Կիրօ Մանոյեան. «Մամետեարովը Վստահելի Աղբիւր Չէ, Ինչ Ալ Որ Ըսէ»
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
16 դեկտեմբերին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ինչպէս նաեւ «Լուրեր» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման եւ ղարաբաղեան տագնապին մասին:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին կարեւորութեան ու յառաջիկայ քայլերուն մասին խօսելով` Մանոյեան ըսաւ. «Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ կեդրոնանալը Սպիտակ տան վրայ, որպէսզի անոնք եւս Ցեղասպանութեան փաստը` իբրեւ այդպիսին ներկայացնելու քաղաքականութիւն որդեգրեն: Այս բանաձեւը պատմական է քանի մը առումով: Նախ Ծերակոյտը առաջին անգամ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ կ՛որդեգրէ, եւ երկրորդ` այս ձեւով Քոնկրեսի երկու պալատներն ալ` Ծերակոյտը միաձայնութեամբ, իսկ Ներկայացուցիչներու պալատը` գրեթէ միաձայնութեամբ վերահաստատեցին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրականութիւնը: Կը շեշտեմ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ մեղսակից դառնան Թուրքիոյ ժխտողականութեան քաղաքականութեան», յայտնեց Մանոյեան:
Անոր համաձայն, այլեւս չենք կրնար ըսել, թէ Միացեալ Նահանգները չեն ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը. «Ընդհակառակն` ընդունուած բանաձեւը նոյնինքն ճանաչման հիման վրայ է, երբ կ՛ըսեն` պէ՛տք է պատշաճօրէն ոգեկոչենք, պէ՛տք է մեղսակից չդառնանք ժխտողական քաղաքականութեան»:
Լրագրողին այն դիտարկման, թէ ասիկա արդեօք Միացեալ Նահանգներուն կողմէ արդարութեան վերականգնման փո՞րձ էր, թէ՞ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման արդիւնք` Մանոյեան նշեց. «Միայն ատիկա չէ, քանի որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները այնքան ալ վատ չեն: Եկէք յիշենք, որ Սպիտակ տունը Ներկայացուցիչներու տան մէջ չփորձեց նոյնիսկ արգելակել բանաձեւի ընդունումը, որովհետեւ այնտեղ մեծամասնութիւնը այլ կուսակցութիւն է` դեմոկրատականները: Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւնը հանրապետականներն են, բայց Սպիտակ տունը չյաջողեցաւ անընդհատ դէմ կանգնիլ հարցը լիագումարի օրակարգ բերելուն: Բոլորն ալ կը հասկնային, որ արդիւնքը այս պիտի ըլլայ»:
Մանոյեանի համաձայն, բանաձեւին ընդունումը անակնկալ չէր: Ան ընդգծեց, որ ասիկա ամերիկահայութեան, Հայ դատի յանձնախումբի տասնամեակներ շարունակ տարուած աշխատանքի արդիւնքն է:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` Ղարաբաղի տագնապին առնչուող բանակցութիւններուն մասին խօսելով, յայտնեց. «Իրականութեան մէջ կայ երեք թէզ. Ազրպէյճանը նախքան հանդիպումը հրապարակեց իր պատկերացումը. Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին հրապարակեց իր կարմիր գիծերը, եւ երրորդ` համանախագահող պետութիւններու մօտեցումները, որոնք հրապարակուեցան իրենց եռակողմ միացեալ հաղորդագրութեան մէջ. թէեւ իրենք այդպէս չեն ըսեր, բայց անոնք Մատրիտեան սկզբունքները եւ նախատեսուած քայլերն են: «Լաւրովի ծրագիր»-ը այն չէ, ինչ որ ոմանք մեր մօտ ընկալեցին, թէ` իբրեւ թէ անիկա կը պատկերացնէ Արցախի կարգավիճակը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: «Լաւրովի ծրագիր»-ը «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ու մէկ տարբերակն է, որ հաւանաբար միջնորդներուն կողմէ յառաջ կը մղուի, բայց չեմ կարծեր, թէ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը անոր շուրջ քննարկումներ կը կատարեն», դիտել տուաւ Մանոյեան:
«Հայաստանը կը փորձէ նոր մօտեցում ձեւաւորել: Անիկա աւելի մօտ է ԵԱՀԿ-ի տեսակէտներուն, քան Ազրպէյճանի հրապարակած փաստաթուղթինը` Մինսքի խմբակի համանախագահներուն: Մամետեարովը ինծի համար վստահելի աղբիւր չէ, ինչ ալ որ ըսէ», յայտնեց ան:
Կիրօ Մանոյեան կրկնեց, թէ չի բացառուիր, որ ԵԱՀԿ-ի միջնորդները որեւէ փաստաթուղթ առաջարկեն կողմերուն, օրինակ` փոխզիջումային տարբերակ, բայց հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ որեւէ փաստաթուղթի շուրջ չի բանակցիր:
aztagdaily.com/archives/457783