«Արցախի Եւ Հայաստանի Միջեւ Օր Առաջ Պէտք Է Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքուի». Վ. Բալայեան

«Արցախի Եւ Հայաստանի Միջեւ Օր Առաջ Պէտք Է Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքուի». Վ. Բալայեան

14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ազրպէյճան ուժի սպառնալիքի լեզուով պատասխանեց Նիկոլ Փաշինեանի` արցախեան հիմնախնդիրը երեք ժողովուրդներուն համար ընդունելի տարբերակով լուծելու վերաբերող նախաձեռնութեան: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Վահրամ Բալայեան` անդրադառնալով պաշտօնական Պաքուի կողմէ ԵԱՀԿ-ի Նախարարներու խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման վերաբերող փաստաթուղթին, որուն մէջ Ազրպէյճան տագնապի լուծումը կարելի կը նկատէ միայն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան պարունակին մէջ:

«Երեք ժողովուրդների համար ընդունելի լուծումը ցանկալի գաղափար է, բայց` չաշխատող: Այդ գաղափարը ներկայ իրողութիւնների հետ համահունչ չէ, մենք չենք կարող մշտապէս բարի ցանկութիւններ ներկայացնել, փափուկ խօսել, երբ հարեւանը մշտապէս խօսում է ուժի սպառնալիքի լեզուով: Ազրպէյճանը 1994-ի զինադադարի ստորագրումից առ այս պահը ո՛չ միայն Արցախի մասին է խօսում, այլեւ` Զանգեզուրի, Երեւանի», դիտել տուաւ Վահրամ Բալայեան:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանի ներկայացուցած փաստաթուղթին, յոխորտանքներուն լաւապէս պատասխանը պիտի ըլլայ օր առաջ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը` դիտել տալով, որ այդպիսով Հայաստան աւելի անխոցելի կը դառնայ նաեւ դիւանագիտութեան բնագաւառին մէջ, իսկ Ազրպէյճանի համար յստակ կը դառնայ, որ երկու հայկական հանրապետութիւններն ալ մնայուն կերպով պատրաստ են դիմակայելու Ազրպէյճանի ռազմական հռետորաբանութիւնը եւ, պատերազմի պարագային, երկու հայկական հանրապետութիւններուն ժողովուրդը պաշտպանելու», նկատել տուաւ ան` աւելցնելով, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման ուղղութեամբ ներկայիս տեսանելի ոչ մէկ գործընթաց կայ:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի այն յայտարարութեան, որ ղարաբաղեան տագնապը բորբոքող իրական սպառնալիք է, ինչպէս նաեւ խօսելով վերջերս տեղի ունեցած Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին` Բալայեան յայտնեց, որ այդ վտանգը միշտ ալ կայ, ուստի պէտք է ոչ մէկ պարագայի փափուկ բարձի վրայ դնել մեր գլուխը եւ վստահիլ պարզապէս բանակցութիւններուն: «Համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդը միայն ու միայն բանակը, պետականութիւնը հզօր պահելու, ժողովրդական կառոյցները հզօրացնելու մասին պէտք է մտածի», եզրափակեց Բալայեան:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

aztagdaily.com/archives/457439

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail