Մենք Ընտրած Ենք Այստեղ Ապրիլը, եւ Ատիկա Մեզի Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հայերէն Տարբեր կը Դարձնէ. Մաշալեան

Սահակ եպս. Մաշալեան Պոլսոյ հայոց պատրիարք

Մենք Ընտրած Ենք Այստեղ Ապրիլը, եւ Ատիկա Մեզի Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հայերէն Տարբեր կը Դարձնէ. Մաշալեան

16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»

««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան հարցազրոյց տուած է թրքական «Sabah» թերթին՝ խօսելով նաեւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման մասին։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Մաշալեանը բանաձեւի ընդունման մասին նշած է. «Կան բաներ, որոնք պէտք չէ կարեւոր համարել։ Խորհրդարաններուն մէջ անընդհատ բանաձեւեր կ՝ընդունուին։ Անոնք այնպիսի բաներ չեն, որ մեզի հետաքրքրեն եւ ուղղակիօրէն մեր միջամտութիւնը պահանջեն։ Իբրեւ Թուրքիոյ հայեր` մեզի ցաւ կը պատճառէ, որ 100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կ՝օգտագործուին իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման միջոց։

Մենք կ՝ուզենք, որ այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած խնդիրին մասին այս հողերուն վրայ ապրող մարդիկ խօսին։ Յատկապէս կ՝ուզենք, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարգաւորուին, կողմերը կարենան երկխօսիլ։ Քանի որ կողմերը իրարու հետ չեն կրնար խօսիլ, խօսելու իրաւունքը կը վերապահուի երրորդ, չորրորդ կողմերուն, ովկիանոսի միւս կողմը գտնուողներուն։

Երանի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները հնարաւոր ըլլար կեանքի կոչել, Վիեննայի հանդիպումները իրականացնել, պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողովը հիմնել։ Այս ամէնը բաներ են, որ մենք պէտք է կարգաւորենք։ Քանի որ այս ամէնը կը յետաձգուին, հետեւաբար հարցը կ՝օգտագործուի իբրեւ լծակ Թուրքիան ճնշելու համար։

Այս նպատակով ասպարէզ բերուած «հայկական թեզը» այնպիսի զգացողութիւն կ՝առաջացնէ, որ մենք պարզապէս կ՝օգտագործուինք։ Ասիկա բարոյական չեմ համարեր։ Հարցը քաղաքական կողմ ունի։ Անիկա մեկնաբանելու հարցը քաղաքական գործիչներուն գործն է։ Ես քաղաքական գործիչ չեմ։

Իբրեւ հայ համայնք՝ մենք ընդելուզուած ենք Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ։ Մենք 100 տարի առաջ տեղի ունեցածը յիշելով մոռցանք, մոռնալով կը յիշենք։ Ասիկա Պոլսոյ հայ համայնքին ընտրութիւնն է։ Մենք ընտրած ենք այստեղ ապրիլը։ Եւ այդ հանգամանքը մեզի Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն տարբեր կը դարձնէ։ Քաղաքական հարցերը, որոնք կը ծաւալին Թուրքիոյ հայ համայնքէն դուրս, կամայ թէ ակամայ մեր վրայ ալ ազդեցութիւն կը ձգեն։ Նման հարցերու հրահրումը Թուրքիոյ մէջ, կ՝աւելցնէ ատելութեան խօսքը»։

Դեկտեմբեր 11-ին ազգային ներկայացուցչական ժողովը Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարք ընտրեց Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը

yerakouyn.com/2019/12/16/մենք-ընտրած-ենք-այստեղ-ապրիլը-եւ-ատիկա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail