Յ ՊԱԼԵԱՆ – Ինչո՞ւ Սփիւռք Գալ Եւ Զեկուցել, Երբ Որոշողը Միայն Երեւանն Է
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յ. Պ.
Կարծէք սփիւռք(ներ)ը թատրոնի բեմ է: Հայաստանէն կու գան զանազան մակարդակի ղեկավարներ` պետական, կուսակցական, մշակութային եւ այլ, կը զեկուցեն: Կը ծափահարուին: Յետո՞յ: Ծափերէն տարբեր ընելիք ունի՞ սփիւռք(ներ)ը: Այդ ծափերուն մաս կը կազմեն` քարոզչութիւնը, ընդունելութիւնները եւ տեւաբար յիշուող օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը:
Սփիւռքի ազգային-քաղաքական իրաւունքը եւ իրաւասութիւնը սրտցաւութեան եւ խանդավառութեան սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Ինքնագոհութեան համար ան կարծիքներ կրնայ յայտնել, յօդուած գրել, նոյնիսկ հանրաժողով կազմակերպել, համաձայնութիւն յայտնել կամ քննադատել, որոնք կը մնան օդին մէջ: Միակ գոհունակութիւնը կը կայանայ, բախտաւոր պարագային, ձեռք թօթուելու, պետական գործիչ մը կամ անոր կինը հիւրընկալելու մէջ:
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ սփիւռքի մասին եթէ խօսուի անգամ, այդ մենախօսութիւն կ՛ըլլայ: Հոն կը խօսուին եւ հոն կ՛որոշուին սփիւռքի վերաբերող հարցերը. հայրենադարձութիւն, լեզուի հարց, ստացուած օժանդակութեան նպատակ: Յաճախ ըսած եւ գրած եմ, որ ազգի համրանքի կէսէն աւելին, կը գտնուի կառքի հինգերորդ անիւի վիճակին մէջ: Այդքա՛ն:
Բայց լաւ կը հնչէ լսել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւն տարազը:
Սփիւռք(ներ)ի նկատմամբ կայ զգացական չարաշահութիւն: Ինչո՞ւ Հայաստանի պետական անձը, կամ կուսակցութիւններուն մէկուն կամ միւսին ներկայացուցիչը Պէյրութ, Նիւ Եորք, Փարիզ, Լոս Անճելըս, հեռաւոր Սիտնի եւ Մոնթէվիտէօ պիտի երթայ, պիտի խօսի: Զինք լսողներէն միտք, ակնկալութիւն կամ քննադատութիւն պիտի տանի՞ իրեն հետ, հոն անոնք արձագանգ պիտի գտնե՞ն, գտա՞ծ են մինչեւ այսօր: Ինչո՞ւ այս թատրոնը: Սոսկ հայրենակարօտ սրտե՞ր հովահարելու:
Միասնութիւնը դատարկաբանութիւն է, երբ չկան համագործակցութիւն, մասնակցութիւն,յանձնառութիւն, իրաւունքով եւ պարտաւորութեամբ ճշդուած: Անշատախօսութիւն, բարեսիրութիւն, բարեսրտութիւն չէ: Անոր իրաւութիւնը փոխճանաչուած մէկութիւնն է, որ չկայ: Հայաստան այցելող երեւելին կը տեսակցի մեծի մը հետ` քաղաքական, կրօնական, գործարարական, մարզական կամ մշակութային, թերթի մէջ լոյս տեսած կամ հեռատեսիլէն սփռուած անոր պատկերը ԵՍ կը շոյէ, այդքա՛ն: Յիշել հինգերորդ անիւը: Այս դերով բաւարարուողները մեծ թիւ են եւ կը սնուցանեն սփիւռք(ներ)ի հին-նոր ջոջականութիւնը, էսթեպլիշմընթը:
Այս մասին մտածեցի, երբ կարդացի Րաֆֆի Ֆիլիփ Գալֆայեանի ֆրանսերէն յօդուածը` Հայաստանի ներքին կեանքը յուզող դատական, սահմանադրական, կառուցային հարցերու մասին: Սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան քանի անձեր պիտի կարդան իրազեկի այդ էջերը, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի բարելաւման, օգտակար նաեւ` ծափահարելու հակամէտ սփիւռք(ներ)-ին, որպէսզի խստաբիբ հետեւի, պահանջէ:
Ր. Ֆ. Գալֆայեանի միտքերը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), իրաւագէտներու եւ մտաւորականութեան բովէն անցնելով, որպէս հաւաքական ըմբռնում կը ներկայացուին՞ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին: Սահմանադրական օրէնքի, օրինականութեան, միջազգային օրէնսդրութեան համապատասխանութեան ճամբով յարգելի երկիր ըլլալու խնդիր ունինք, միջազգային վարկ ապահովելու: Օրէնքներով պէտք է յաղթահարել տարակարծութիւնները` եւ խուսափիլ մենատիրական փորձութենէ եւ փորձանքէ, որ կը շրջանցէ օրէնք եւ օրէնսդրութիւն:
Հայաստանի կեանքը դիտելէ ետք Ր. Ֆ. Գալֆայեան մեզ կը հրաւիրէ մտածելու.
«Ժողովրդական նեցուկը ամէն բան չ՛արդարացներ: Եթէ սահմանադրութիւնը այլեւս յարմար չէ, թող սահմանադրական բարեկարգումի ձեռնարկուի: Միջոցին, ան պէտք է յարգուի» (ընդգծ. Յ.Պ.):
Հրապարակի վրայ հաւաքուած ժողովուրդը ոչ սահմանադրութիւն է եւ ո՛չ Սահմանադիր ժողով: Ամբոխ է: Ր. Ֆ. Գալֆայեան կը շարունակէ: Կը մէջբերեմ.
«ՄԱԿ-ի 26 սեպտեմբերի Ընդհ. ժողովին կատարած իր յայտարարութեամբ, վարչապետը ընկերութեան եւ տնտեսութեան ներկայի բոլոր ցաւերը կը վերագրէ նախկին փտած (կոռումպացուած) ղեկավար ընտրանիին: Այս խօսքը սահման ունի: Դատապարտել անոր դրամական կարողութիւններու վնասակար ուժը եւ միաժամանակ ընդունիլ, որ իր կնոջ` Աննա Յակոբեանի ստեղծած հիմնադրամը ստանայ անոնց նուիրատուութիւնները, շատ ալ հետեւողական ընթացք չէ»:
Ր. Ֆ. Գալֆայեան կը նշէ վարչապետին հակասութիւնը.
«Յայտարարել, որ մնայուն զարգացման եւ մարդկային իրաւանց հետապնդումը ամբողջ մը կը կազմէ, բայց բրտութիւն բանեցնել Քոչարեանի եւ Սարգսեանի կառավարութիւններուն դերակատարներուն եւ համակիրներուն վրայ` նոյնքան ալ հետեւողական չէ: Ինչ կը վերաբերի վարչապետին, որ իր ամբողջ ընտրապայքարը կառուցեց իր նախորդի իշխանական ծայրայեղութիւններուն վրայ, հարկ է նշել, որ ոչ միայն զանոնք չբարեկարգեց, այլ զանոնք շեշտեց` ջնջելով հինգ նախարարութիւններ, ուժեղացնելով իր անձնական իշխանութիւնը եւ վարչութիւնը»:
Պարզ է. դրամը ո՛չ գոյն ունի, ո՛չ բարոյական: Իսկ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան համար սեփական իշխանութեան ուժեղացումը ուրիշ տեղ կը տանի… Ահազանգ` լսողներուն համար:
Դիտողի իմաստուն դատում կ՛ընէ Ր. Ֆ. Գալֆայեան.
«Խնդիրները այնպէս են, որ անկարելի է մէկ անձի համար առանձին գլխաւորել ռազմավարական մտածողութիւն մը եւ կազմակերպ գործունէութիւն մը, մանաւանդ երբ անմիջական շրջապատը կազմուած է առանց քննական միտքի եւ անփորձ պալատականներէ: «Զուարճալի» է տեսնել 28 տարեկան նախարար մը, որ նշանակման պահուն կ՛ըսէ, որ ինք արդէն ունի նշանակալից փորձառութիւն»:
Այս բոլորը կը յիշեցնեն հռոմէացի լեգէոններու վերաբերումը «բարբարոս» համարուած երկիրներու հանդէպ երբ կը գրաւէին: Միթէ չկա՞ն փորձառու տնտեսագէտներ, պատմաբաններ, ակադեմիկոսներ… Ո՞ւր են անոնք:
Ր. Ֆ. Գալֆայեանի դիտարկումները կրնան լուսաւորել ներկան եւ նպաստել քաղաքական միտքի հասունացման: Կը կարդանք.
«Ճիշդ է` փտածութիւնը (կոռուպցիա) վտանգ կը սպառնայ ազգային շահերուն, բայց նախկին երկու ղեկավարներու` Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ իրենց գործակիցներուն վերագրել այդ գործելաձեւը, այդ ախտի յառաջացման պատճառներուն վրայ կ՛ազդէ՞: Չեմ խորհիր, քանի որ ախտը արմատացած է մտայնութիւններու մէջ` խորհրդային հանրապետութեան ծնունդէն ի վեր եւ փոխանցուած` սերունդէ սերունդ: Եսասիրական անհատապաշտութիւնը սանձարձակ դարձաւ Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ, կարեւորելով անհատական շահը եւ անգիտանալով պետականը:… Անոնցմէ ոմանք դատել որպէս օրինակ այլոց, անկասկած անհրաժեշտ է, ամբողջ ընկերութեան նախազգուշացման համար, բայց բաւարար չէ եւ ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնէ ներկայի դատական հալածանքը կարգ մը անձերու դէմ, ի գին սահմանադրութեան ծանրակշիռ խախտումներու: Աւելի՛ն. հարկ է կրկին եւ կրկին կրկնել, որ եթէ պէտք է վերացնել բոլոր այն անձերը, որոնք փտած (կոռումպացուած) անցեալ մը ունին, մենք պիտի յանգինք հայկական պետութեան անհետացման: Ներկայ կառավարութեան կարգ մը խորհրդականներ կամ խորհրդարանական մեծամասնութեան անդամներ զերծ պիտի չմնան: Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու «հրաժարումներ»-ը ցոյց կու տան այս ինքնաքանդումի սահմանները»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ինքնատիպ ժողովրդավարական եւ սահմանադրութեան յարգումի ըմբռնումի մասին կը կարդանք.
«… կ՛ըսէ (վարչապետը) որ ոչ մէկ ձեւով Սերժ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան Հայաստանի մէջ կրկին կրնան քաղաքական գործունէութիւն ունենալ: Այդ յայտարարել եւ միաժամանակ ժողովրդավարութիւն հաստատել` հակասական են, քանի որ ինք չէ, որ այդ կ՛որոշէ, այլ այդ կ՛որոշեն քուէատուփերը»:
Արդարեւ, ժողովրդավարութիւնը կ՛արտայայտէ հաւաքական կամք, որ քուէատուփին մէջ է եւ ղեկավարին սեփականութիւնը չէ:
Վարչապետը վտանգաւոր արտայայտութիւն մը ունեցած է նաեւ մեր դարաւոր աւանդութեան եւ սահմանադրական կարգին դէմ: Ր. Ֆ. Գալֆայեան կը գրէ.
«… մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, 23 սեպտեմբերին, Լոս Անճելըս, վարչապետը յայտարարեց, որ անկարելի չէ, որ կառավարութիւնը միջամտէ եկեղեցիի հարցերուն: Յայտարարեց, որ եթէ հայ ժողովուրդը ուզէ, որ կառավարութիւնը միջամուխ ըլլայ եկեղեցիի գործերուն, այն ատեն կառավարութիւնը այդ օրակարգ կը դարձնէ եւ կը քննէ, թէ գործնական միջոցներ կա՞ն այդ ընելու»:
Ո՞ւր կը մնայ կրօնական եւ աշխարհիկ իշխանութիւններու անջատումը: Եկեղեցին ունի իր կանոնագրութիւնը, անով կարելի է եկեղեցին պահել, կազմակերպել, բարեկարգել, բայց ոչ հրապարակի վրայ հաւաքուած մարդոցմով: Ամբոխահաճութիւնը (populisme) եկեղեցի պէտք չէ բերել:
Ր. Ֆ. Գալֆայեան ընդվզումով կը գրէ.
«ՄԱԿ-ի եւ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներու առջեւ ան (վարչապետը) ըսած է, որ` «անհրաժեշտ է յստակացնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարդկային իրաւունքներ, ո՞վ մարդ է, ո՞վ կրնայ տէր ըլլալ այդ իրաւունքին: Կարգ մը պարագաներու անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ ճշդել, թէ ոմանք նուազ մարդկային են, քան ուրիշներ…»: Այս նոյն ա՞նձն է, որ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կը պաշտպանէ մարդու իրաւունքները: Այս խօսքերը կրնային ձախաւեր համարուիլ, եթէ զանոնք նկատի չունենայինք սահմանադրական իրաւունքի բացայայտ խախտումներու տեսանկիւնէ»:
Հարցում. ի՞նչ պէտք է ընել ուրիշներէ նուազ մարդկային եղողներուն: Ֆրանսական Յեղափոխութեան Ռոպեսփիե՞րը պէտք է հրաւիրել, որ գայ իր կիյոթինով գլուխներ կտրելու համար… կամ Հիթլե՞րը:
Իրազեկ յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ օրէնքները շրջանցող ինքնակալական փորձութիւնը.
«Վարչապետին կողմէ սահմանադրական կարգի ներկայի խախտումները այնքան կոշտ են, որ կարելի է հակաօրինական համարել Սահմանադրական դատարանի գերագոյն որոշումները, մասնաւորաբար` Ռ. Քոչարեանի պաշտպանութեան ստեղծած հարցերով (վարչապետը մի՞թէ աւելի իրաւասութիւն ունի, քան սահմանադրական դատաւորները, կամ Վենետիկի Յանձնաժողովի իրազեկները), կամ հրապարակաւ հրահանգելու դատաւոր Աննա Դանիբէկեանին` իր որդեգրելիք ընթացքը, ինչ կը վերաբերի Ռ. Քոչարեանի պայմանական ազատ արձակման դիմումին»:
Հարցումը ամբաստանութիւն է, եթէ որպէս այդպիսին դիտուի, դատական հարց պէտք է յարուցուի:
Հարկ է ուշադրութեամբ քննել Ր. Ֆ. Գալֆայեանի ըսածը, որպէսզի ապագային չըսուի, որ չէինք գիտեր: Կը կարդամ.
«Հայաստանի վարչապետի գործելաոճը զինք կը մօտեցնէ նախագահ Էրտողանին (2016-ին ան մերժած էր Սահմանադրական դատարանի «անօրինական» որոշումները, որ կը պահանջէր անտեղի կերպով բանտարկուած երկու լրագրողներու ազատ արձակումը): Զուգահեռ մը կարելի է գծել պետական բոլոր կառոյցներուն եւ քաղաքացիական շրջանակներուն մէջ, Կիւլենի շարժումով վարակուած ըլլալու ենթադրութեամբ, Էրտողանին կատարած մնայուն մաքրագործումներուն, եւ Հայաստանի վարչապետին հայկական կառոյցներուն մէջ նոյնը ընելու, քաղաքայիններու եւ կրօնական շրջանակներու մէջ բոլոր անձերու հանդէպ, որոնք կրնան ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցած ըլլալ Հանրապետական կուսակցութեան նախկին կառավարութեան կամ Ռ. Քոչարեանի հետ»:
Կրկին կարդալ եւ բեմադրել Արթըր Միլըրի «Սալեմի վհուկները»… եւ հարց տալ, թէ ո՞ւր կ՛երթանք:
Եւ դեռ` յապաւումներով.
«Յարձակումները Սահմանադրական դատարանի անդամներուն դէմ եւ զանոնք պաշտօնազրկելու բացայայտ միտումը ծանրակշիռ խախտումներ են սահմանադրութեան, որ կ՛արգիլէ անոնց պաշտօնէ հեռացումը:… Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովը, կառավարութեան դիմումին վրայ, բացարձակ կերպով մերժած էր անոր փաստարկումը` յիշեցնելով, որ սահմանադրութեան թիւ 213 եւ 215 յօդուածները յստակօրէն կը նախատեսեն` առանց երկդիմութեան ու շփոթի, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ անդամները, նշանակուած` օրէնսդրական նոր լրացումներէ առաջ, իրենց պաշտօնին վրայ կը մնան մինչեւ իրենց շրջանի աւարտը (պաշտօնի վրայ մնալու տարիքի սահմանը 70 է)»:
Կը կարդանք. «Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը բոլորովին աննախընթաց նախաձեռնութեամբ մը, զօրակցութեամբ արդարադատութեան նախարարին, կը պահանջէ ընդունիլ օրէնք` Սահմանադրական դատարանի նախագահը պաշտօնանկ կարենալ ընելու համար: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ պետութիւն կայ, ուր կարելի ըլլայ նման նախաձեռնութեան դիմել: Այս սկզբունքի հանդէպ ամէն զանցում կ՛ըլլայ յեղաշրջում (պետական հարուած), որ պիտի ձգտի մենատիրութեան (dictature) (ընդգծ. Յ. Պ.): Անկարելի է կառավարական հրամանագրով կամ խորհրդարանական օրէնքով մը պաշտօնանկ ընել դատաւորները` բացի այն պարագայէն, երբ կարելի կ՛ըլլայ փաստել, որ յիշեալ դատաւորները «ոճիր» գործած են»:
Ր. Ֆ. Գալֆայեան կ՛եզրակացնէ.
«Այսօր ես ամբողջական զօրակցութիւնս կը յայտնեմ Սահմանադրական դատարանին, անոր նախագահին եւ անդամներուն, եւ կը մաղթեմ, որ անոնք դիմադրեն հակասահմանադրական անընդունելի եւ անարգ ճնշումներուն պետութեան մը, որ միջազգային բեմի վրայ կը դրուատէ ժողովրդավարութիւնը»:
Ո՞ւր կը տանին նորանկախ Հայաստանը: Հրէի եւ հեթանոսի պայքարով անուժ երկի՞ր մը պիտի ունենանք: Կարդալ եւ տարածել Ր. Ֆ. Գալֆայեանի յօդուածը, որ արդէն լոյս տեսած է ֆրանսերէնով եւ արեւելահայերէնով:
Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, որ չէինք լսած, չէինք գիտեր:
10 հոկտ. 2019, Քուինզ, Նիւ Եորք
aztagdaily.com/archives/457735