Հայաստանի անվտանգութեան ուժերը կանխած են ահաբեկչական խումբի մը գործողութիւնները—Խեղաթիւրուած հարցեր հնարողներու վերջաւորութիւնը–

An armed group was neutralized in Nork Marash District, Yerevan

25 նոյեմբեր 2015
yerkir.am-ի նոր մանրամասներ են հայտնի դարձել այսօր Նորք-Մարաշում վնասազերծված հանցավոր խմբի ղեկավարի՝ Արթուր Վարդանյանի մասին: Մեր տեղեկություններով՝ նա Արցախյան ազատամարտի մասնակից Վալերի Վարդանյանի որդին է` «Հայոց Վահան» հասարակական կազմակերպության նախագահը:

Համացանցում առկա տեսանյութերից ենթադրվում է, որ նրա ստեղծած գունդը մասնակցել է Քեսաբի ազատագրմանը, սակայն թե որքանո՞վ է դա համապատասխանում իրականությանը, հայտնի չէ: Հետագայում «Հայոց Վահան»-ի որոշ անդամներ լքել են խումբը:

Լուսանկարում Արթուր Վարդանյանն է:
vahan-hamo
vahan-meg
Ինչպեն են Նորք–Մարաշի զինված խմբավորմանը վնասազերծում

Published on Nov 25, 2015
Tert.am News from all over the world
25 նոյեմբեր 2015

An armed group was neutralized in Nork Marash District, Yerevan
An armed group was neutralized in Nork Marash District, Yerevan

Երեւանի մէջ այսօր բացայայտուած է զինուած խմբաւորում մը, որ նպատակ կը հետապնդէր Հայաստանի տարածքին կազմակերպել շարք մը ահաբեկչական բնոյթի արարքներ, կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Ինչպէս կը հաղորդեն ԱԱԾ մամուլի ծառայութենէն, 2015 թուականին ՀՀ քաղաքացի, Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեանը, ժամանելով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է վերոնշեալ խումբը:

Նախնական համաձայնութեամբ, կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինաբար ձեռք բերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք, որ պահած են Երեւանի Նորք թաղամասին մէջ վարուած տան մը մէջ:

Որո՞նք Են Զինուած Յանցախումբի Հաւանական Անդամները
Նորք­ Մարաշ վարչական շրջանի 9-­րդ փողոցի առանձնատան մէջ վնասազերծուած յանցաւոր խմբաւորման պարագլուխ եւ խումբը հաւաքագրող Արթուր Վարդանեանը «Հայոց Վահան» կազմակերպութեան հիմնադիրն է: Ան «Ֆէյսպուք»ի մէջ արձանագրուած է «Վարդանանց իշխան» անուանումով եւ «Հայոց վահան»-­ի անուան ներքոյ Youtube ցանցի միջոցով տարածած է տեսանիւթեր, ուր խօսած է Քեսապի ազատագրութեան գործին մէջ իբր իր մասնակցութեան մասին:

Այն առանձնատան մէջ, ուր վնասազերծած են յանցաւոր խումբը, գտնուած է երիտասարդ աղջկայ լուսանկար, որ «Ֆէյսպուք»-ի մէջ արձանագրուած է որպէս Նելլի Մինասեան եւ տարածած է «Հայոց վահան»-ի, այսպէս կոչուած, զինանշանի նկարը:

Առանձնատան մէջ գտնուած են Հայաստանի պետական դրօշի վրայ «Հայոց վահան»-ի զինանշանով բազմաթիւ նկարներ` կասկածի տեղ չտալով, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ յիշատակուող Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեանը, որ ժամանելով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է յանցաւոր համագործակցութիւն, նոյն «Հայոց վահան» կազմակերպութեան ներկայացուցիչն է:

ՀՀ պետական արձանագրութեան գործակալութեան մէջ գրացուած է «Հայոց վահան մէկ» մարզամշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն արձանագրութեան ամսաթիւը նշուած է 2015-ի Յուլիս 24-­ը: Ի դէպ, որպէս կազմակերպութեան համահիմնադիրներ արձանագրուած են Արթուր Վալերիկի Վարդանեանը եւ Ստեփան Աշոտի Սումբուլեանը:
http://www.horizonweekly.ca/news/details/77054


