ներկայացնելով անոր պատկերացումները, իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները՝ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ։
Այս ծիրին մէջ Կեանճաեւ այս շաբաթասկիզբին կը գտնուէր Պրիւքսէլ, ուր Եւրոպական Քաղաքական Կեդրոնին մէջ կայացած Կլոր Սեղանին մասնակցեցաւ եւ զեկուցեց «Հայկական Ուժերուն Գրաւման Արդիւնքներուն Մասին»։ Կեանճաեւ յայտարարեց,որ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանցիները պատրաստ են բանակցելու շրջանին հայ բնակիչներուն հետ։
Կեանճաեւի այս աշխուժութեան վրայ է, որ իւրայատուկ իմաստ եւ բաւական մտահոգիչ կը դառնայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ատրպէյճանցի համայնքներուն միջեւ շփումներու կարեւորութեան, թէ ի վերջոյ երկու համայնքները պիտի որոշեն, թէ ինչպէս կ՛ուզեն իրարու հետ ապրիլ։
Եւ երբ ի մտի կ՛ունենանք Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Իգիթեանի այն նշումը, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարած է, որ խնդիր չկայ, եթէ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ Արցախի ատրպէյճանական համայնքը, պատկերը առաւել կը յստականայ, թէ ինչ բովանդակութեան մէջ է, որ կը կատարուէին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարութիւնները եւ ակնարկութիւնները՝ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք»-ին տունդարձի իրաւունքին եւ անկէ ետք միայն հանրաքուէի կայացման մասին։
Պաքու յստակ է, որ քայլ առ քայլ կը փորձէ ուղղուիլ եւ ընթանալ այնպիսի ուղիէ մը, որուն վրայ կանգառներ չկան, ոչ ալ ճամբան քարքարոտ է, եթէ հարցը կը վերաբերի Ատ րպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերակցմամբ։Այս մարտավարութեան մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք»-ին ներկայացուցած կարեւորութիւնն է, որ առաւել սկսած է շեշտուիլ, այնքան մը, որ անոր ներկայացուցիչները կրնայ հաւասարէ հաւասար բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստեցնել, եթէ Մինսքի համանախագահութիւնը եւ Ազրպէյճան ընդունին, որ Արցախի պետութեան ներկայացուցիչները բանակցութիւններու կրնան մասնակցիլ, իբրեւ տագնապին առնչակից կողմ մը, որուն համահաւասար կը ներկայանայ ատրպէյճանական համայնքը։
Այս համահաւասարութեան խնդրին է, որ անդրադարձաւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, որուն կարծիքով, չափազանց վտանգաւոր է վերջին օրերուն շրջանառութեան դրուած այն տեսակէտը, թէ արցախեան կողմին բանակցութիւններուն մասնակցութեան զուգահեռ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք»-ին ներկայացուցիչներն ալ պէտք է մասնակցին բանակցութիւններուն։
yerakouyn.com/2019/12/13/ղարաբաղի-ատրպէյճանական-համայնք-հա/