ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Փոխադարձ Պատժամիջոցէ Մը Աւելին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Փոխադարձ Պատժամիջոցէ Մը Աւելին

17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կը գտնուին վատառողջ վիճակի մէջ, եւ անոնց շուրջ ստեղծուած են հարցականներ:

Մինչ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շարունակ կը յայտարարէ, որ իր երկիրը ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու մտադրութիւն չունի եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ փորձ չի կատարեր` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 15 դեկտեմբերին յայտարարեց, որ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման պարագային Անգարան կրնայ Միացեալ Նահանգներու համար փակել Ինճիրլիքի եւ Քիւրեճիք ռազմակայանները:

ՕԹԱՆ-ի անդամի մը կողմէ այդպիսի քայլ մը չի կրնար իբրեւ փոխադարձ պատժամիջոց ընկալուիլ, որովհետեւ աւելի ծանր է եւ ունի աւելի լուրջ իմաստ ու հետեւանք` նկատի ունենալով այդ ռազմակայաններուն կարգավիճակը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ ներկայացուցիչը, անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութեան, նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու կարգավիճակը կը նկատուի իբրեւ «ՕԹԱՆ-ի գծով համագործակցութեան եւ զինուորական գործընկերն ու դաշնակիցը պաշտպանելու բազմամեայ յանձնառութեան խորհրդանիշ»` նշելով, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի պահպանել այդ յարաբերութիւնները եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ «Էս-400»-ներու հարցին եւ այլ վիճելի հարցերուն մէջ կառուցողական քաղաքականութիւն վարելու»: Կոչ մը, որուն ետին կարելի է լսել անոր յաջորդող լռելեայն «այլապէս»-ը:

Փենթակոնի ներկայացուցիչը նշեալ ռազմակայաններուն խորհրդանիշ ըլլալնուն վերաբերեալ յիշեցումը կը կատարէ` տողատակի փոխանցելու համար այն սպառնալիքը, թէ այդ խորհրդանիշի կորուստը չի կրնար անհետեւանք մնալ եւ չազդել Թուրքիոյ` Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն, «համագործակցութեան ու ռազմական գործընկերութեան» վրայ, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք այն իրողութիւնը, որ Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ կը պահուին ամերիկեան «Պի61» հիւլէական ռումբեր, իսկ Քիւրեճիք ռազմակայանը Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի բաղկացուցիչ մասն է: Վերջինիս փակման ժխտական իմաստը առաւել եւս կը շեշտուի Ռուսիայէն հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման լոյսին տակ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը նաեւ կը նշէ, թէ Ուաշինկթըն կը ձգտի պահպանել Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան, զինուորական գործընկերութեան ու դաշնակցային յարաբերութիւնները: Այլ խօսքով` այդ յարաբերութիւններուն խանգարման պարագային միակ մեղադրելին Թուրքիան պիտի նկատուի, որովհետեւ մերժեց ընդառաջել «Էս-400»-ներու հարցի եւ այլ վիճելի հարցերու մէջ կառուցողական քաղաքականութիւն» վարելու կոչին:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

aztagdaily.com/archives/457742

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail