Թուրքիան ԱՄՆ Ծերակոյտին Ընդունած Բանաձեւը «Անպատասխանատու» Անուանած է. Պաշտօնական Արձագանգներ

Թուրքիան ԱՄՆ Ծերակոյտին Ընդունած Բանաձեւը «Անպատասխանատու» Անուանած է. Պաշտօնական Արձագանգներ

13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Թուրքիոյ մէջ բուռն արձագանգներու տեղիք տուած է ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը: Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ծերակոյտին որոշումը դատապարտող յայտարարութիւններ կ՛ընեն:

1915 -ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցող ԱՄՆ բանաձեւը կրնայ երկու երկիրներու միջեւ լուրջ տարաձայնութիւններու պատճառ դառնալ, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի աշխատակազմի կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթին Ալթուն, կը փոխանցէ tert.am-ը:

Վերջինիս խօսքով` «ԱՄՆ Քոնկրեսի որոշ անդամներ» վերջին ամիսներուն իրենք զիրենք ծայրայեղ անպատասխանատու կերպով դրսեւորած են` այդպիսով «երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւն յառաջացնելով»:

«Այդ բանաձեւերը պատմութեան մէջ պիտի մնան որպէս ԱՄՆ Քոնկրեսի որոշ անդամներու` Թուրքիոյ դէմ ուղղուած անմիտ եւ անհոգ գործունէութեան պտուղ: Եւ զգալի ու երկարատեւ վնաս պիտի հասցնեն երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն»,- ընդգծած է ան:

Բացի դա, Ալթուն յիշեցուցած է Թուրքիոյ առաջարկը «1915-ի իրադարձութիւններուն անկողմնակալ գնահատական տալու համար պատմաբաններու միջազգային խումբ ստեղծելու վերաբերեալ»: Վերջինիս կարծիքով` «պատմութիւնը պէտք է ոչ թէ բաժնէ, այլ միաւորէ ազգերը»:

Թուրքիոյ նախագահականէն ետք չուշացաւ նաեւ ԱԳՆ արձագանգը: ԱՄՆ Ծերակոյտին որոշմին արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու: Ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է` ըսելով.

«ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին որոշումը քաղաքական բեմադրութիւն է: Անիկա իրաւական հենք եւ ուժ չունի: Անոնք որոնք պատմութիւնը կ՛օգտագործեն քաղաքական նպատակներով` վախկոտներ են, որոնք չեն ցանկար առերեսուիլ պատմութեան հետ»:

Արձագանքած է նաեւ Էրտողանի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը: Ան նշած է, որ այս որոշումը « թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, ռազմական, ոլորտի մէջ Թուրքիոյ վճռական դիրքորոշման վրայ ոչ մէկ կերպով ազդեցութիւն կրնայ ունենալ»:

Թուրքիայի խորհրդարանական ուժերը նոյնպէս դատապարտած են ԱՄՆ Ծերակոյտին որոշումը։

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակացութեան (ԱԶԿ-AKP) փոխնախագահ Մահիր Ունալը յայտարարած է, որ Թուրքիան ԱՄՆ Ծերակոյտի որոշումը կ՛ընդունի «առ ոչինչ»:

Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած 3 ընդդիմադիր ուժերը` «Ժողովրդահանրապետական» (CHP), «Ազգայնական շարժում» (MHP) եւ «Լաւ» (İYİ PARTİ) կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններու նախագահները դատապարտելով Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը՝ յայտարարած են, որ ի պատասխան՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւնները եւս պէտք է հանդէս գան միասնական որոշումով:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/12/13/թուրքիան-ամն-ծերակոյտին-ընդունած-բան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail