«Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Պիտի Կանխարգիլէ Թուրքիոյ Կողմէ Քիւրտերուն Կոտորածը» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Հրամանատարը
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԼԽԱՒՈՐ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը կ՛արտօնէ կանխարգիլել Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քիւրտերուն դէմ իրականացուելիք կոտորածները: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ռուտաու» կայքը:
«Ասիկա յստակ պատգամ մըն է, թէ 21-րդ դարուն մէջ ցեղասպանական արշաւներ գործադրելը անկարելի է: Այս որոշումը Թուրքիոյ պիտի ստիպէ դադրիլ քիւրտ ժողովուրդին դէմ ջարդեր գործելէ, ինչպէս նաեւ պիտի դադրեցնէ անոր արշաւանքը դէպի Ռոժաւա` սուրիական Քիւրտիստան», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է քիւրտ հրամանատարը:
aztagdaily.com/archives/457777