Published on Feb 1, 2015
Այս գնդի գործունեությունը կապված չէ Արևմտյան Հայաստանի Վտարանդի Կառաավարություը հետ սակայն լավ կլիներ որ կապ լիներ:aram mkrtchyanphoto-aram mgrdichianaram mkrtchyan

aram yev aram

25 նոյեմբեր 2015
ԱԱԾ-ն «Զինուած Յանցախումբ» Մը Բացայայտած Է Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ բացայայտուած է կազմակերպուած եւ զինուած յանցախումբ [խմբաւորում – խմբ.], որ նպատակ կը հետապնդէ Հայաստանի տարածքին կազմակերպել շարք մը ծանր յանցագործութիւններ, կը հաղորդէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդեն ԱԱԾ մամուլի ծառայութենէն, 2015 թուականին ՀՀ քաղաքացի, Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեանը, ժամանելով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է յանցաւոր համագործակցութիւն: Նախնական համաձայնութեամբ, կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինաբար ձեռք բերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք, որ թաքցուցած են Երեւանի Նորք թաղամասի` այդ նպատակով վարձակալած առանձնատան մէջ:

«Նոյեմբեր 25-ին ոստիկանութեան հետ համատեղ խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ինքնաձիգեր, ատրճանակներ, նռնականետեր (որոնց մէջ «Մուխա» տեսակի), նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքեր, կապի միջոցներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, ռազմական հանդերձանք` որոնց մէջ զրահաբաճկոններ: Խուզարկութեան պահուն առանձնատանը, Արթուր Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, հաւաքուած եղած են յանցաւոր խմբակցութեան 9 անդամները, որոնք ձերբակալուած են:

ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 223-րդ յօդուածի 1-ի [Յանցաւոր համագործակցութիւն ստեղծել կամ յանցաւոր համագործակցութիւն ղեկավարել] եւ 2-րդ [Յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցիլ] մասերով եւ 235–րդ յօդուածի 3-րդ [Ապօրինի կերպով հրազէն, բացի ողորկափող հրազէնէ եւ անոր փամփուշտներէն, ռազմամթերք, ակօսափող հրազէնի փամփուշտներ, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերել, իրացնել, պահել, փոխադրել կամ կրել, որ կատարուած է կազմակերպուած խումբի կողմէ] մասով, կը կատարուի նախաքննութիւն»,- ըսուած է ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ:

Այսօր` աւելի շուտ, Shamshyan.com կայքը հաղորդած էր, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ նոյն ծառայութեան հակաահաբեկչական (Ալֆա) վարչութեան եւ Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան աշխատակիցները, իրացնելով ստացուած տեղեկութիւնները, Երեւանի մէջ կանխած են լուրջ եւ մեծ յանցագործութիւն մը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/?p=94376

26 նոյեմբեր 2015
hayodz vahan
Քեսապի Մէջ Տեղեակ Չեն Արթուր Վարդանեանի Եւ «Հայոց Վահան» Խմբակին Մասին
Սուրիա- Քեսապի մէջ տեղեակ չեն Արթուր Վարդանեանի մասին:

Այս մասին «Արեւելք» ճշդեց Քեսապի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ իրենք չեն լսած անոր գլխաւորած «Հայոց Վահան» խմբակին մասին կամ վերջինիս Քեսապի մէջ եղած մարտերուն մասնակցութեան մասին:

Նշենք, որ մէկէ աւելի կայքեր երէկ տեսանիւթեր տեղադրած էին, ուր զինուորական տարազ հագած Վարդանեան կը խօսէր Սուրիոյ պատերազմին իր մասնակցութեան մասին: Աւելի վաղ հաղորդած էինք վերջինիս գլխաւորութեամբ եւ տասը հոգիներէ բաղկացող խումբի մը ձերբակալման մասին:

Խմբակին դէմ մեղադրանք ցարդ չկայ, եւ հետաքննութիւնները կը շարունակուին: Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԱԾ-ն հաղորդած էր, որ յանցախումբը կը պատրաստուի մեծ յանցագործութիւններ կատարել Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ: Ձերբակալուածներուն մէջ կան սփիւռքահայեր:
http://arevelk.am/am/content/2/424/%D5%94%D5%A5%D5%BD%D5%A1%D5%BA%D5%AB-%D5%84%D5%A7%D5%BB-%D5%8F%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D5%A1%D5%AF-%D5%89%D5%A5%D5%B6-%D4%B1%D6%80%D5%A9%D5%B8%D6%82%D6%80-%D5%8E%D5%A1%D6%80%D5%A4%D5%A1%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB—-%D4%B5%D6%82-%C2%AB%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%B8%D6%81-%D5%8E%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%C2%BB-%D4%BD%D5%B4%D5%A2%D5%A1%D5%AF%D5%AB%D5%B6—%D5%84%D5%A1%D5%BD%D5%AB%D5%B6.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail