Փենթակոն Պատասխանած Է Միացեալ Նահանգներու Համար Ռազմակայանները Փակելու Էրտողանի Յայտարարութեան
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»
Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ ռազմակայանները կ՛օգտագործեն միայն Անգարայի արտօնութեամբ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի մէջ այսպէս արձագանգած են ամերիկացի զինուորները զիրենք երկրին ռազմակայաններէն վռնտելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքին:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած են, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան ուժերուն կարգավիճակը կը նկատուի իբրեւ «ՕԹԱՆ-ի գծով համագործակցութեան եւ զինուորական գործընկերը ու դաշնակիցը պաշտպանելու բազմամեայ յանձնառութեան խորհրդանիշ»:
Փենթակոնի ներկայացուցիչը նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ձգտի պահպանել այդ յարաբերութիւնները` «Թուրքիոյ կոչ ուղղելով «Էս-400»-ներու հարցին եւ այլ վիճելի հարցերուն մէջ կառուցողական քաղաքականութիւն վարելու»:
15 դեկտեմբերին, Էրտողան յայտարարած էր, որ Ուաշինկթընի կողմէ հանրապետութեան դէմ պատժամիջոցներ հաստատուելու պարագային, Անգարա կրնայ Միացեալ Նահանգներուն համար փակել Ինճիրլիքի ռազմակայանը, ուր կը պահուին ամերիկեան «Պի61» հիւլէական ռումբեր, եւ Քիւրեճիք ռազմակայանը, որ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի բաղկացուցիչ մասն է:
aztagdaily.com/archives/457804