Ալէն Սիմոնեան. “Դատական համակարգը պատրաստ էր սպասարկելու օրուան իշխանութիւնը”
12/12/2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – //norharatch//
ՀՀ Ազգային ժողովը Դեկտեմբեր 10-ին առաջին ընթերցումով ընդունած է Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու՝ կանուխէն կենսաթոշակի անցնելու մասին օրէնքներու նախագիծերու ծրարը: Այսինքն, եթէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորները, ներառեալ՝ նախագահ Հրայր Թովմասեան մինչեւ 2020 Յունուար 31 հրաժարական տան, մինչեւ իրենց պաշտօնավարման շրջանի լրանալը պիտի ստանան իրենց աշխատավարձին չափով կենսաթոշակ:
Այս զարգացման լոյսին տակ իշխանութեան դէմ ուղղուած զանազան քննադատութիւններու եւ մեղադրանքներու անդրադառնալով՝ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեան լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ դատական համակարգը արդէն պատրաստ էր սպասարկելու օրուան իշխանութիւնը, սակայն վերջինս մերժած է ատիկա: “Այդ իսկ պատճառով արդարացուած չէ ընդդիմադիր մեր գործընկերների այն քննադատութիւնը, թէ իշխանութիւնը ՍԴ անդամների վաղ կենսաթոշակային համակարգի ներդրմամբ ուզում է ձեւաւորել իրեն յարմար դատական իշխանութիւն”, ըսած է Սիմոնեան:
Ըստ անոր՝ երկրին մէջ առկայ է դատական իշխանութեան խնդիր, զոր կը մատնանշեն ոչ միայն իշխանութեան ներկայացուցիչները, այլ ընդդիմութիւնն իսկ: “Բայց, նեղսրտեց նա (ընդդիմութիւնը – «ՆՅ»), երբ քայլ է արւում որեւէ բան լուծելու, սկսում են շահարկել, թէ իշխանութիւնը փորձում է ձեւաւորել դատական իշխանութիւն, որն իրեն յարմար կը լինի։
Եթէ նման քայլի գնալու լինէինք, ապա այդ համակարգն ի սկզբանէ ստեղծուել էր սպասարկելու համար, այն պատրաստ է եղել սպասարկել օրուայ իշխանութեան պահանջները, բայց մենք դրանից հրաժարուել ենք”, ըսած է Սիմոնեան: Ան նաեւ աւելացուցած է, որ խօսքը չի վերաբերիր բոլոր դատաւորներուն, քանի որ դատական համակարգին մէջ ալ կան բազմաթիւ պարկեշտ անձնաւորութիւններ:
“Իշխանութիւնն ուզում է ձեւաւորել դատական համակարգ, որը կը գործի անկախ՝ որպէս իշխանութեան երրորդ ճիւղ: Այլ կերպ ասած, այս ամէնի մէջ որեւէ աւել բան չկայ ու չի կարող լինել”, եզրափակած է Ազգային ժողովի փոխնախագահը:
norharatch.com