24 նոյեմբեր 2015
rusarminfo.ru կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեան Երեւանի մէջ կայացած հայաստանցի եւ ռուս քաղաքագէտներու կլոր սեղանի ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ տարածքին ահաբեկիչներու չեզոքացման ուղղուած գործողութիւնը կրնայ հանգեցնել Իսլամական Պետութեան (ԻՊ – ISIS) ահաբեկիչներու ներթափանցման հարաւային կովկասեան տարածաշրջանի երկիրներ եւ, մասնաւորաբար Հայաստան։
«Ահաբեկիչներու ներթափանցումը Կովկաս հնարաւոր է, սակայն Հայաստանը այն վայրը չէ, ուր անոնք պիտի երթան», համոզուած է ռուս փորձագէտ Վլատիմիր Եւսէեւ։
«Հայաստան կարելի է ներթափանցել Նախիջեւանի տարածքէն՝ Թուրքիոյ հետ սահմանի շատ նեղ հատուածէն, որ թրքական կողմի վերահսկողութեան տակ է։ ԻՊ-ի ահաբեկիչները կրնան Հայաստան ներթափանցել Հայաստան միայն այն պարագային, երբ Թուրքիան անոնց գիտակցաբար այնտեղ ուղորդէ», rusarminfo-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Եւսէեւը։
Անոր համոզումով՝ այլ հատուածներէ ահաբեկիչներու մուտքը Հայաստան անկարելի է, որովհետեւ սահմանը համատեղ կերպով կը վերահսկուի հայ եւ ռուս սահմանապահներու կողմէ։
Ռուս փորձագէտը կ՚ըսէ, որ ռուսական բանակի Սուրիոյ մէջ վարած ռազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած բացասական հետեւանքներու շուրջ «պատմութիւնը» Հայաստանի պարագային արհեստականօրէն կ՚օգտագործուի պետութեան ներքաղաքական իրավիճակը լարելու նպատակով։
rusarminfo.ru կը յիշեցնէ, որ Ռուսիոյ օդուժը Սուրիոյ տարածքին կ՚իրականացնեն Իսլամական Պետուեան ահաբեկչական խմբաւորման չէզոքացման գործողութիւնը։ Ներկայ դրութեամբ Ռուսիոյ օդուժի կողմէ իրականացուած է 1752 ռազմական թռիչք եւ ոչնչացուած է ԻՊ-ի 2600 դիրք։
http://www.horizonweekly.ca/