Նասրալլա. «Հըզպալլա Վտանգ Չի Ներկայացներ Լիբանանցի Ժողովուրդին, Այլ` Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ծրագիրներուն»

Նասրալլա. «Հըզպալլա Վտանգ Չի Ներկայացներ Լիբանանցի Ժողովուրդին, Այլ` Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ծրագիրներուն»

14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն: Ան խօսքը բաժնեց 4 մասերու. առաջին` ամերիկեան վերաբերմունքը եւ ամերիկեան վերջին յայտարարութիւնները, երկրորդ` կառավարական կազմութեան թղթածրարը, երրորդ` ապահովական կացութիւնը, իսկ չորրորդ` կենցաղային կացութիւնը:

Ան նշեց, որ ամերիկացիները կը միջամտեն աշխարհին մէջ տեղի ունեցող որեւէ շարժումի եւ արագօրէն կը փորձեն շահագործել այս ժողովրդային շարժումները` ի նպաստ իրենց շահերուն եւ ոչ թէ ցուցարարներու շահերուն: Ան յայտնեց, որ ամերիկացիները աշխարհի մէջ կը բարձրանան ցոյցերու ալիքներուն վրայ եւ աջակցութիւն կը յայտնեն այս ցոյցերուն, սակայն այդ աջակցութիւնը կը նպաստէ միայն ամերիկեան շահերուն, եւ ատիկա կարելի եղաւ տեսնել «Արաբական գարնան», Հարաւային Ամերիկայի եւ արեւելեան Ասիոյ մէջ:

Նասրալլա աւելցուց, որ 17 հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ սկսած բողոքի ցոյցերէն ետք, Ճեֆրի Ֆելթման յայտնեց տեսակէտներ, կանչեց լիբանանցիներ եւ անոնց տուաւ բացատրութիւններ իրենց տեսակէտներուն վերաբերեալ: Ան յայտնեց, որ Քոնկրեսի կարգ մը անդամներ եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւս յայտնեցին տեսակէտներ, որոնց դիմաց պատասխան չստացան: Ան կանգ առաւ Փոմփէոյի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի խօսքերուն վրայ: Նասրալլա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Քրաֆթ ըսած է, որ ցոյցերը պիտի շարունակուին Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ, եւ ամէն տեղ, ուր Իրանը ներկայ է, եւ ոչ թէ որեւէ տեղ, ուր փտածութիւն կայ: Քրաֆթ յայտնած էր նաեւ, որ բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակուին, եթէ ճնշման գործիքները արդիւնք չտան: Նասրալլա ընդգծեց, որ ամերիկացիները այս ցոյցերուն կը նային իբրեւ Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու գործիք:

Նասրալլա յայտնեց, որ ամերիկացիները կարծեցին, թէ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը Իրանի դէմ են, բայց ոչ մէկ անդրադարձ կատարուեցաւ Իրանին ցոյցերուն ընթացքին, այլ` բոլոր կարգախօսները կը վերաբերէին ընկերային պահանջատիրական եւ տնտեսական դատերու: Նասրալլա աւելցուց, թէ ամերիկացիները առաջին օրէն կարծեցին, որ այս ցոյցերը ուղղուած են Հըզպալլայի դէմ` տրուած ըլլալով, որ կարգ մը արաբական եւ օտար լրատուամիջոցներ ամերիկացիներուն օգնեցին ցոյցերը պատկերացնելու Հըզպալլայի դէմ:

Սէյիտ Նասրալլա ծիծաղելի որակեց Փոմփէոյի այն յայտարարութիւնը, որ կը խօսի Հըզպալլան իրենց համակարգէն եւ երկրէն դուրս բերելու համար լիբանանցիներուն օգնելու մասին: Ան նշեց, որ ամերիկեան անհեթեթութիւն է կարծելը, որ կարելի է Հըզպալլան Լիբանանէն դուրս հանել: Նասրալլա նաեւ անդրադարձաւ իսրայէլեան յայտարարութիւններուն, որոնք պատմական առիթ կը նկատէին Լիբանանի կացութիւնը` թուլացնելու համար Հըզպալլան կամ օգտուելու համար Լիբանանի բնական կազի ու քարիւղի համաձայնագիրէն:

Սէյիտ Նասրալլա հպարտութիւն յայտնեց տարբեր մարզերու մէջ Հըզպալլայի ներկայութեան համար, հակառակ անոր որ ատիկա վէճի նիւթ կը դառնայ Լիբանանի մէջ` նշելով, որ Հըզպալլա վտանգ չի ներկայացներ լիբանանցի ժողովուրդին, այլ` շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրներուն:

Նասրալլա յայտնեց, որ ամերիկացիները Լիբանանի կենցաղային կացութիւնը կը շահագործեն, որպէսզի լուծեն իրենց համար Հըզպալլայի ներկայացուցած վտանգին հարցը: Անոնք լիբանանցիներուն կ՛ըսեն, որ եթէ կ՛ուզէք օգնել, պէտք է լուծէք Իսրայէլի հարցը: «Ինչ որ կ՛օգտագործուի Դիմադրութենէն ձերբազատուելու համար, կը ձախողի: Անոնք լիբանանցի ժողովուրդը շանթաժի կ՛ենթարկեն, այլ ոչ թէ շահագրգռուած են անոր բարօրութեամբ», շեշտեց Նասրալլա:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց ըլլալու զգօն եւ չենթարկուելու ամերիկեան հրահրումին` տագնապ եւ քաոս ստեղծելու համար:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հարցին` Նասրալլա յայտնեց, որ առաջին օրէն իսկ Հըզպալլա դէմ էր կառավարութեան հրաժարականին: Ան յոյս յայտնեց, որ երկուշաբթի օր տեղի ունենան երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որպէսզի վարչապետ նշանակուի: Ան բացատրեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը դիւրին պիտի չըլլայ` նշելով, որ աւելի ճիշդ կ՛ըլլար, որ կառավարութիւնը չհրաժարէր, եւ ժողովուրդը բողոքի ցոյցերու միջոցով անոր վրայ ճնշում բանեցնէր, որպէսզի կատարէ անհրաժեշտ բարեկարգումները: Ան նշեց, որ եթէ կառավարութիւնը գոյատեւէր եւ ժողովուրդը փողոցը մնար, այսօրուան կացութիւնը չէր պարզուեր: Ան անդրադարձաւ կենցաղային դժուար պայմաններուն, դեղորայքի տագնապին, դրամատուներու հարցին, գիներու բարձրացումին եւ գողութիւններուն:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ մէկ գոյնէ բաղկացած կառավարութեան կազմութիւնը չի բխիր երկրին շահերէն եւ չի կրնար օգնել, որպէսզի երկիրը դուրս գայ այս տագնապէն: Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց բոլորին մասնակցութիւնը այս նոր կառավարութեան: Ան նշեց, որ իրենք համաձայն չեն Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած պայմաններուն` կառավարութեան կազմին գծով:
Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց բարեկարգումներ կատարելու ունակ կառավարութեան կազմութիւնը, որուն անպայման մաս պիտի կազմեն Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը:

Նասրալլա յայտնեց, որ մինչեւ այս պահը տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած վարչապետի անունին շուրջ` նշելով, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը պիտի արտայայտէ իր կեցուածքը: Ան նշեց, որ վարչապետի նշանակումէն ետք, Հըզպալլա կը բանակցի նորընտիր վարչապետին հետ եւ կը գործակցի կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ:

Անդրադառնալով փողոցը տեղի ունեցած խնդիրներուն` ան նշեց, որ սխալ է այն խօսքը, որ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան յարձակեցան եւ զարկին` ընդգծելով, որ շարժումը եւ կուսակցութիւնը վերահսկողութեան տակ առին իրենց հետեւորդները, որպէսզի ոչ մէկ խնդիր ստեղծուի:

«Երբ Հըզպալլա եւ իր դաշնակիցները կ՛որոշեն փողոց դուրս գալ, անոնք գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի կազմակերպեն իրենց շարժումը», ընդգծեց Նասրալլա:

Անդրադառնալով կենցաղային կացութեան` Նասրալլա յայտնեց, որ մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, Հըզպալլա պիտի շարունակէ ընթացիկ գործերը կատարող կառավարութեան կոչ ուղղել ստանձնելու իր պարտաւորութիւնները ելեւմտական եւ կենցաղային հարցերուն մէջ: Ան աւելցուց, որ ժողովուրդը նաեւ պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ ընկերային համերաշխութեան միջոցով:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

aztagdaily.com/archives/457471

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail