«Լիպիոյ Խորհրդարանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ Կը Պահանջէ` Քննարկելու Համար Թրքական Միջամտութեան Հարցը
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Լիպիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Եուսեֆ Աքուրի քննադատեց Թուրքիոյ այն յայտարարութիւնը, թէ պատրաստ է Լիպիա զօրք ուղարկելու, եթէ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը այդ առաջարկը կատարէ:
Աքուրի նշեց, որ Լիպիոյ խորհրդարանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պիտի պահանջէ` քննարկելու համար Լիպիոյ մէջ թրքական միջամտութիւնը:
«Կը մերժենք այս սպառնալիքը եւ զայն կը նկատենք թրքական կառավարութեան կողմէ գերիշխան պետութեան մը մէջ բացայայտ միջամտութեան շարունակութիւն եւ ոչ սահմանադրական իշխանութեան մը պատկանող զինեալ խմբաւորումներու յստակ աջակցութիւն մը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու խախտում»:
Թուրք դիւանագիտական աղբիւր մը երէկ իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը Լիպիոյ հետ ծովային գօտիներու սահմանագծման յուշագիրը վաւերացման համար յղած է ՄԱԿ-ին` հակառակ զայն միջազգային օրէնքի ոտնահարում նկատող Յունաստանի առարկութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է Լիպիա զօրք ուղարկելու, եթէ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը այդ առաջարկը ներկայացնէ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է պաշտպանութեան մարզին մէջ Ֆայեզ Սարաժի գլխաւորած Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան աջակցելու, «եթէ կառավարութիւնը Թուրքիայէն խնդրէ»:
aztagdaily.com/archives/457350