Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը. ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը

17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած է ճանչնալ ամերիկացիներու կողմէ կարմիր հնդիկներու «ցեղասպանութիւն»-ը` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:

«Մենք նոյնպէս պէտք է հանդէս գանք ձեր դէմ մեր խորհրդարանի նմանատիպ որոշումներով: Եւ մենք ատիկա պիտի ընենք: Արդեօք կարելի՞ է լռել կարմիր հնդիկներու մասին, երբ կը խօսիս Ամերիկայի մասին: Ատիկա Միացեալ Նահանգներուն համար ամօթալի էջ է», նշած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս նշած է, թէ իրենք «բացած են արխիւները` միլիոնէ աւելի փաստաթուղթեր 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ»:

Սպառնալով ընդունիլ ամերիկացիներու կողմէ կարմիր հնդիկներու ցեղասպանութիւնը` Թուրքիոյ ղեկավարը առանձին յիշատակած եւ նշած է, որ կարելի չէ մոռնալ նաեւ ֆրանսացիներուն «Ռուանտայի եւ Ալճերիոյ մէջ կատարած սպանութիւնները»:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/457803

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail