26 նոյեմբեր 2015
Հայաստանի եւ Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեանն ու Պրաթիսլաւ Կաշիչը զինուորական մարզին մէջ ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիր, որ հիմք պիտի ծառայէ 2016 թուականէն երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական մարզին մէջ աւելի աշխուժ համագործակցութեան:
Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնած է, որ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ քանի մը ուղղութեամբ` զինուորական իրաւագիտութիւն, զինուորական կրթութիւն, բժշկութիւն եւ խաղաղապահութիւն:
«Մեր յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ կրնանք այլ մարզեր եւս ընտրել եւ յարաբերութիւնները զարգացնել», յայտնած է Օհանեան` աւելցնելով, որ իր սերպ պաշտօնակիցին հետ քննարկած են նաեւ միջազգային եւ շրջանային զարգացումներուն, անվտանգութեան միջավայրին, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող հարցեր:
«Շատ կարեւոր քննարկում ունեցանք, արդիական հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակեցինք, խօսեցանք ապագայ համագործակցութեան մասին», յայտնած է Կաշիչ` աւելցնելով, որ ինք Սերպիոյ պաշտպանութեան առաջին նախարարն է, որ Հայաստան կ՛այցելէ:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/