ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ – Ակնարկ. Պաքուն Կը Շահարկէ ԵԱՀԿ-ի Ձեւակերպած «Այլ»-ը. Հայ Գաղթականներու Տունդարձի Իրաւունքը
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պաքուի կողմէ Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքին բանակցութիւններու մէջ ներգրաւման մասին կատարուող բարձրաձայնումները հակադարձութիւն են պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի հայկական կողմի առաջադրանքին:
Գաղթականներու հարցը արծարծ պահելու Պաքուի քաղաքականութիւնը պատմական ունի: Անիկա ուղղուած չէ միայն միջազգային ընտանիքին` ուշադրութիւն գրաւելու, մարդասիրական զանազան ծրագիրներէ օգտուելու եւ միջազգային հանրային կարծիքին վրայ զգայուն ալիքներ հաղորդելու համար:
Ուրեմն, ըստ ԵԱՀԿ-ի 1992 թուականի մարտ 24-ի Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին, հակամարտութեան կողմեր են Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած եւ այլ ներկայացուցիչներ: «Այլ» ձեւակերպումը Պաքուն կը շահագործէ իր շահերէն մեկնած մեկնաբանութիւններ հրապարակայնացնելով:
Երկրորդ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը երբեք չեն ընդունած Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք ձեւակերպումը, թէեւ այդ համայնքի ներկայացուցիչները անուղղակի ձեւով ներկայացուած են բանակցութիւններուն 1994-1997: Այդ ներկայութիւնը եղած է ազրպէյճանական պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմելով: Իբրեւ անկախ միաւոր Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքը երբեք չէ մասնակցած որեւէ բանակցութեան:
Ազրպէյճանը երբեք չէ ընդունած Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային կողմ ըլլալը, թէեւ բանակցած է եռակողմ ձեւաչափով 1994-1997:
Ազրպէյճանի մարտավարութիւնը հետեւեալը եղած է միշտ. կա՛մ կը բանակցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանը, հետեւաբար` Լեռնային Ղարաբաղի հարցը տարածքային վէճ է երկու պետութիւններուն միջեւ, կա՛մ, եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի մասին, ապա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ երկու համայնք:
Հայկական կողմի մեկնաբանութիւնը` Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքը բանակցային ձեւաչափին չներառելու առումով, քաղաքականօրէն ընկալելի է: Այդ կարգավիճակը ունեցող ազրպէյճանցիները մասնակցած են Ազրպէյճանի ընտրութիւններուն. հետեւաբար բանակցող Ալիեւը կը ներկայացնէ նաեւ զիրենք:
Այժմ Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքին անունով Թուրալ Կանճայեւը, որ կը ներկայանայ իբրեւ այդ համայնքի նախագահ, միջազգային ընտանիքին անուղղակի հասցէագրուած ուղերձներ կը հրապարակէ, թէ իրենք պատրաստ են հայերուն հետ խաղաղութեամբ գոյակցելու Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սահմաններուն մէջ հակամարտութեան լուծումէն ետք:
Ազրպէյճան կը փորձէ լիարժէք օգտագործել գաղթականներու տունդարձի իրաւունքի սկզբունքը, Ստեփանակերտի բանակցային սեղանի միացման առաջադրանքին հակադրելով գաղթականական միաւորի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Մինչդեռ գաղթականներու տունդարձի խնդիրը չի կրնար միակողմանի բնոյթ ունենալ: Անկախ անկէ, որ բանակցային կէտերուն այս հարցը ներառուած է տարբեր փաստաթուղթերու` մատրիտեան, նորացուած մատրիտեան, քազանեան, լաւրովեան, թէ ԵԱՀԿ-ի տարբեր յայտարարութիւններուն մէջ: Հայ գաղթականներ կան Ազրպէյճանէն եւ հիւսիսային Արցախէն բռնատեղահանուած կամ ուղղակի փախած Պաքուի կազմակերպած ջարդերէն:
Հայկական կողմը բոլոր պատճառները ունի աշխուժօրէն արծարծելու Պաքուի ջարդարար քաղաքականութեան պատճառով հայ գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը` միջազգային տարբեր ատեաններու մօտ: Եւ այդ հարցի արծարծման առընթեր բարձրացնելու` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու Արցախի Հանրապետութեան վերակցման առաջադրանքը:
aztagdaily.com/archives/457386